2009-07-29 13:36:50

Քահանայական տարի - Քիւրէ Տ՚Արս - Ժան Մարի Վիաննէ - Լատիներենը դժուար լեզու է (1806-1809)


Քահանայական տարի - Քիւրէ Տ՚Արս - Ժան Մարի Վիաննէ - Լատիներենը դժուար լեզու է (1806-1809)

Տէր Կարոլոս Պալի Էքիւլիի ժողովրդապետ եղած էր 1803ին։ Սա նախկին կրօնաւոր մըն էր Օգոստինեան կարգէն։

Այս վարդապետը 1806ին, իր մօտ ընդունած էր 15 տարու պատանի մը Մաթիաս Լորա անունով։ Նպատակն էր լրացուցիչ դասեր տալ եւ զինք պատրաստել կղերանոց մտնելու յարմար աստիճանին։ Մաթիասի հայրը կառափնատի ենթարկուած էր, եւ յեղափոխութեան ցաւալի օրերուն Մաթիասի մայրը պահած էր Տէր Պալին։ Որով, վարդապետը չէր կրնար մերժել այս ծառայութիւնը։

Սակայն Էքիւլիի հովիւը արդէն ծանրաբեռնուած էր գործերով եւ երկրոդ աշակերտ մըն առնելու կը դժուարնար։

Մաթիաս քաղաքացի պատանին օժտուած էր ուսումնական տաղանդով եւ դիւրաւ կը սորվէր դասերը, մինչդէռ Ժան Մարի կոշտ գիւղացի մըն էր. Քսան տարեկան եւ անուսում։

Բարեսիրտ ժողովրդապետը որոշում առնելէ առաջ ուզեց հանդիպում մը ունենալ իր թեկնածուին հետ։

Կատարինէ Լազան, որ ապագային մտերիմը եղաւ Արսի ժողովրդապետին, կը պատմէ թէ.

- Հանդիպման վերջաւորութեան աչքերը յառեց Ժան Մարիի վրայ եւ յետ քանի մը վայրկեան դիտելու ըսաւ. ՙՊիտի ընդունիմ ասիկա։ Եթէ հարկ ըլլայ պիտի զոհուիմ իրեն համար։՚

Երեք տարի սորվեցաւ, մանաւանդ ֆրանսերէն եւ լատիներէն։ Յիշողութիւնը տկար էր, դանդաղ կը սորվէր, բայց ապուշ չէր եւ լաւ կը սորվէր ինչ որ իրեն կը բացատրուէր հանդարտութեամբ եւ իրեն հասկանալի բառերով։ Կ՚ աշխատի բոլոր ուժովը, արդիւնքը սակայն համեստ է։ Կ՚որոշէ ուխտի երթալ Ֆրանսուա Ռէժիի գերեզմանին վրայ, խնդրելու որ իր միտքը բանայ եւ մանաւանդ օգնէ լատիներէնը զօրացնելու։ Եւ կ՚ուխտէ ոչ միայն քալելով կտրել Էքիւլիէն լա Լուվեսք երկարող հարիւրաւոր քիլոմեթր, այլեւ ճամբու ընթացիքն մուրալ իր հացը։

Ափսո՛ս, այս երիտասարդը վարպետ մուրացկան մը չէ... Ուխտատեղի կը հասնի հիւծած եւ քաղցած։ Տարիներ հետոյ կ՚ըսէ.

-Կեանքիս մէջ անգամ մը միայն մուրացած եմ, եւ այն՝ անյաջող։ Հոն էր որ սորվեցայ թէ լաւագոյն է տալ՝ քան խնդրել։







All the contents on this site are copyrighted ©.