2009-08-04 14:13:20

Լուրեր հայ աշխարհէն։ Հոկտեմբերին Հայաստանի մէջ առաջին անգամ տեղի պիտի ունենայ ReAnimania կենդանի ժապաւէններու փառատօնը


Լուրեր հայ աշխարհէն։ Հոկտեմբերին Հայաստանի մէջ առաջին անգամ տեղի պիտի ունենայ ReAnimania կենդանի ժապաւէններու փառատօնը

Հոկտեմբեր 3-6, Հայաստանի մէջ առաջին անգամ ըլլալով տեղի պիտի ունենայ Re-Animania կենդանի ժապաւէններու փառատօնը։

Փառատօնի հիմնադիր-տնօրէն Վրէժ Քասունի մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է, որ Միջազգային կենդանի ժապաւէններու ստեղծման գաղափարը յառաջացած էր 3 տարի առաջ։ Փառատօնին նպատակն է՝ վերադարձնել շրջանին մէջ կենդանի ժապաւէններու ասպարէզին մէջ մրցակցութե-նէ վեր գտնուող Հայաստանի երբեմնի համբաւը։ Միջազգային կենդանի ժապաւէններու փառատօնը տեղի կունենայ ամէն տարի, աշխարհի յայտնի վարպետներու մասնակցութեամբ եւ կունենայ 15 ծրագիր՝ մրցոյթային, արտամրցոյթային, մանկական, յետահայեաց եւ այլն։

Փառատօնին շնորհիւ՝ հայ հանդիսատեսը պիտի ծանօթանայ կենդանի ժապաւէններու ամէնէն հեղինակաւոր Անսի Ֆրանսայի փառատօնին մրցանակային աշխատանքներուն։



Քաննի շարժապատկերի փառատօնին առաջին անգամ հայկական ժապաւէն կը ցուցադրուի

2009 թուականին Հայաստան առաջին անգամ ըլլալով պետական մակարդակով ու առանձին տաղաւարով պիտի մասնակցի Քաննի շարժապատկերի փառատօնին եւ անոր զուգահեռ կազմակերպուող վաճառք-ցուցահանդէսին։ 1961-էն ի վեր տարեկան դրութեամբ կազմակերպուող այս փառատօնը իր շուրջ կը համախմբէ շարժապատկերի աշխարհին մէջ ներդրում ունեցող տարբեր երկիրներ։ 3 մեթրով 3 մեթր տարածութեամբ տաղաւար վարձելու համար Հայաստանի մշակոյթի նախարարութիւնը վճարած է 5300 եւրօ։ Հայաստան փառատօնին պիտի մասնակցի Ազգային շարժապատկերի կեդրոնին կողմէ 2006-էն ի վեր նկարահանուած շուրջ 2 տասնեակ ժապաւէններով, որոնց կարգին՝ Յարութիւն Խաչատրեանի Սահմանը, Վիգէն Չալդրանեանի Քրմուհին, Յովհաննէս Գալստեանի Խճճուած զուգահեռները։ Հայկական տաղաւարին մէջ պիտի ցուցադրուին նաեւ գրքոյկներ, տեղեկատըւական եւ ծանուցողական նիւթեր։



ֆրանսացի կամաւորները վերանորոգման աշխատանքներ կ'իրականացնեն Լճափի դպրոցի մէջ

Ֆրանսացի 22 կամաւորներ Գեղարքունիքի մարզի Լճափ համայնքի միջնակարգ դպրոցի եւ մանկապարտէզի մէջ կիրականացնեն վերանորոգման աշխատանքներ։

Լճափի գիւղապետ Հայկ Սիմոնեանը տեղեկացուց թէ կամաւորներէ 11-ը Փարիզաբնակ հայ երիտասարդներ են։ Կամաւորները կը ներկայացնեն Փարիզի CSOE բարեգործական կազմակերպութիւնը, որ անունը թարգմանաբար կը նշանակէ Որբերու եւ ուսանողներու օգնութեան կոմիտէ։

Կազմակերպութիւնը իր գործունէութիւնը սկսած է 1913 թուականէ, Լիբանանի մէջ՝ Եռեղնէ տուժած հայ ժողովրդին իր աջակցութիւնը ցուցաբերելու նպատակով, Սպիտակի երկրաշարժի տարիներուն շարունակած է իր բարեգործութիւնը։ Բարեգործական կազմակերպութեան Հայաստանեան գրասենեակի տնօրէն Դաւիթ Խաչատրեանը տեղեկացուց, որ իրենք նախորդ երկու տարիներուն աջակցած են Երեւանի 19 մանկապարտէզներու եւ Գիւմրիի դպրոցներուն։ Անոնց կողմէ Լճափն ընտրուած է պատահականօրէն երեք տարի առաջ Գաւառի մանկատնէ վերադառնալիս Փարիզէ կամաւորները մտած են գիւղ՝ բնակչութեան ապրելակերպին ծանօթնալու նպատակով։ Այդ օրուընէ ալ սկսուած են աշխատանքները։ Ասի արդէն երրորդ տարին է, որ կամաւորները ամէն տարուայ Յուլիսին կուգան Լճափ ու կը կատարեն վերանորոգման աշխատանքներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.