2009-08-07 06:50:09

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը եւ վատիկանեան տեղեկութիւններ


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը եւ վատիկանեան տեղեկութիւններ

կարտինալ Անճելօ Գոմասդրին` աւագերէցը Վատիկանի Պազելիքային հոգեհանգստեան պատարագ կը մատուցէ Պօղոս Զ Քահանայապետի մահուան 31րդ տարելիցին։ Նոյնպէս Գասդել Կոնտոլֆօ սուրբ Թոմաս ժողովրդապետութեան մէջ, շրջանի երեք եպիսկոպոսները, առաւօտեան ժամը 8.30ին, հոգեհանգստեան պատարագ կը մատուցանեն Պօղոս Զ-ի մահուան տարեդարձին առթիւ, իսկ երեկոյեան` համերգ մը եւ ոգեկոչում կը կատարուի ''Պօղոս Զ-ը - Պապի մը արիութիւնը, նիւթին մասին։ Այս առթիւ հատոր մը լոյս կը տեսնէ ունենալով որպէս նիւթ քահանայական տարին եւ Պօղիս Զ Քահանայապետը։ Հատորը կը ներփակէ Աստուծոյ ծառայ Պօղոս Զ-ի խորհրդածութիւնները. Պատգամ մը ուղղուած քահանաներու եւ ճառ մը արտասանուած Հռոմի ժողովրդապետներու։ Պենետիկտտոս ԺԶ Քահանայապետը կիրակի օրը հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքին ոգեկոչեց Պօղոս Զ Պապը ըսելով. չեմ կրնար մոռնալ յիշատակը Պօղոս Զ մեծ Քահանայապետին որ վախճանեցաւ օգոստոս 6ին, ճիշտ 31 տարի առաջ։ Անոր կեանքը եղաւ մարդկայնութեամբ հարուստ, Եկեղեցւոյ համար ան եղաւ մեծ պարգեւ մը որու համար գոհութիւն մատուցանելու ենք Աստուծոյ։ Նշենք թէ Պօղոս Զ Պապը Գասդել Կոնտոլֆօ վախճանեցաւ։



Կրօնական ու քաղաքացիական արարողութիւններ Ճաբոնի Հիրոշիմայի ռմբակոծումին 64-րդ տարեդարձին առթիւ։

Արարողութիւնները սկսան առաւօտեան ժամը 6.15ին միջկրօնական աղօթքով մը եւ ապա յուշամալիրին առջեւ քաղաքացիական ոգեկոչումով։ Նոյն քաղաքին մէջ թեմին առաջնորդը առաւօտուն պատարագ կը մատուցանէ իսկ յետմիջօրէին համամիութենական աղօթք, որուն կը յաջորդէ շարժապատկերի սփռում, ցուցահանդէս, գիտական ժողով եւ հանդիպում նորսերունդի երախաներու միջեւ։ Արարողութիւնները կ'եզրափակուին խաղաղութեան թեմայով համորգով մը։








All the contents on this site are copyrighted ©.