2009-08-03 13:31:23

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը - Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին ցաւակցան հեռագիրը ի լուր Փիլիփեաններու երբեմնի նախագահ տիկին Գորազոն Ագինոյի մահուան։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը - Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին ցաւակցան հեռագիրը ի լուր Փիլիփեաններու երբեմնի նախագահ տիկին Գորազոն Ագինոյի մահուան։

Փոլիփեան կղզեխումբի տասնեակ հազարաւոր անհատներ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցին ի լուր վաստակաւոր նախագահ տիկին Գորազոն Ագինոյի մահուան, որ իր իշխանութեան տարիներուն հանրավարութիւնը վերահաստատեց երկին մէջ։

Վատիկանի Պետական Գարտուղարը` կարտինալ պերթոնէ յանուն Սրբազան Քահանայապետի ցաւակցական հեռագիր մը ուղղեց երկրի իշխանութեան ու անոր պարագաներուն վեր հանելով հանգուցեալ նախագահին արժանիքները եւ Աստուծմէ խնդրելով որ իր Արքայութեան մէջ ընդունի զայն։ Յայտնենք թէ Նորին Սրբութիւնը իր օրհնութիւնը ու աղօթքը ուղարկած էր տիկին Գորազոն Ագինոյի երբ հիւանդանոց կը գտնուէր։ Գորազոն Ագինոյի յուղարկաւորութիւնը տեղի պիտի ունենայ օգոստոս 5ին։



Համերգ մը ի պատիւ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի։

Կիրակի երեկոյեան ժամը 6ին Գասթել Կոնտոլֆոյի առաքելական պալատին մէջ պավարիայի Պատ Պրուքենաու նուագախումբը գործադրեց համերգ մը ի պատիւ Սրբազան Քահանայապետին։ Նուագահանդէսը կը նախատեսէր նուագներ Պախէն, Պրիթենէն եւ Մոցառթէն։ Համերգին աւարտին Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց երաժշտութեան հոգեւոր խոր արժէքը։



Փաքիստանի մէջ քրիստոնեաներու դէմ դարձաեալ հալածանք։Փաքիստանի մէջ 8 քրիստոնեաներ ողջ այրեցան մոլերանդ եւ ոճրագործ մահմետականներու ձեռքով Բունճաբի մարզին մէջ։ Անոնց շարքին կային երախայ մը եւ չորս կիներ։ Ահաբեկիչները քանդեցին տասը տուներ եւ այրեցին երկու եկեղեցիներ։ Նորին Սրբութիւնը Օգոստոս ամսուայ միսիոնարական աղօթքի դիտաւորութիւն ընտրած էր աօթել աշխարհի զանազան վայրերու մէջ հալածուած եւ հարստահարոուած քրիստոնեայ համայնքներու համար, որպէսզի ճանչցուին մարդու իրաւունքները եւ կրօնական հաւասարութիւնը եւ ազատութիւնը, եւ այսպթսով ամէն անհատ հրապարակաւ կարողանայ ապրիլ ու դաւանիլ իր հաւատքը։

Ափրիկէի եպիսկոպոսական խորհուրդի ժողովը օգոստոս 3-5 Կամբիայի մէջ։

Արեւմտեան Ափրիկէի անգլիախօս եպիսկոպոսները խորհրդաժողով կը կատարեն կամբիայի մէջ օգոստոս 3-5։ հանդիպումին կը մասնակցին 120 բարձրաստիճան եկեղեցականներ. կարտինալներ, արքեպիսկոպոսներ ու եպիսկոպոսներ ինչպէս նաեւ կղերի ու աշխարհականներու ներկայացուցիչներ։ Ուսմնաժողովին նիւթն է. ''Արեւմտեան Ափրիկէի երիտասարդութիւնը եւ գաղաթականութիւնը''։








All the contents on this site are copyrighted ©.