2009-08-07 06:50:38

Լուրեր քրիստոնեայ աշխարհէն - Իրաքի Հայոց Առաջնորդին Հովուական Այցելութիւնը Պասրա։


Լուրեր քրիստոնեայ աշխարհէն - Իրաքի Հայոց Առաջնորդին Հովուական Այցելութիւնը Պասրա։

Իրաքի հայոց առաջնորդ տէր Աւագ արք. Ասատուրեան հովուական այցելութիւն մը տուած է երկրի հարաւային շրջանի միակ հայաշատ քաղաքը՝ Պասրա, ընկերակցութեամբ թեմի Ազգային կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Պարոյր Յակոբեանի եւ անդամ Իշխան Ամիրխանեանի:

Անոնք դիմաւորուած են տեղւոյն հոգեւոր հովիւ Թորգոմ քհնյ. Թորգոմեանի եւ Թաղական խորհուրդի անդամներուն կողմէ:

Սրբազան հայրը հանդիպում ունեցած է տեղւոյն երիտասարդութեան հետ եւ խօսած զանոնք հետաքրքրող նիւթերուն մասին՝ յորդորելով անոնց Աւետարանի պատգամով առաջնորդուիլ ու կառչած մնալ մեր հաւատքի աւանդական ցուցմունքներուն:

առաջնորդ հայրը եւ Ազգային կեդրոնական երկու վարչականները երկարատեւ ժողով գումարեցին տեղւոյն թաղականներուն հետ, օրակարգի վրայ ունենալով ներկայ պայմանները դիմակայող համայնքին գլխաւոր հարցերը: Նշենք, որ Պասրայի համայնքը ներկայիս կը հաշուէ 800 անձ:

Նոյն օրը երեկոյեան, առաջնորդը այցելեց համայնքի հիւանդներուն եւ տարեցներուն բնակարանները: Ապա ներկայ գտնուեցաւ քաղաքի միակ հայկական հաստատութեան՝ Պասրայի Հայ երկսեռ երիտասարդաց միութեան կեդրոնը, ուր հաւաքուած էին համայնքի զաւակները՝ առաջնորդը պատշաճօրէն պատուելու եւ անոր Հայրական պատգամը լսելու:

Ձեռնարկին գործադրուեցաւ գրական-գեղարուեստական յայտագիր՝ խմբերգ, մեներգ, նուագ եւ արտասանութիւն: Աւարտին առաջնորդ սրբազանը, շնորհակալութեան իր խօսքին մէջ, պատուիրեց համայնքի զաւակներուն հաւատարիմ հաւատացեալներ ըլլալ իրենց մայր եկեղեցւոյն եւ պահապան մնալ իրենց մայրենի լեզուին ու մշակոյթին: Նաեւ ազդարարեց նեցուկ կանգնիլ սոյն մշակութային միութեան, ի նպաստ համայնքի գոյատեւման:



Օծում Արիզոնայի Սքացտէյլ Քաղաքի Ս. Աբգար Եկեղեցիին։



Կիրակի, Սեպտեմբեր 20ին, թեմակալ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան պիտի պատարագէ Սքացտէյլի Ս. Աբգար Հայց. եկեղեցիին մէջ: Ս. սեղանին պիտի սպասարկեն ծուխի հոգեւոր հովիւ Զաքարիա քհնյ. Սարիբէկեանը եւ սարկաւագները:

Դպրաց դասի երգեցողութիւնը պիտի կատարէ առաջնորդանիստ Մայր տաճարի «Խաչատուրեան» երգչախումբը՝ ղեկավարութեամբ Ստեփան սրկ. Կէօզիւմեանի: Սրբազան հայրը, ըստ Հայց. եկեղեցւոյ ծէսի եւ կանոններու, պիտի կատարէ Ս. Աբգար եկեղեցւոյ օծումը:

Յայտնենք, թէ առաջնորդը եկեղեցւոյ Նաւակատիքի արարողութիւնը կատարեց Ապրիլ 11ին:

Բուռն մրցակցութիւն կը նկատուի








All the contents on this site are copyrighted ©.