2009-08-02 13:51:46

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը



Կիրակի, Օգոստոս 2, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, կէսօրին` Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը արտասանեց Գասթել Կոնտոլֆօ ամառնային քահանայապետական ամառանոց պալատէն տասնեակ հարիւրաւոր հաւատացեալներու ներկայութեամբ։

Մարեմեան աղօթքէն առաջ նորին սրբութիւնը հետեւեալ խորհրդածութիւնը կատարեց.



Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,

Ուրախ եմ որ ձեր մէջ կը գտնուիմ, ողջոյնս կ'ուղղեմ թեմի եպիսկոպոսին, կղերին, քաղաքացիական իշախանութիւններու եւ Գասդել Կոնտոլֆոյի բոլոր բնակիչներուն։

Եկեղեցին այս տարի կը տօնախմբէ քահանայական տարի, ասիկա բարեպատեհ առիթ մըն է խորացնելու քահանաներու առաքելութիւնը Եկեղեցւոյ ու աշխարհի մէջ։

Քահանայական տարի առիթ մըն է ուսիումնասիրելու սուրբ քահանաներու կեանքը։ Օգոստոս ամսոյն ընթացքին եկեղեցի կը յիշատակէ տօնը.

- Սուրբ Ալֆոնսօ Մարիա դէ Լիկուորիի` Alfonso Maria de’ Liguori, եպիսկոպոս ու վարդապետ Եկեղեցւոյ , բարոյական աստուածաբանութեան մեծ վարդապետ եւ տիպար քրիստոնեական առաքինութիւններու, միշտ ուշադիր եղած է ժողովրդական հոգեւորութեան պահանջքին։

- Ս. ֆրանչիսքոս ասիզեցին մեծ առաքեալը հոգիներու փրկութեան։

- Ինչ ըսել սուրբ Ժան մարի Վիաննէ քահանայի մասին, որուն տօնը կը յիշատակուի 4 օգոստոսին։ Եկեղեցին ոգեկոչելով անոր մահուան 150-րդ տարեդարձը հռչակեց քահանայական տարին։ Ան ճշմարիտ տիպար մըն է բոլոր քահանաներուն։

- Ապա եկեղեցին կը յիշատակէ սուրբ Կայէթանօ եւ ապա Տոմենիքօ, որոնք մեծ քարոզիչները եղան Աւետարանին։

Ապա Նորին Սրբութիւնը ըսաւ չեմ կրնար մոռնալ յիշատակը Պօղոս Զ մեծ Քահանայապետին որ վախճանեցաւ օգոստոս 6ին, ճիշտ 31 տարի առաջ։ Անոր կեանքը եղաւ մարդկայնութեամբ հարուստ, Եկեղեցւոյ համար ան եղաւ մեծ պարգեւ մը որու համար գոհութիւն մատուցանելու է Աստուծոյ։

Սրբազան Հայրը իր խորհրդածութիւնը եզրափակեց ըսելով. Թող Ամենասուրբ Կոյս Մարիամը , Եկեղեցւոյ Մայրը, օգնէ քահանաներուն որ ըլլան սիրայարներրը Քրիստոսի ու հետեւին սուրբ քահանաներու օրինակին։

Հուսկ Նորին Սրբութիւնը իր խորհրդածութիւնը եզրափակեց բոլորին մաղթելով բարի կիրակի եւ ապա ներկաներուն շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.