2009-08-07 06:50:54

Լուրեր հայ ամշխարհէն - Սիմոն Վրացեանի խմբագրածծ Վէմ հանդէսը կը վերսկսի հրատարակուիլ։


Լուրեր հայ ամշխարհէն - Սիմոն Վրացեանի խմբագրածծ Վէմ հանդէսը կը վերսկսի հրատարակուիլ։ Փարիզի մէջ 1933-1939 թուականներուն Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան վարչապետներէն Սիմոն Վրացեանի խմբագրութեամբ լոյս տեսած Վէմ երկամսեայ մշակոյթի եւ պատմութեան հանդէսը վերստին կը ներկայանայ հանրութեան՝ նոր խմբագիրով ու խմբագրական կազմով։ Վէմի նոր խմբագրութիւնը նպատակ ունի համադրել Հայաստանի ու Սփիւռքի յայտնի գիտնականներու ջանքերը եւ Հայագիտութեան մարզին մէջ ապահովել գիտական ինքնաճանաչողութեան որակապէս նոր մակարդակ։ Այս առիթով հանդէսի խմբագրութենէն ստացուած հաղորդագրութիւնը կը յայտնէ. Վէմը իր հնարաւորութիւնների սահմաններում իրականացնելու է նաեւ Հայաստանի պատմութիւնն ու մշակոյթը օտար գիտական շրջանակներին ներկայացնելու, ինչպէս նաեւ մեր ժողովրդի մասին թիւր պատկերացումներ ձեւաւորող թուրք-ազրպէյճանական կեղծարարներին գիտական պատասխաններ տալու խնդիրները։Հանդէսի խմբագիրն է պատմաբան Գէորգ Խուդինեան։

Իրաւաբաններու համահայկական համաժողովի նիստը -

Վերջերս տեղի ունեցած է իրաւաբաններու համահայկական առաջին համաժողովի կազմակերպիչ կոմիտէին նիստը՝ նախագահութեամբ ՀՀ Սահմանադրական դատարանի նախագահ Գագիկ Յարութիւնեանի։

Նիստին ներկայ եղած են Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան եւ արդարադատութեան նախարար Գէորգ Դանիէլեան, ինչպէս նաեւ ներկայացուցիչներ փաստաբաններու պալատէն, Հայաստանի իրաւաբաններու միութենէն եւ Երեւանի պետական համալսարանէն։

Քննարկման հիմնական թեման եղած է համաժողովի կազմակերպման հետ կապուած հարցերը։

Ամփոփելով բոլոր հարցադրումները՝ Գագիկ Յարութիւնեան յստակացուցած է համաժողովի հիմնական նիւթը, որ պիտի վերաբերի իրաւունքի ընկալման, օրէնսդրական զարգացումներուն, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւրոպական չափանիշներուն, իրաւագիտութեան առջեւ ծառացած հիմնախնդիրներուն եւ այլն։

Համաժողովի ծրագիրին համար որոշուած է համաժողովի նախօրէին՝ Սեպտեմբեր 18ին, ընդունելութիւն մը կազմակերպել Երեւան ժամանած համաժողովի մասնակիցներուն համար, ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ, իսկ Սեպտեմբեր 19ին՝ համաժողովի բացումը կատարել Հայաստանի կառավարութեան նիստերու դահլիճին մէջ։ Նոյն օրը տեղի պիտի ունենայ մէկ նիստ, որմէ ետք մասնակիցները պիտի բաժնուին խումբերու եւ այցելեն Սահմանադրական դատարան, արդարադատութեան նախարարութիւն, ԵՊՀ, Փաստաբաններու պալատ, ուր պիտի շարունակուի քննարկումը։ Սեպտեմբեր 20ի նիստը պիտի անդրադառնայ ստեղծուելիք ընկերակցութեան կազմակերպական եւ կանոնադրական հարցերուն, պիտի ձեւաւորուի հայ իրաւաբաններու միջազգային ընկերակցութիւնը։ Համաժողովի ընթացքին կը նախատեսուին ընդունելութիւններ ՀՀ Ազգային ժողովին մէջ եւ Հայաստանի վարչապետին կողմէ։ Մասնակիցները պիտի այցելեն Մայր աթոռ Ս. Էջմիածին եւ Մատենադարան։








All the contents on this site are copyrighted ©.