2009-07-24 14:07:43

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը



Սրբազան Հայրը իր հոգեւոր մօտիկութիւնը եւ աղօթքը կը հաղորդէ Փիլիփեաններու երբեմնի նախագահ տիկին Գորազոն Աքինոյի, որ կը խնամուի Մանիլայի հիւանդանոցը։



Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, իմանալով Վատիկանի Պետական Քարտուղար` կարտինալ Պերթոնէն, Փիլիփաեաններու երբեմնի նախագահ տիկին Գորազոն Աքինոյի առողջապահական ծանր կացութիւնը, իր հոգեւոր մօտիկութիւնը յայտնած է։ Փիլիփեաններու մօտ առաքելական դեսպանը հաղորդած է տիկին Գորազոն Աքինոյի առողջութեան բարեմաղութիւնը ու աղօթքը։ Տիկին Աքինօ մեծապէս սփոփուած է Սրբազան Քահայանապետի աղօթքէն։ Յայտնենք թէ 76 տարեկան տիկին Գորազոն Աքինօ 1986-1992 եղած է Փիլիփեաններու հանրապետութեան առաջին տիկին նախագահը եւ հանրավարութիւնը վերահաստատեց իր հայրենիքին մէջ։



Քահանայապետական անուանում։

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը նշանակեց գերապայծառ Յովհաննէս Պէչու որպէս առաքելական դեսպան Գուպայի մօտ։ Նախապէս ան առաքելական դեսպան եղած էր Անկոլա



վատիկանեան տեղեկութիւններ

Ուրբաթ` յուլիս 24, Վատիկանի թանգարանը բացառաբար այս գիշեր իր դռները կը բանայ այցելուներուն։

երեկոյեան 7-11 վատիկանի թանգարանը իր դռները կը բանայ այցելուներուն որոնք պիտի կարողանան վայելել սքանչելիքները Սիկստինա մատրան, Ռաֆայելլոյի սենեակները եւ թանգարանի այլ հրաշալիքները։



Ռուսիոյ մէջ կրօնքի դասերը ետ պիտի սկսին։

92 տարի ետք Դաշնակցային Ռուսիան կը վերահաստատէ կրօնքի դասընթացքի ժամը։ Կրօնքի դասընթացքը ներկայիս պիտի սերտուի երկրի 18 մարզերու 12 հազար դպրոցներու մէջ։ Աշակերտներուն կարելիութիւն պիտի տրուի ընտրել կրօնի դասի եւ բարոյական դասի միջեւ։ Կրօնի դասի համար նախատեսուած է դասաւանդումը քրիստոնեական, մահմետական եւ պուտտայական կրօներու։



Լիոնի մէջ վերջ գտաւ Եւրոպական Եկեղեցիներու խորհուրդի 13-րդ համաժողովը



Յուլիսի 20-ին իր աշխատանքներն աւարտեց Լիոնի մէջ ընթացող Եւրոպական Եկեղեցիներու խորհուրդի 13-րդ համաժողովը, որուն մասնակցած էր նաև Հայ Եկեղեցւոյ մէկ պատուիրակութիւնը։

Եւրոպական Եկեղեցիներու խորհուրդի համաժողովի ընթացքին անդամ Եկեղեցիները շարք մը յայտարարութիւններ կատարեցին հայող գաղթականներու իրաւունքներու արժևորման, ֆինանսական և տնտեսական կառույցներու բարոյական սկզբունքներու խթանման, մարդու իրաւունքներու և կրօնական ազատութեան, արարչագործութեան պահպանութեան, միջուկային զէնքերէն աշխարհի ձերբազատման մասին։

Համաժողովի ընթացքին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միջեկեղեցական յարաբերութիւններու գրասենեակի վարիչ Յովակիմ վարդապետ Մանուկեանն ընտրուեցաւ Եւրոպական Եկեղեցիներու խորհուրդի Կենտրոնական կոմիտէի անդամ, իսկ Շահե աբեղայ Անանեանը՝` աշխատանքային խմբի անդամ, որ մինչև 2013 թ վերատեսութեան պիտի ենթարկէ Եւրոպական Եկեղեցիներու խորհուրդի առաքելութեան իրականացման կերպերն ու կանոնադրութիւնը և արդիւնքները ղիտի ներկայացնէ Եւրոպական Եկեղեցիներու խորհուրդի յաջորդ համաժողովի հաստատմանը։








All the contents on this site are copyrighted ©.