2009-07-29 13:42:12

Հոգեւոր համերգ կազմակերպութեամբ Զմմառու միաբանութեան վարչութեան, Զմմառու Արծիւեան միաբանութեան հիմնադրութեան 260-ամեակին եւ երանելի Իգնատիոս արք. Մալոյեանի երանացման Ը տարեդարձին առիթով


Հոգեւոր համերգ կազմակերպութեամբ Զմմառու միաբանութեան վարչութեան, Զմմառու Արծիւեան միաբանութեան հիմնադրութեան 260-ամեակին եւ երանելի Իգնատիոս արք. Մալոյեանի երանացման Ը տարեդարձին առիթով

Նախագահութեամբ հայ կաթողիկէ համայնքի Ներսէս Պետրոս ԺԹ պատրիարքին, կազմակերպութեամբ Զմմառու միաբանութեան վարչութեան, Զմմառու Արծիւեան միաբանութեան հիմնադրութեան 260-ամեակին եւ երանելի Իգնատիոս արք. Մալոյեանի երանացման Ը տարեդարձին առիթով, կիրակի, 26 յուլիս 2009-ի երեկոյեան ժամը 7։00-ին, Զմմառու մայրավանքի հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ հոգեւոր համերգ։
Ձեռնարկին բարի գալուստի խօսքը արտասանեցին Նարեկ վրդ Լուիսեան եւ Գաբրիէլ վրդ. Մուրատեան։ Անոնք շեշտեցին, որ Զմմառու Արծիւեան մայրավանքին մէջ դարեր շարունակ սնած եւ ուռճացած են ճշմարիտ միաբան վարդապետներ, որոնք հնազանդութեան, ողջախոհութեան եւ աղքատութեան երդումով գօտեպնդուած՝ մեծապէս նպաստած են եկեղեցւոյ աշխատանքին։
Անոնք հաստատեցին, թէ Զմմառու մայրավանքը ներշնչարան է հայ մտքին եւ սրտին, հաւատքի լուսատու փարոս է եւ ճշմարտութեան ու սիրոյ անմահ ջահ՝ աւելցնելով, որ 260-ամեայ այս վանքը դարաւոր հայ հաւաքի խտացեալ լեզուն է, որ կը պատմէ միաբան հայրերուն եւ հայրապետներուն անպատմելի տառապանքներ, նահատակութիւնը եւ փառքը, ինչպէս քրիստոնէական վկայութեան տիպարը հանդիսացող երանելի Իգնատիոս արք. Մալոյեանի նահատակութիւնը։
Այնուհետեւ Կռունկ երգչախումբը՝ ղեկավարութեամբ դոկտ. Եդուարդ Թորիկեանի, դաշնակի ընկերակցութեամբ Թամար Գասապեանի, մեկնաբանեց երգերու փունջ մը։
Օրուան պատգամը արաբերէնով փոխանցեց պատրիարքական փոխանորդ եւ Զմմառու վանքի մեծաւոր Միքայէլ Թ. Ծ. վրդ. Մուրատեան։ Ան պատմական ակնարկ մը նետեց Զմմառու վանքի հիմնադրութեան եւ անոր հիմնադիրին Աբրահամ Արծիւեանի տարած աշխատանքներուն վրայ։ Ան նկատել տուաւ, որ 260-ամեայ այս վանքին մէջ ապրած է երանելի Իգնատիոս արք. Մալոյեան, որ 16 այլ միաբաններու հետ միասին նահատակուած է 1915-ին՝ իր ունեցած քրիստոնէական զօրաւոր հաւատքին համար։ Ապա երգչուհի Ապիր Նաամէ մեկնաբանեց փունջ մը շարականներ եւ հոգեւոր երգեր, ինչպէս նաեւ Ողջոյն քեզ Մարիամ եւ Մահապպա երգերը՝ ընկերակցութեամբ Կռունկ երգչախումբին։
Ձեռնարկը փակուեցաւ ամենապատիւ հոգեւոր տիրոջ պահպանիչով եւ Տէրունական աղօթքով։







All the contents on this site are copyrighted ©.