2009-07-25 13:14:48

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


 ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ՊԱՐՐՈԶՕ Կ'ԸՆԴՈՒՆԻ ԴԵՍՊԱՆ ԱՒԷՏ ԱԴՈՆՑԸ։

Նախանցեալ օր, Եւրոպական Միութեան մէջ Հայաստանի Ներկայացուցչութեան ղեկավար, Դեսպան Աւէտ Ադոնց իր հաւատարմագիրները յանձնած է Եւրոպական Յանձնաժողովի նախագահ Խոսէ Մանուէլ Պարրոզոյին։ Արարողակարգէն ետք տեղի ունեցած է զրոյց մը, որուն ընթացքին քննարկուած են Հայաստան - Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւնները եւ անոնց զարգացման հեռանկարները։ Շնորհաւորելով Աւէտ Ադոնցը դեսպան նշանակուելուն առիթով՝ Եւրոպական Յանձնաժողովի նախագահը վերահաստատած է Եւրոպական Միութեան պատրաստակամութիւնը Հայաստանի հետ խորացուած համագործակցութիւնը շարունակելու։ Ան ողջունած է Հայաստանի նախագահին ջանքերը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման եւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման առնչութեամբ։ Պարրոզօ նաեւ նշած է Եւրոպական Յանձնաժողովին պատրաստակամութիւնը՝ ձեռնարկելու միջոցներու, որոնք ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի աշխատանքները պիտի ամբողջացնեն։ Դեսպան Ադոնց ներկայացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին շուրջ ընթացող բանակցութիւններուն վերջին զարգացումները եւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման ներկայ վիճակը։ Քննարկուած են նաեւ Հայաստան - Եւրոպական Միութիւն նոր պայմանագրային յարաբերութիւններու հաստատման, ազատ առեւտուրի համաձայնագիրի կնքման, մուտքի արտօնագրային դրութեան պարզացումին վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ներքաղաքական կեանքին մէջ տեղի գտած դրական զարգացումները։

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՝՝ԶՈՒԱՐԹՆՈՑ՝՝ ՕԴԱԿԱՅԱՆԸ։ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ այցելած է ՝՝Արմենիա՝՝ միջազգային օդակայաններ փակ բաժնետիրական ընկերութիւնը՝՝Զուարթնոց՝՝ օդակայանի հանրային գօտիին մէջ կառուցուող նոր համալիրի շինարարական աշխատանքներուն ծանօթանալու նպատակով։ Համալիրը սկսած է կառուցուիլ 2008 թուականին եւ պիտի սկսի գործածուիլ 2011 թուականին, որմէ ետք ՝՝Զուարթնոց՝՝ միջազգային օդակայանը տարեկան պիտի կրնայ ծառայել 3 միլիոն ճամբորդներու։ Նախագահը նաեւ շրջած է արդէն գործածուող մեկնումի եւ ժամանումի սրահները, ծանօթացած է նոր օգտագործուող թեքնիք համակարգերուն եւ ճամբորդներու սպասարկման գործընթացի կազմակերպման։

ԲՈՂՈՔԻ ՑՈՅՑԵՐ՝՝ՇԵՒՐՈՆ՝՝ՔԱՐԻՒՂԻ ԸՆԿԵՐՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ։

Ամերիկեան ՝՝Շեւրոն՝՝ քարիւղի ընկերութիւնը փորձած է թրքական եւ ազրպէյճանական բացատրութիւններով պարզաբանել, թէ ինչու կ'ընդդիմանայ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին ներկայացուած Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւի նախագիծին։ ՀՅԴ երիտասարդական կառոյցը կը տեղեկացնէ, որ ՝՝Շեւրոնի՝՝ բանբերը յայտարարած է, թէ ընկերութիւնը կ'աջակցի Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման, իսկ Ցեղասպանութեան բանաձեւը չի նպաստեր, այլ կը խանգարէ այդ հարցով բանակցութիւններուն։ՀՅԴ երիտասարդական կառոյցը նախաձեռնած է հակաամերիկեան արշաւի մը, որուն նպատակն է հանրութեան տեղեկացնել այս եւ հինգ այլ ընկերութիւններու՝ Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւի դէմ կատարած լոպիինկին մասին։ Քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ, որ Ցեղասպանութեան բանաձեւի հիմնական հեղինակներէն մէկն է, քննադատած է ՝՝Շեւրոնը՝՝ եւ միւս ընկերութիւնները։ Չեմ կարծեր, որ ամերիկեան որեւէ մեծ ընկերութիւն պէտք է լոպիինկ կատարէ Ցեղասպանութեան ճանաչման դէմ (ըսած է Շիֆ)։ Բողոքի ցոյցերը սկսած են 22 յուլիսին Քալիֆորնիա նահանգի Սան Ռամոս քաղաքին մէջ գտնուող՝՝Շեւրոնի՝՝ գլխաւոր կեդրոնատեղիին մօտ, ինչպէս նաեւ ՝՝Շեւրոնին՝՝ պատկանող բազմաթիւ վառելանիւթի կայարաններու առջեւ։ Ցոյցերը լուսաբանուած են տեղական մամուլով։

ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐԱԿԱՆ ԴԱՏԱՐԱՆԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԴԱՏԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑՈՎ ՕՐԷՆՔԸ ՉԵՂԵԱԼ ՆԿԱՏԵԼՈՒ ԴԻՄՈՒՄԸ։

Թուրքիոյ սահմանադրական դատարանը ընդունեց զինուորականներու՝ քաղաքային դատարաններու կողմէ դատուիլը արտօնող օրէնքին դէմ Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր կուսակցութեան կատարած առարկութիւնը։ ՝՝Հանրապետական Ժողովուրդի՝՝ կուսակցութիւնը սահմանադրական դատարանին դիմած էր օրէնքի բարեփոխումը չեղեալ նկատելու համար։ Թուրքիոյ խորհրդարանը օրէնքը որդեգրած էր 26 յուլիսին։ Օրէնսդրութեան նպատակը Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան արժեչափերը բաւարարելն էր։ Սահմանադրական դատարանը նաեւ մասնակի կերպով չեղեալ նկատեց Սուրիոյ հետ սահմանին վրայ ականազերծում արտօնող օրէնքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.