2009-07-31 15:31:11

ԳԱՂՈՒԹԷ - ԳԱՂՈՒԹ


ԳԱՂՈՒԹԷ - ԳԱՂՈՒԹ



Աթէնք - Աթէնքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Տիկնանց մարմինի անդամուհիները այցելութիւն տուին Քոքինիոյ հայկական ծերանոցի պատսպարեալներուն։

Ծերանոցի տնօրէնուհին անգամ մը եւս ջերմօրէն դիմաւորեց այցելուները՝ շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց յաճախակի այցելութիւններուն համար, որոնք անմիջական արդիւնք կու տան՝ ծերերուն մօտ խանդավառութիւն ստեղծելով։

Անդամուհիները զրուցեցին պատսպարեալներուն հետ եւ խանդավառ մթնոլորտի մէջ պատուեցին զանոնք՝ իրենց պատրաստած ճաշով եւ անուշեղէններով։

Այս այցելութիւնը եւս արդիւնաւէտ նկատելով՝ Տիկնանց մարմինի անդամները խօսք տուին կարճ ժամանակ ետք դարձեալ կրկնելու իրենց այցելութիւնը։



Կիպրոս - Ինչպէս նախորդ տարիներուն, ՀՕՄ-ի Կիպրոսի Սօսէ մասնաճիւղին կազմակերպութեամբ, այս տարի եւս կիպրահայ պատանիներու խումբ մը մասնակցութիւն կը բերէ Հայ գթութեան խաչի Խալքիտիքիի ամարանոցին, ուր տղաքը կանցընեն իրենց ամառնային արձակուրդը։

Պատանիները, թիւով 13 հոգի, խանդավառ տրամադրութեամբ կը մասնակցին ամարանոցի գործունէութեան։



Կլենտէյլ - 9-12 յուլիսին Կլենտէյլի մէջ գումարուեցաւ Հայ օգնութեան միութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու 89-րդ տարեկան Շրջանային պատգամաւորական ժողովը։ Նորընտիր Շրջանային վարչութիւնը առաջին նիստով կազմեց իր դիւանը։

Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Սօսի Փոլատեան յայտնեց, թէ նորընտիր վարչութեան անդամներուն հետ յաւելեալ խանդով եւ ծառայական ոգիով պիտի դիմագրաւեն ՀՕՄ-ի հարիւրարմեակը, որուն ընդմէջէն լաւագոյնս պիտի ծառայեն ժողովուրդին՝ Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանին եւ հայրենիքին մէջ։



Նիւ Եորք - ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի կայքէջի պաշտօնատարներուն խօսքերը, կը յայտնէ, թէ Լեռնային Ղարաբաղի կացութիւնը պիտի քննարկուի ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 64-րդ նիստին ընթացքին։

Նիստի օրակարգին վրայ են ՎՈՒԱՄ-ի շրջանին մէջ սառեցուած տագնապները եւ շրջանին մէջ անոնց ազդեցութիւնը, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի կացութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.