2009-08-08 09:20:02

Ակնարկ մը միջազգային դէպքերու


Ակնարկ մը միջազգային դէպքերու

ՄՈՍԿՈՒԱ.- Հաւաքական ապահովութեան ուխտի (ՀԱՈՒ) կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Նիքոլայ Պորտուժա Հինգշաբթի, Օգոստոս 6ին տուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնած է, թէ «Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին խաղաղ լուծման այլընտրանք գոյութիւն չունի»։

Ան ըսած է, որ մէկ տարի առաջ Կովկասի մէջ տեղի ունեցած դէպքերը անգամ մը եւս ցոյց տուին, որ ուժի գործածութիւնը պետութիւններու միջեւ հարցերու լուծումի չ՛առաջնորդեր։ «Միայն կողմերուն կողմէ միասնաբար առնուած խաղաղ որոշումները կրնան Կովկասի մէջ խաղաղութիւն ապահովել», նշած է ան։



Քոլորատօ Նահանգը Օգոստոս 5ը Կը Հռչակէ Ցեղասպանութեան Յիշատակի Օր

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Քոլորատօ նահանգի կառավարիչ Ղիլ Ռիթըր Օգոստոս 5ը յայտարարած է «Ցեղասպանութեան յիշատակի օր», եւ այս մասին կատարած իր պաշտօնական յայտարարութեան մէջ ըսած է. «Քսաներորդ դարու ճանչցուած առաջին Ցեղասպանութիւնը տեղի ունեցած է Հայաստանի մէջ, որուն ընթացքին աւելի քան մէկ միլիոն հայեր ջարդուած են: Այս ցեղասպանութենէն ետք մենք նման ոճիրներու ականատես եղած ենք շարունակաբար: Մենք պարտաւոր ենք ճանչնալ տեղի ունեցածը, որպէսզի երաշխիք ունենանք, թէ նման արարքներ պիտի չկրկնուին: Այսօր հաւաքուած ենք հոս, պնդելու համար, թէ չենք կրնար հանդուրժել ցեղասպանութիւնը»:

Յայտնենք, թէ Քոլորատոն Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչցած է 1981ին, նահանգապետի հռչակագիրով, իսկ վերջին 8 տարիներուն, Ապրիլ 24ը «Հայկական Ցեղասպանութեան յիշատակման օր» հռչակուած է Քոլորատոյի խորհրդարանին ու Ծերակոյտին կողմէ:



Մինչ մեծերը ապազինում կը ծրագրեն, փոքրերը աշխատանք կը տանին տարածելու հիւլէական զէնքերը



Մինչ երկու մեծերը Մոսկուայի մէջ կը համաձայնին նուազեցնել իրենց ռազմավարական զինամթերքը, մնացեալ պետութիւնները աշխատանք կը տանին տարածելու հիւլէական զէնքերը։ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա յայտարարած է, թէ ինք կը զօրակցի հիւլէական զէնքերէ զերծ աշխարհի մը ստեղծման տեսլականին։ Ֆրանսան կը յիշեցնէ, որ ինք ապազինումի տիպար աշակերտ մըն է, սակայն այս խօսակցութիւնը կը մնայ ապարդիւն եւ անարձագանգ։

Չինաստան եւ Իսրայէլ կ'արդիականացնեն իրենց զինանոցը։ Իսրայէլ, որ կը վախնայ իր գոյութեան վրայ, չուզեր վերջ դնել իր հիւլէական կարողութիւններուն շուրջ անորոշութեան։

Իրանեան հարցը կը սպառնայ ցնցել ուրիշ պետութիւններ, որոնք հիւլէական աշխարհին մէջ կը կոչուին սահմանակից պետութիւններ եւ պատճառել շղթայական հակազդեցութիւններու շարք մը, որ կը տկարացնէ ամերիկեան նոր ղեկավարութեան ջանքերը։ Իրանի մրցակիցները չեն ուզեր, որ Թեհրան ձեռք ձգէ զինուորական, դիւանագիտական եւ քաղաքական առաւելութիւններ՝ տիրանալով հիւլէական ռումբին։ Եգիպտոս հիւլէական գիտութեան ծանօթ է եւ պատճառներ ունի Իրանի եւ Իսրայէլի մակարդակին հասնիլ ուզելու։ Թուրքիա եւս հիւլէական գիտութեան ծանօթ է։ Թուրք զինուորականներ կանոնաւոր կապի մէջ են փաքիստանցի զինուորականներու հետ։

Պետութիւններու անուանացանկը կրնայ երկարիլ, բայց շատեր կը մնան անյայտ։ Այս պատճառով է, որ Օպամա կը յայտնէ, թէ Ռուսիա եւ Միացեալ Նահանգներ պէտք է օրինակելի դառնան ապազինման գործընթացին մէջ, որովհետեւ երկու պետութիւններուն կը պատկանի աշխարհի հիւլէական զինամթերքին 90 առ հարիւրը։ Օպամա կը յուսայ, որ այս կեցուածքը դրական ազդեցութիւն ունենայ այն երկիրներուն վրայ, որոնք կը փորձեն օժտուիլ հիւլէական զէնքերով։



Գողցուած հազարաւոր հնութիւններ եւ արուեստի գործեր վերադարձուած

են Իրաք։

Հոլանտա Իրաքի վերադարձուցած է հնադարեան քանի մը տասնեակ իրեր, որոնք երկրէն գողցուած էին 2003-ին՝ Միացեալ Նահանգներու գլխաւորած ներխուժումէն ետք։

Հոլանտացի արուեստի վաճառականներ 69 իրեր յանձնած են, երբ Միջազգային ոստիկանութիւնը յայտնաբերած է անոնց ապօրինի պատկանելիութիւնը։

Վերադարձուած գործերուն շարքին են թրծուած կաւէ բարձրաքանդակ մը, որ կը պատկերէ աղօթող մօրուքաւոր տղամարդ մը, եւ կ'ենթադրուի, թէ աւելի քան 2000 տարուան հնութիւն ունի։ Իրաքէն տասնեակ հազարաւոր իրեր գողցուած են՝ ներխուժումին յաջորդած քաոսային կացութեան մէջ։ Հակառակ այս իրերը գտնելու միջազգային ճիգերուն՝ անոնց կէսը հազիւ վերադարձած է։ Հոլանտայի կրթութեան, մշակոյթի եւ գիտութեան նախարար Ռոնալտ Փլասթերք կ'ըսէ, թէ աշխարհը պէտք է փայփայէ եւ պատուէ Իրաքի պատմութիւնը՝ իբրեւ քաղաքակրթութեան օրրան։ Այս իրերը շատ բան կը կորսնցնեն իրենց արժէքէն, եթէ գողցուած են իրենց յայտնաբերուած վայրէն, կ'աւելցնէ ան։







All the contents on this site are copyrighted ©.