2009-07-23 15:09:28

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


 



ԵԱՀԿ-ի ՄԻՆՍՔԻ ԽՄԲԱԿԻ ՀԱՄԱՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐԸ ՔՐԱՔՈՎԻ ՄԷՋ ՊԻՏԻ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐԵՆ ՄԱՏՐԻՏԵԱՆ ՓԱՍՏԱԹՈՒՂԹԻ ՆՈՐԱՑՈՒԱԾ ՏԱՐԲԵՐԱԿԸ։

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները յուլիսի աւարտին Քրաքովի մէջ պիտի ունենան աշխատանքային հանդիպում մը։ Հանդիպման նպատակն է Իտալիոյ Աքուիլայ քաղաքի մէջ նախագահներ Պարաք Օպամայի, Տիմիթրի Մետվետեւի եւ Նիքոլա Սարքոզիի կողմէ ընդունուած հռչակագիրին հիման վրայ մատրիտեան փաստաթուղթի նոր տարբերակը պատրաստել։ 21 յուլիսին ԵԱՀԿ-ի կայքէջին մէջ տեղադրուած յայտարարութեան մէջ համանախագահները նշած են, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն 17 եւ 18 յուլիսի Մոսկուայի բանակցութիւնները անկեղծ եւ կառուցողական մթնոլորտի մէջ անցած են։ Համանախագահները մասնաւորաբար յայտարարած են ՝՝Բանակցութիւնները կարելիութիւն ընձեռեցին կողմերուն երկարատեւ եւ մանրամասն քննարկումներ կատարելու այն ձեւակերպումներուն շուրջ, որոնք առաջարկուած են կողմերուն՝ հիմնարար սկզբունքներուն մէջ տակաւին չհամաձայնեցուած հայեցակարգային բաղադրիչներուն շուրջ ներկայ տարակարծութիւնները փարատելու նպատակով՝՝։Յայտարարութեան մէջ նաեւ կը նշուի, որ համանախագահները կը պատրաստուին սեպտեմբերին շրջան այցելել։

ԵԱՀԿ-ի ՄԻՆՍՔԻ ԽՄԲԱԿԻ ՀԱՄԱՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐԷՆ ԵՐԿՈՒՔԸ ՓՈՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ՊԻՏԻ ԵՆԹԱՐԿՈՒԻՆ։ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ռուս համանախագահ Եուրի Մերզլեաքով ազրպէյճանական ՝՝Թրենտ՝՝ լրատու գործակալութեան ըսած է, որ այս տարուան ընթացքին ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի եւ ռուս համանախագահները պիտի փոխուին։ Ըստ անոր, ամերիկացի համանախագահ Մեթիու Պրայզա շրջան իր վերջին այցելութիւնը պիտի կատարէ աշնան։ Վերջերս լուրեր տարածուած էին, թէ Պրայզա շատ հաւանաբար Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան նշանակուի, սակայն ամերիկացի միջնորդը իր նշանակման մասին լուրերը չէր հաստատած։ Պրայզա ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ է 2006 թուականէն ի վեր, ան փոխարինած է Սթիվըն Մաննը։ Եուրի Մերզլեաքով իր պաշտօնը ստանձնած է 2003 թուականին՝ փոխարինելով Նիքոլայ Կրիպքովը։

ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՄԻՆՉԵՒ ՏԱՐԵՎԵՐՋ ԶՕՐԱԽՈՒՄԲ ՄԸ ՊԻՏԻ ՈՒՂԱՐԿԷ ԱՖՂԱՆԻՍՏԱՆ։

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան նախանցեալ օր ըսած է, որ մինչեւ տարեվերջ Հայաստան զօրախումբ մը պիտի ուղարկէ Աֆղանիստան։ ՝՝Էսոշիէյթըտ Փրես՝՝ գործակալութիւնը կը փոխանցէ, որ Օհանեան ըսած է, թէ ՝՝զօրախումբի տեղակայման մանրամասնութիւնները Գերմանիոյ հետ պիտի քննարկուին՝՝։

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ ՖՈՐՈՒՄԻ ՄԱՍՆԱԿՑՈՂՆԵՐԸ ՀԱՐՈՒՍՏ ՅԱՅՏԱԳՐԻ ՄԸ ԿԸ ՀԵՏԵՒԻՆ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ՄԷՋ։ Համազգայինի Ֆորումի բացումը կատարուեցաւ Երեւանի մէջ Երկուշաբթի, 13 Յուլիսին։ Այս տարի կ'իրագործուի Համազգայինի 15-րդ Ֆորումը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 8 երկիրներէ՝ 26 ուսանողներ։Պաշտօնական բացումէն ետք սկսաւ գործադրուիլ ճոխ յայտագիր մը։ Ուսանողները այցելեցին Երեւանի Պետական Համալսարան եւ ունեցան հանդիպում-զրոյց մը համալսարանի նախագահ Արամ Սիմոնեանի հետ։ Ուսանողներու կեցութիւնը կը նախատեսէ հանդիպումներ պետական ներկայացուցիչներու հետ, զբօսաշրջական այցելութիւններ, դաստիարակչական հաւաքներ եւայլն։ Անցեալ շաբաթավերջին ֆորումականները այցելեցին Էջմիածինի Մայր Տաճարը, ինչպէս նաեւ Սբ. Հռիփսիմէ եւ Սբ. Գայեանէ եկեղեցիները։ Կէսօրէ ետք, ուսանողները մասնակցեցան հայ ինքնութեան մասին սեմինարի մը։ Ֆորումի դաստիարակչական պատասխանատու Խաչիկ Մուրատեան եւ տոքթ Հրանդ Մարգարեանը վարեցին սեմինարը։ Տեղի կ'ունենան նաեւ դասախօսութիւն-զրոյցներ հայկական տարբեր գաղթօճախներու մասին։ Երկուշաբթի 20 Յուլիսին, ուսանողները այցելեցին ազգային բանակի զօրամաս, ուր տեղի ունեցաւ երդման արարողութիւն։ Ուսանողները շրջեցան զօրամասէն ներս, ծանօթացան զինուորներու առօրեային եւ ջերմ զրոյցներ ունեցան բանակի երիտասարդ ծառայողներուն հետ։ Կէսօրէ ետք, ուսանողները ներկայ գտնուեցան կլոր սեղանի մը , որուն ընթացքին Հայաստան հաստատուած սփիւռքահայեր ուսանողներուն ներկայացուցին իրենց փորձառութիւնները։ 35 սփիւռքահայ երիտասարդները, որոնք հայրենիք ժամանած են՝ ԱՄՆ-էն, Ֆրանսայէն, Լիբանանէն, Իրանէն, Պրազիլէն, Իսրայելէն, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն ընդունուեցան ՀՀ Սփիւռքի Նախարարին կողմէ, որ հանգամանօրէն իրենց ներկայացուց այն մեկնակէտերը, որոնք պատմական անհրաժեշտութիւն դարձուցին ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան ստեղծումը։ Տիկին Յակոբեանը կարեւորած է յատկապէս Սփիւռքի երիտասարդութեան գործօն մասնացկութիւնը այն բոլոր հայապահպանման ծրագրերուն մէջ, որոնք նախաձեռնուած են ու կ'իրականացուին սփիւռքեան կառոյցներու մասնակցութեամբ







All the contents on this site are copyrighted ©.