2009-08-05 13:37:46

ակնարկ մը միջազգային դէպքերուն


ակնարկ մը միջազգային դէպքերուն

Աւստրալիա անձնասպանական գործողութիւն մը ծրագրող 4 հոգի կը ձերբակալէ։Աւստրալիական ոստիկանութիւնը երէկ ձերբակալեց սոմալիական զինեալ խմբաւորումի մը առնչուած չորս անձեր՝ զանոնք ամբաստանելով զօրանոցի մը դէմ անձնասպանական գործողութիւն մը ծրագրելու յանցանքով, այդպիսով այն մտավախութիւնը յառաջացնելով, թէ Քայիտայի առնչուած խմբաւորումներ Ափրիկէէն դուրս թիրախներ կը փնտռեն։ Երեք ոստիկանական ուժերու եւ Աւստրալիոյ ազգային ապահովութեան գործակալութեան՝ ԱՍԻՕ-ի եօթնամսեայ հետաքննութենէն ետք, չորս անձերը ձերբակալուած էին երեքշաբթի օրը Մելպուռն քաղաքի տարածքին 19 կալուածներու խուզարկութեանց ընթացքին։ Պաշտօնատարներ նշեցին, Աւստրալիոյ մէջ ահաբեկչական գործողութենէ զգուշացումը պիտի մնայ 2003-էն ի վեր իր գտնուած միջին մակարդակին վրայ, սակայն վարչապետ Քեւին Ռատ յայտնեց, որ ձերբակալութիւնները ցոյց կու տան, թէ սպառնալիքները կը յամենան։ Ան ըսաւ, թէ այսօրուան զարգացումէն դուրս եկող աչալրջութեան մղող տարրը բոլոր աւստրալիացիներուն յիշեցում մըն է, թէ ահաբեկչութեան սպառնալիքը կենդանի է եւ լաւ վիճակի մէջ։ Ձերբակալուած չորս անձերը 22-էն 26 տարեկան սոմալեան եւ լիբանանեան ծագումով աւստրալիացի քաղաքացիներ էին։ Ոստիկանութիւնը յայտնեց, որ անոնք առնչուած են Շապապ զինեալ խմբաւորման։

Ահմատինեժատի երդման արարողութեան առթիւ ընդդիմութիւնը կոչ կ'ուղղէ բողոքի ցոյցերու։ Իրանի ընդդիմադիր խմբակները կոչ ուղղեցին կազմակերպելու բողոքի ցոյցեր, որոնք պիտի զուգադիպին Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատի կատարելիք երդման արարողութեան։Բարեկարգչամէտ շարք մը կայքէջեր ցուցարարներուն կոչ ուղղեցին հաւաքուելու խորհրդարանին առջեւ, ուր տեղի պիտի ունենայ Ահմատինեժատի երկրորդ նստաշրջանի երդման արարողութիւնը։ Անոնք նաեւ կոչ ուղղեցին Իրանի տարածքին գտնուող այլ քաղաքներու շուկաներուն մէջ եւս բողոքի ցոյցեր կազմակերպելու։Հաւանական է, որ որեւէ ցոյց հանդիպի ապահովական խիստ միջոցառումներու։ Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի՝ Ահմատինեժատի նախագահ ընտրուիլը վաւերացնելէն ետք, երկուշաբթի ուշ գիշերին Թեհրանի մէջ մերթ ընդ մերթ բախումներ տեղի ունեցան։

Խըրխըզիստանի մէջ ռուսական եկրորդ զօրակայան մը բանալու ծրագիրը կ'անհանգստացնէ Ուզպեքիստանը - Խըրխըզիստանի մէջ երկրորդ զօրակայան մը բանալու Ռուսիոյ ծրագիրը կրնայ ապակայունացնել Կեդրոնական Ասիոյ շրջանը։ Խըրխըզիստան այս ամիս կանաչ լոյս տուաւ իր հողամասերուն վրայ Ուզպեքիստանի հետ իր հարաւային սահմանին մօտ Մոսկուայի երկրորդ զօրանոցի հաստատման ծրագիրին։ Ան նախապէս Միացեալ Նահանգներուն փոխանցած էր, թէ երկրին մէջ միայն իրենց զօրանոցը բաց պիտի պահէ։Նախարարութիւնը յայտնեց, որ Ռուսիոյ զինուորական ներկայութիւնը յաւելեալ ռազմականացում եւ ազգամիջեան տագնապներ պիտի գրգռէ։ Ատիկա նաեւ պիտի առաջնորդէ արմատական ծայրայեղական ուժերու վերայայտնութեան, ուժեր, որոնք ամբողջ շրջանը կրնան ապակայունացնել։ նշենք թէ Ուզպեքիստան այս տարի Ուաշինկթընի արտօնեց Աֆղանիստանի մէջ իր ուժերուն զինուորական մատակարարումը կատարել իր հողամասերուն ճամբով։








All the contents on this site are copyrighted ©.