2009-08-01 11:12:40

Շաբաթ օրը, Սրբազան հայրը, Գասդթել Կոնտոլֆօ ամռանային պալատին մէջ ընդունեց Հռոմի մէջ տեղի ունեցած լողալու համաշախարհային 13-րդ մրցաշարքի մասնակցողներու մէկ պատուիրակութիւնը։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը - Շաբաթ օրը, Սրբազան հայրը, Գասդթել Կոնտոլֆօ ամռանային պալատին մէջ ընդունեց Հռոմի մէջ տեղի ունեցած լողալու համաշախարհային 13-րդ մրցաշարքի մասնակցողներու մէկ պատուիրակութիւնը։



Շաբաթ օրը, օգոստոս մէկ, Սրբազան հայրը, Գասդթել Կոնտոլֆօ ամռանային պալատին մէջ ընդունեց Հռոմի մէջ տեղի ունեցած լողալու համաշախարհային 13-րդ մրցաշարքի մասնակցողներու մէկ պատուիրակութիւնը` թիւով 700 հոգի։ Յայտնենք թէ լողալու համաշախարհային 13-րդ մրցաշարքը 16 օրուայ մէջ կատարուեցաւ։ Անոր մասնակցեցան 183 ազգերէ ժամանած 2500 մարզիկներ։ Մրցումներուն հետեւեցան, 1500 լրագրողներ եւ աւելի քան 400.000 դիտորդներ։ Հեռուստատեսիլէն մրցաշարքին հետեւեցան շուրջ երկու միլիառ անհատներ։

Յառաջիկայ սեպտեմբեր 6-ին Սրբազան Քահանայապետը հովուական այցելութիւն կը կատարէ Վիդերպօ եւ Պանիորեճիօ ծննդավայրը Պոնավենդուրա սուրբին։



Սրբազան Պապին այս այցելութիւնը պիտի ըլլայ վերադարձ մը դէպի Սուրբ Պոնավենդուարայի հետքերուն։ Նորին Սրբութիւնը սեպտեմբեր 6ին առաւօտեան ժամը 10.15ին համապատարագ պիտի մատուցէ Վիթերպօ։ Ապա պահ մը կանգ պիտի առնէ սրբուհի Ռոզայի սրբավայրը` քաղաքին պաշտպան սրբուհին։

Յետմիջօրէին պիտի այցելէ Կաղնիի Տիրամօր սրբավայրը` թեմի պաշտպան սրբուհին, յետոյ ինքնաթիռով պիտի ուղղուի Պանիորեճիօ, ծննդավայրը սուրբ Պոնավենդուրայի։ Հուսկ Ս. Օգստինոսի նուիրուած հրապարակին վրայ հանդիպում պիտի ունենայ տեղւոյն բնակչութեան հետ։

Յայտնենք թէ Նորին Սրբութիւնը բնաւ չէ ծածկած իր հիացումը ս. Օգստինոսի աստուածաբանութեան հանդէպ, որուն հետեւորդը եղած է նաեւ ֆրանչիսքեան սուրբ Պոնավաենդուրան։ Միաժամանակ, Սրբազան հայրը, մեծապէս գնահատած է տոմենիքան սուրբ Թովմաս Ագուինացիի աստուածաբանական դպրոցը։ Երկու սուրբեր որնք նոյն դարաշրջանին ապրած են, 13րդ դարուն, որոնք կը ներկայացնէին իրարզիրար ամբողջացնող իրականութեան մը երկու տեսութիւնները։

Պոնվավենդուրայի համար ճշմարդութեան ճանապարհը աստուածային լուսաբանութիւնն է` ''միսդիքական եղելութիւն մը''։ Ան կը հաստատէր թէ հարկաւոր է շնորհքը եւ ոչ գիտութիւնը, իղձը եւ ոչ իմացականութիւնը, աղօթքը եւ ոչ ընթերցումը։ Ճշմարիտ իմաստութեան հասնելու համար հարկաւոր է սէրը, Սէր Քրիստոսի հանդէպ, այն աստիճանին որ անհատը պիտի փափաքի բաժնել Քրիստոսի խաչը։

Սուրն Թոմաս Ագուինացին իր կարգին սքանչելի համադրութիւն մը կը կատարէ իմացականութեան ու հաւատքի միջեւ։ Իմացականութիւնը հաւատքէն լուսաւորուած, կը գտնէ ոյժը ճանչնալու զԱստուած ու երկնային իրադրութիւնները։

Այսպէս Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ի տես ընկերութեան մը ուր, յայտնի է անոր տկար իմացականութիւնը եւ անկարողութիւնը ճանչնալու որեւէ ճշմարտութիւն մը, կը խրախուսէ մարդիկը ճանչնալու մարդկային տրամաբանութիւնը, եւ խելքի վրայ վստահիլ։ Միաժամանակ, Սրբազան հայրը, քրիստոնեաներէն կը խնդրէ որ աւելի տրամաբանականօրէն բացայայտեն իրենց հաւատքը։

Սուրբ Պոնավենդուրա եւ սուրբ Թովմաց Ագինացին եղան երկու մեծ սուրբեր եւ մեծ աստուածաբաններ, որոնք տարբեր ընտրութիւններով ու տեսութիւններով իրենց կեանքը տուին Աւետարանի դատին համար, Յիսուսի համար, եւ միաժամանակ` նոյն տարին` 1274ին,

երկինք մտան։








All the contents on this site are copyrighted ©.