2009-08-05 13:37:23

էջ մը հայ գրականութենէն - Շահան Շահնուր Հայոց մեծագոյն Նահանջին մեծատաղանդ Երգիչը


էջ մը հայ գրականութենէն - Շահան Շահնուր Հայոց մեծագոյն Նահանջին մեծատաղանդ Երգիչը



Շահան Շահնուր (19031974). Հայոց մեծագոյն Նահանջին մեծատաղանդ Երգիչը

3 Օգոստոսը ծննդեան տարեդորձն է Շահան Շահնուրի, որ ութսուն տարի առաջ հրատարակուած իր գլուխգործոց Նահանջը առանց երգի վէպով՝ ոչ միայն դարաշրջան բացաւ հայ գրականութեան մէջ, այլեւ՝ ամէնէն բուռն եւ դասական հնչեղութեամբ ահազանգը հնչեցուց հայոց ազգային ճակատագիրը տագնապեցնող գլխադիր վտանգին դէմ, այլասերման ու ապահայացման, օտարացման եւ ի վերջոյ ձուլման ծանրագոյն աղէտին դէմ։

Որքան իր սեփական տուայտանքին, նոյնքան եւ աւելիով ամբողջ սերունդի մը ողբերգութեան բանբերը եղաւ Շահնուր։ Թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանութենէն վերապրած Հայուն ողբերգութիւնը իւրովի եւ շատ խոր մղձաւանջով ապրեցաւ Շահնուր անձնապէս։

Կը նահանջեն ծնողք, որդի, քեռի, փեսայ. կը նահանջեն բարք, ըմբռնում, բարոյական, սէր։ Կը նահանջէ լեզուն։ Եւ մենք դեռ կը նահանջենք բանիւ ու գործով, կամայ եւ ակամայ, գիտութեամբ եւ անգիտութեամբ։ Շահնուրեան այս ահազանգը սթափեցուց ամբողջ սերունդներ եւ անոնց մէջ վառեց հայկականութեան ծանր ժառանգը միշտ Արարատն ի վեր բարձրացնելու՝ իյնալով եւ վար գլորելով հանդերձ վերստին կանգնելու եւ դժուարին մագլցումը վերսկսելու պայքարունակ ոգին։

Ահա՛ պատգամը Շահնուրին, որ հազիւ 26 տարեկան էր, երբ Նահանջը առանց երգի իր վէպով հայ գրականութեան մէջ բարձունք նուաճեց եւ յաւերժութեան արժանացաւ։

Ծնած էր Պոլիս, 1903ին, Շահնուր Քերեսթէճեան աւազանի անունով։ Նախնական կրթութիւնը թաղի ազգային վարժարանին մէջ ստանալէ ետք, աւարտած էր Պէրպէրեան վարժարանը, 1921ին։ Կենսագիրներուն վկայութեամբ, ինքնաշխատութիւնը հիմնական դեր ունեցաւ Շահնուրի գրականգեղարուեստական եւ մտաւորականիմաստասիրական հակումներու մշակման ու զարգացման մէջ։ Յատկապէս իր մօրեղբօր՝ հայ իրականութեան մէջ տարեգիրքի պատրաստութեան աւանդը ստեղծած Թէոդիկի հարուստ գրադարանը իսկական դպրոց մը եղաւ պատանի Շահունր համար, որ Պէրպէրեան վարժարանը նոր աւարտած սկսաւ կանոնաւորաբար աշխատակցիլ ատենի Պոլսոյ Ոստան հանդէսին, առաւելապէս թագմանութիւններով։

1923ին, Թուրքիոյ մէջ քեմալականութեան վերջնական հաստատումէն ետք, իր սերնդակից հայ գրողներէն շատերու պէս, Շահնուր իր կարգին հեռացաւ Պոլիսէն։ Հաստատուեցաւ Փարիզ, ուր նկարչատան մը մէջ աշխատելու կողքին, թափով նուիրուեցաւ գրականգեղարուեստական ստեղծագործութեան։ 1920ականներու սկզբնաւորութեան՝ Փարիզը հայ մտքի եւ գրականութեան ամէնէն եռուն կեդրոններէն մէկը դարձաւ սփիւռքահայ իրականութեան մէջ։ Եթէ Պէյրութն ու Հալէպը իրենց վրայ կեդրոնացուցին Մերձաւոր Արեւելքի հայրենամերձ գօտիներու հայութեան ստեղծագործ կեանքը, նոյնը ըրաւ Փարիզ՝ եւրոպական տարածքի վրայ։ Իսկ Շահնուր շատ արագ դարձաւ փարիզեան սերունդին ամէնէն տաղանդաւոր արձակագիրը։ Երբ 1929ին, Յառաջի մէջ իբրեւ թերթօն տպուելէ ետք, առանձին հատորով լոյս տեսաւ Շահնուրի Նահանջը առանց երգին, Վազգէն Շուշանեան արդէն իր դպրոցը ստեղծած էր սփիւռքեան գրականութեան մէջ՝ հայրենի հողին կարօտն ու պաշտամունքը։ Ուզեց եւ յաջողեցաւ բանալ հոգեկան ամբողջ աշխարհը հայրենի հողէն արմատախիլ եղած հայ մարդոց, որոնք օտար ափերու վրայ դատապարտուած են անխուսափելիին՝ այլասերման ու օտարացման, ուծացման եւ ի վերջոյ ձուլումին։

Շահնուր 1933ին լոյս ընծայեց իր երկրորդ հատորը՝ Յարալէզներու դաւաճանութիւնը անունով պատմուածքները, որոնք հայերէնով գրուած իր արձակին կարապի երգը եղան երկար ժամանակաշրջանի մը համար։ 1937ին ան ոսկորախտ ունեցաւ, որ շատ արագ իր աւերը գործեց երիտասարդ Շահնուրի կեանքին մէջ, ֆիզիքապէս անկարողութեան մատնեց զինք եւ մինչեւ մահ ցաւն ու տառապանքը բաժին հանեց Շահնուրի։ 1939ին, սեփական տունէ ալ զրկուած, ան ինկաւ հիւանդանոցները։ 1945ին, մասամբ ապաքինած իր հիւանդութենէն, Շահնուր սկսաւ ֆրանսերէնով ստեղծագործել՝ Արմէն Լիւբէն գրչանունով։ Յաջորդաբար լոյս ընծայեց Կրակ կրակի դէմ, Օտարականը, Աննկատ անցորդը եւ Գիշերային փոխանցում վէպերը, ինչպէս նաեւ բանաստեղութեանց երկու հատորներ, որոնք գրական մրցանակներու արժանացուցին զինք։ Բայց հայերէնով ստեղծագործելու հայ գրողի իր կոչումին հետ կապը բնաւ չխզեց Շահնուր, հակառակ որ արդարօրէն դառնացած էր հայ գրողին նկատմամբ հայ իրականութեան մէջ դրսեւորուած վերաբերումէն։ 1960ականներուն վերստին սկսաւ լոյս ընծայել հայերէնով գործեր՝ Ազատն Կոմիտաս, Թերթիս կիրակնօրեայ թիւը, Երկու կարմիր օրատետր եւ ուրիշներ։ Եւ շարունակեց իր պայքարը անողոք հիւանդութեան դէմ, մինչեւ որ 1974ի Օգոստոս 20ին, Սէն Րաֆայէլ հիւանդանոցին մէջ, առյաւէտ փակեց իր աչքերը։ Դժբախտ կեանք ունեցաւ Շահնուր՝ հակառակ ի վերուստ իրեն շնորհուած մեծ տաղանդին եւ սեփական ժողովուրդի ցաւով ու ճակատագրով տառապելու հոգեկան մեծութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.