2009-07-30 10:55:54

Ակնարկ մը միջազգային դէպքերու


Ակնարկ մը միջազգային դէպքերու



Հայաստանի ներկայացուցչութեան ղեկավար, դեսպան Աւէտ Ադոնց իր հաւատարմագիրները յանձնեց Եւրոպական Միութեան 27 յուլիսին Եւրոպական Միութեան մէջ Հայաստանի ներկայացուցչութեան ղեկավար, դեսպան Աւէտ Ադոնց իր հաւատարմագիրները յանձնեց Եւրոպական Միութեան նախագահող Շուէտի արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք Պելֆրաժին։

Եւրոպական Միութեան խորհուրդի նախագահը գոհունակութիւն յայտնեց Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու խորացման ներկայ միտումներուն համար։ Դեսպան Ադոնց ներկայացուց արցախեան տագնապին շուրջ ընթացող բանակցութեանց վերջին զարգացումները եւ հայ-թրքական յարաբերութեանց կարգաւորման ներկայ վիճակը։



Իսրայէլ - Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի Միջին Արեւելքի հարցերու յատուկ պատուիրակն ու Իսրայէլի վարչապետը երէկ յայտնեցին, որ Այսրյորդանանի բնակեցման վայրերուն հարցով իրենց քննարկումներուն մէջ յառաջդիմութիւն արձանագրած են, սակայն Երուսաղէմի մէջ իրենց հանդիպումին ընթացքին բեկումի մը վերաբերեալ որեւէ ցուցանիշ չտուին։

Միչըլ այս շաբաթ Իսրայէլ այցելած չորս բարձրաստիճան պատուիրակներէն մէկն է։ Այդ բոլոր այցելութիւններն ալ կիյնան պաղեստինցիներուն, Սուրիոյ եւ Լիբանանի հետ Իսրայէլի տագնապները լուծելու եւ արաբական աշխարհին հետ Իսրայէլի յարաբերութիւնները բնականոնացնելու ամերիկեան ջանքերուն ծիրին մէջ։ Այս է մեր նպատակը, եւ ատոր նկատմամբ է, որ մենք մեզ յանձնառու դարձուցած ենք, Նեթանիահուի հետ հանդիպելէ ետք ըսաւ Միչըլ։



Քիւրտ Նախկին Երեսփոխան Լէյլա Զանա Դարձեալ Կը Դատապարտուի



ՏԻԱՐՊԷՔԻՐ - Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամ ընտրուած առաջին քիւրտ կինը հանդիսացող յայտնի քաղաքական գործիչ Լէյլա Զանա դարձեալ բանտարկութեան դատապարտուեցաւ թրքական ատեանին կողմէ, Լոնտոնի համալսարաններէն մէկուն մէջ իր կատարած մէկ ճառին համար: Ան այս անգամ 15 ամսուան բանտարկութեան դատապարտուեցաւ, որովհետեւ անոր խօսքերը Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան ի նպաստ քարոզչութիւն նկատուեցան: Ան իր ելոյթին ընթացքին յայտարարած էր, թէ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութիւնն ու անոր բանտարկուած ղեկավար Ապտուլլահ Օչալանը, «քիւրտերուն համար կարեւոր են այնքան, որքան մարդ արարածին համար կարեւոր են անոր ուղեղն ու հոգին»: Զանայի դէմ բացուած դատը կը քննուէր Տիարպէքիրի Քրէական բարձրագոյն ատեանին կողմէ, որուն վերջին նիստին ընթացքին Զանայի փաստաբանները պնդեցին, թէ Զանայի արտասանած ճառը քարոզչութիւն չէր, այլ՝ պարզապէս կացութեան գնահատական մը, եւ դատարանէն խնդրեցին անոր դէմ արձակուած ամբաստանութիւնը անտեսել։

Դատաւորները, հիմնուելով ահաբեկչական կազմակերպութեան մը քարոզչութիւն կատարելը քրէական յանցանք նկատող օրէնքի մէկ յօդուածին վրայ՝ Զանան դատապարտեցին 16 ամիս բանտարկութեան, սակայն դատարանին մէջ անոր լաւ վարմունքին համար, բանտարկութեան վճիռը նուազեցուցին 15 ամսուայ։ Դատախազները Զանայի դէմ 5 տարուան բանտարկութեան վճիռ մը պահանջած էին։ Զանա, որ խորհրդարանի անդամ ընտրուած էր 1991ին, Նոպէլեան խաղաղութեան մրցանակի թեկնածու եղած է:








All the contents on this site are copyrighted ©.