2009-08-07 06:51:09

Ակնարկ մը միջազգային դէպքերու - Պիլ Քլինթըն Կ՛ապահով Երկու Ամերիկացիներուն Ազատ Արձակումը


Ակնարկ մը միջազգային դէպքերու - Պիլ Քլինթըն Կ՛ապահով Երկու Ամերիկացիներուն Ազատ Արձակումը

ՍԷՈՒԼ - Օգոստոս 4ին, Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Պիլ Քլինթըն, անակնկալօրէն Հիւսիսային Քորէա հասաւ, ուր ան հանդիպում մը ունեցաւ նախագահ Քիլ Ճոնկ Իլի հետ՝ քննելով երկկողմանի յարաբերութեանց ու շրջանային տագնապներու վերաբերող շարք մը հարցեր:Արտաքին գործոց նախարարութեան աղբիւրները կը յայտնեն, թէ Քլինթընի այցելութեան նպատակն է նախկին փոխնախագահ Ալ Կորի պատկանող պատկերասփիւռի կայանին երկու լրագրողներուն ազատ արձակումը ապահովել: Չորեքշաբթի օր, Փիոնկեանի իշխանութիւնները յայտարարեցին, թէ որոշած են ներում շնորհել լրագրողներուն:



- Իրաքի մէջ ամերիկեան ուժերու հրամանատար զօր Ռէյ Օտիերնօ յայտնեց, որ թէեւ ամերիկեան ուժերու առաքելութիւնը փոխուած է, բայց անոնք տակաւին կարեւոր դեր ունին խաղալիք՝ երաշխաւորելու համար ազգային ընտրութիւններուն օրինականութիւնը եւ օգնելու համար Իրաքին, որ ան դառնայ Միացեալ Նահանգներու երկարաժամկէտ գործակիցը։ Մեր նպատակը ապահով, կայուն եւ ինքնաբաւ Իրաք մը կերտելն է։ Տակաւին հոն չհասանք, ըսաւ Օտիերնօ։

Նշենք, որ ներկայիս Իրաքի մէջ ամերիկեան ուժերուն թիւը կը հասնի 130 հազարի, որոնցմէ 35-էն 50 հազարը պիտի մնան Իրաք մինչեւ 2011։ Ամերիկեան բանակը 2003-էն ի վեր Իրաքի մէջ տուած է 4331 զոհ եւ աւելի քան 31460 վիրաւոր։



Սուտան - Զինեալ ցեղախումբ մը, յարձակելով հարաւարեւելեան սուտանի գիւղերէն մէկուն մէջ ապաստանած գաղթականներուն վրայ, սպաննեց նուազագոյնը 185 հոգի, որոնց մեծ մասը կիներ ու երեխաներ էին։

Յարձակումը, որ 3 ամսուան մէջ ամէնէն արիւնալին էր, հարաւային Սուտանի ցեղախումբերուն միջեւ հողային պահանջներու պատճառով արձանագրուած բախումներու շարքին մաս կը կազմէ։ Բայց եւ այնպէս, տեղական աղբիւրներու համաձայն, բախումները հետեւանք են վրէժխնդրութեան եւ զէնքի լայնածաւալ գոյութեան։

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն դատապարտելով յարձակումը Սուտանի մէջ ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչներուն կոչ ուղղեց Սուտանի իշխանութիւններուն հետ գործակցաբար շրջանին մէջ հաստատելու խաղաղութիւնը։



Պաղեստին - Ֆաթհ շարժումի ընդհանուր ժողովին ընթացքին, Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս շարժումի անդամներէն պահանջած է առիթ տալ Իսրայէլի հետ խաղաղութեան բանակցութիւններուն, հակառակ անոնց արձանագրած չնչին նուաճումներուն։

Ան կը յուսայ Ֆաթհէն կանաչ լոյս ստանալ իր որդեգրած քաղաքականութեան համար։

Արագ ճատրակի աշխարհի ախոյեան

Գերմանիոյ մէջ աւարտեցաւ Մայնցի արագ ճատրակի աշխարհի ախոյեանութիւնը, որուն ընթացքին հայրենի վարպետ Լեւոն Արոնեան հանդիսացաւ արագ ճատրակի աշխարհի ախոյեան՝ աւարտականին 3 -1արդիւնքով պարտութեան մատնելէ ետք իր ռուս մրցակիցը՝ Իվան Նեփոմնիաչին։








All the contents on this site are copyrighted ©.