2009-07-26 13:43:36

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը



Կիրակի, յուլիս 26, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, կէսօրին` Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը արտասանեց ամառանոցի լը գոմբ կոչուած վայրէն, համախմբուած տասնեակ հարիւրաւոր հաւատացեալներու ներկայութեամբ։

Մարեմեան աղօթքէն առաջ նորին սրբութիւնը հետեւեալ խորհրդածութիւնը կատարեց.

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր, Կիրակնօրեայ Հրեշրակ Տեառն մարեմեան աղօթքը ուրախութեան առիթ մըն է ինծի համար ձեզ ողջունելու ու միասին մեծարելու Աստուծոյ սքանչելիքները, որ մեզի համար ըրաւ։ Այս պատճառաւ կը հրաւիրեմ ձեզ որ ճանչնաք ձեր կեանքին մէջ Աստուծոյ բազմաթիւ շնորհները։ Արձակուրդի այս շրջանին կը հրաւիրեմ ձեզ, Տիրոջ նման, պահ մը քաշուիլ աղօթելու համար։ Մի մոռնաք զԱստուած արձակուրդի շրջանին, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, որովհետեւ Ան միշտ ներկայ է ձեր կեանքին ու մեզի կ'ընկերանայ։ Աստուծմէ կը խնդրեմ որ ձեզ օրհնէ, ինչպէս նաեւ ձեր ընտանիքն ու բարեկամները։

Ապա Սրբազան Հայրը ներկաներպւն յիշեցուց թէ Եկեղեցին կը յիշատակէ Յովակիմ եւ Աննա սուրբերը` ծնողքը ամենասուրբ Կոյս Մարիամին ու Յիսուսի մեծ հայրն ու մայրը։ Ասիկա առիթ կու տայ ինծի մտածելու զաւակներու կրթութեան ու դաստիարակութեան մասին։ Մեծ հայրերն ու մայրերը վկաներն են կեանքի հիմնական արժէքներու։ Մեծ ծնողներու կրթութիւնը շատ կարեւոր է եւ յաճախ անոնք կը փոխառինեն ծնողները, որ իրենց բազմազբաղումին հետեւանքով ներկայութիւնը կ'ապահովեն զաւակներու մօտ։ Սրբազան Հայրը իր խորհրդածութիւնը եզրափակեց ըսելով. Աննայի ու Յովկաիմի սուրբերուն բարեխօսութիւնն ու պաշտպանութիւնը կը հայցեմ մեծ ծնողներու վրայ եւ անոնց կու տամ իմ յատուկ օրհնութիւնը։

Հուսկ Նորին Սրբութիւնը իր խորհրդածութիւնը եզրափակեց բոլորին մաղթելով բարի կիրակի եւ ապա ներկաներուն շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.