2009-08-02 09:17:37

Կիրակնօրեայ աւետարանական ընթերցում

Կիրակի 2 օգոստոս Բ կիրակի զկնի վարդավառի


Կիրակնօրեայ աւետարանական ընթերցում

Կիրակի 2 օգոստոս Բ կիրակի զկնի վարդավառի

ընթերցում Մատթէոսի Աւետարանէն գլուխ 19, 1-12 համարները։



1 Յիսուս այս խօսքերը աւարտելէ ետք՝ Գալիլիայէն ելաւ եւ Յորդանանի միւս կողմի՝ Հրէաստանի սահմանները գնաց։

2 Ժողովուրդի մեծ բազմութիւն մը եկաւ իր ետեւէն եւ այն տեղ՝ բժշկեց ատոնք։

3 Փարիսեցիները՝ իրեն մօտենալով, զինք փորձելու համար ըսին Թոյլատրուա՞ծ է մէկու մը, ո՛րեւէ պատճառի համար՝ արձակե՛լ իր կինը։

4 (Յիսուս) պատասխանեց անոնց եւ ըսաւ Չէ՞ք կարդացած, թէ Ան, որ ստեղծեց՝ սկիզբէ՛ն արու եւ էգ ստեղծեց անոնք եւ ըսաւ

5 Այդ պատճառով այր մարդը պիտի թողու իր հայրն ու մայրը, իր կնոջ ետեւէն պիտի երթայ եւ երկուքը մէկ մարմին պիտի դառնան ։

6 Հետեւաբար, այլեւս մէկ մարմին են անոնք եւ ոչ թէ երկու։ Արդ, ինչ որ Աստուած զուգած է՝ մարդը թող չբաժնէ՛։

7 (Փարիսեցիները) իրեն ըսին Իսկ Մովսէս՝ ինչո՞ւ հրաման տուաւ մեզի, որ արձակման թուղթ գրենք եւ արձակենք ։

8 (Յիսուս) ըսաւ անոնց Մովսէս՝ ձեր խստասրտութեան պատճառով տուաւ այդ հրամանը, որ ձեր կիները արձակէք, բայց այնպէս չէ՛ եղած սկիզբէն։

9 Սակայն ե՛ս կ'ըսեմ ձեզի, թէ ո՛եւէ մէկը, երբ պոռնկութեան պատճառով չէ՛, որ կ'արձակէ իր կինը եւ ուրիշ մը կ'առնէ՝ կը շնայ եւ արձակուածն առնողն ալ կը շնայ ։

10 Իր աշակերտները ըսին իրեն Եթէ այդքան ծանր հետեւանքներ ունի այր մարդու եւ կնոջ միջեւ եղած (այդ կապը) , լաւագոյն է չամուսնանալ ։

11 Ան ըսաւ անոնց Ատակ չե՛ն բոլորը՝ այդ ըմբռնելու, այլ անոնք միայն, որոնց այդ տրուած է։

12 Որովհետեւ ներքինիներ կան, որոնք իրենց մօր արգանդէն այդպէս ծնած են, ուրիշ ներքինիներ կան, որոնք մարդոց կողմէ ներքինի դարձուած են եւ կան ներքինիներ, որոնք իրենքզիրենք ներքինի ըրած են երկնքի արքայութեան համար։ Ով որ տանիլ կրնայ՝ թող տանի։








All the contents on this site are copyrighted ©.