2009-08-03 13:32:08

Ակնարկ մը միջազգային դէպքերուն։ աւելի քան 80 քոնկրեսականներ քննադատած են Թուրքիոյ ետքայլը։


Ակնարկ մը միջազգային դէպքերուն։ աւելի քան 80 քոնկրեսականներ քննադատած են Թուրքիոյ ետքայլը։

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ աւելի քան 80 քոնկրեսականներ ստորագրած են նախագահ Պարաք Օպամայի յղուած այն նամակը, ուր կը քննադատուի Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւնները բարելաւելու աշխատանքներուն ընթացքին Թուրքիոյ կատարած ետքայլը։

Քոնկրեսականները նամակին մէջ կը նշեն, թէ Թուրքիա 24 Ապրիլի նախօրեակին Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւնները բարելաւելու առնչուող ճամբու քարտէսի համաձայնութիւն ստորագրած է, հակառակ այն իրողութեան, որ այդ պայմանները իրագործելու պատրաստակամութիւն չունէր։

Նամակին մէջ կոչ կուղղուի նախագահ Օպամային, որ Թուրքիոյ վրայ ճնշում բանեցնէ, որպէսզի Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւնները չկապուին Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման։ Հոն նաեւ կոչ կուղղուի նախագահ Օպամային, որ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը եւս չկապէ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութեանց բնականոնացման գործընթացին։



Խըրխըզիստանի մէջ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան երկիրներու ոչ պաշտօնական վեհաժողով։

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 31 յուլիսին Խըրխըզիստանի մէջ մասնակցած է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան երկիրներու ղեկավարներու ոչ պաշտօնական վեհաժողովին։

Ռուսիոյ, Ղազախստանի, Պիելոռուսիոյ, Խըրխըզիստանի, Տաճիկիստանի եւ Ուզպեքիստանի նախագահներուն հետ Սարգսեան զրուցած է կազմակերպութեան պատասխանատուութեան գօտիին եւ միջազգային ապահովութեան հրատապ խնդիրներուն վերաբերեալ։



Իրաք - Վարչապետ Մալիքի եւ նախագահ Թալապանի

Կիրակի օրը, մեծ մասամբ սիւննիներով բնակուած արեւմտեան Իրաքի Հատիսա քաղաքին մէջ բացօթեայ շուկայի մը մօտ պայթեցաւ ականուած ինքնաշարժ մը՝ պատճառելով 5 զոհ եւ 34 վիրաւոր։

Պայթումը պատահեցաւ, երբ Իրաքի շիի վարչապետ Նուրի Մալիքի կայցելէր հիւսիսային Իրաքի ինքնիշխան քրտական շրջանները՝ բանակցելու համար քիւրտ ղեկավարներուն հետ, քարիւղի եւ հողային հարցերու շուրջ։



Թեհերան - Իրանի պետական պատկերասփիւռի կայանը անցեալ շաբաթ օր հաստատեց, թէ Իրան ձերբակալած է երեք ամերիկացիներ, որոնք հիւսիսային Իրաքէն Իրան մուտք գործած էին ապօրինի ձեւով։ Հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավար մարզի պատասխանատուներ յայտնեցին, որ երեք ամերիկացիները՝ երկու տղամարդ եւ մէկ կին, զբօսաշրջիկներ էին եւ սխալմամբ անցած էին Իրանի սահմանը՝ լեռնային շրջաններէն։ Միւս կողմէ, Զուիցերիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը ըսաւ, թէ Իրանի մէջ Զուիցերիոյ դեսպանատունը յաւելեալ տեղեկութիւններ պահանջած է իրանեան իշխանութիւններէն՝ ձերբակալուած ամերիկացիներուն մասին, ինչպէս նաեւ պահանջած է հանդիպում ունենալ անոնց հետ։



Այլ գետնի վրայ, Իրանի նախկին նախագահ Մոհամետ Խաթեմի նախագահական ընտրութիւններէն ետք տեղի ունեցած խռովութիւններուն պատճառով ձերբակալուած անձերուն դատավարութիւնը դերասանութիւն որակեց՝ պահանջելով, որ իսկական ոճրագործներուն դէմ դատական հարց յարուցուի։ Ան աւելցուց, որ այս դատավարութիւնը ամօթալի երեւոյթ մըն է, որ կը տկարացնէ երկրին իսլամական կարգերը։



Աֆղանիստան - Կիրակի օրը Թալեպան շարժումի զինեալներ Աֆղանիստանի մէջ սպաննեցին երեք ամերիկացի եւ երկու ՕԹԱՆ-ի զինուորներ, ինչպէս նաեւ եօթը աֆղան ոստիկաններ։ Անցեալ շաբաթ օր ՕԹԱՆ-ի այլ չորս զինուորներ սպաննուած էին։



Նիկերիա - Նիկերէական իշխանութիւնները երէկ կատարեցին հաւաքական յուղարկաւորութիւնը անցեալ շաբաթ երկրին հիւսիսարեւելեան Մայտուկուրի քաղաքին մէջ ծագած իսլամականներու ապստամբութեան զոհ գացած հարիւրաւոր զոհերուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.