2009-08-03 13:31:40

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքարանը Կը Պատրաստուի Պատշաճօրէն Նշելու Իր 550Ամեակը


Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքարանը Կը Պատրաստուի Պատշաճօրէն Նշելու Իր 550Ամեակը



ՊՈԼԻՍ.- Թուրքիոյ Հայոց պատրիարքարանի հիմնադրման 550ամեակը, որ իր լրումին կը հասնի 2011 թուականին, պատշաճօրէն նշելու նախապատրաստական աշխատանքի ծիրէն ներս, Կրօնական ժողովի ատենապետ եւ պատրիարքարանի լուսարարապետ Արամ արք. Աթեշեանի նախաձեռնութեամբ, Յուլիս 28ին պատրիարքարանին մէջ գումարուեցաւ խորհրդակցական ժողով:

«Մարմարա» թերթը կը հաղորդէ, թէ ժողովին ներկայ էին Թաթուլ վրդ. Անոյշեան, Գրիգոր քհնյ. Տամատեան, Կեդրոնական վարժարանի տնօրէն Սիլվա Գույումճեան, «Մարմարա»ի խմբագիր Ռ. Հատտէճեան, «Ժամանակ»ի խմբագիր Արա Գոչունեան եւ ուրիշներ:

Արամ սրբազան նշած է, թէ պատրիարքարանի 550ամեակը կարեւոր յոբելեան է, սակայն մինչեւ օրս համապարփակ ուսումնասիրութիւն չէ կատարուած անոր մասին, ուստի, նպատակայարմար գտնուած է յոբելեանը նշել լուրջ աշխատութիւններով:

Այս առնչութեամբ, առաջարկուած են հետեւեալ բնագաւառները՛

- Պատրիարքական աթոռի հիմնադրման պատմութիւն.

- Նախկին Առաջնորդական աթոռներ ու անոնց պատմութիւնը.

- Կրթական շարժումի պատմութիւն.

- Կրթական մշակներ, գրողներ, մամուլի պատմութիւն, եկեղեցիներ եւ վանքեր…

- Համայնքային եւ հասարակական կեանքը՝ 550 տարուան ընթացքին.

Գրիգոր քհնյ. Տամատեան եւ Վաղարշակ Սերովբեան յիշատակած են քանի մը աշխատութիւն, զոր գրած է Գէորգ Փամբուկչեանը՝ կենդանութեան օրօք, եւ տակաւին անտիպ մանցած են: Արամ արքեպիսկոպոս նշած է նաեւ, որ աշխատութիւններու հեղինակներուն անունները հաստատելէ ետք, կարելի է զանոնք Պոլիս հրաւիրել՝ նիւթերուն ու աղբիւրներուն մասին խորհրդակցելու համար:

Նշուած է նաեւ, որ կարելի է օգտուիլ պատրիարքարանի գրադարանէն, ինչպէս նաեւ Օսմանեան պաշտօնական արխիւներէն ու թուրք պատմաբաններու ուսումնասիրութիւններու հայերէն թարգմանութիւններէն:








All the contents on this site are copyrighted ©.