2009-07-22 13:24:44

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


 

ԸՍՏ ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՀԻՄՆԱԿԱՆ ՀԱՐՑԸ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ԿԱՐԳԱՎԻՃԱԿՆ Է ։Սերժ Սարգսեան նախանցեալ օր հանդիպած է Երեւան այցելած Շուէտի արտաքին գործոց նախարար Քարլ Պիլտի հետ։ Հանդիպման ընթացքին Սարգսեան ըսած է, որ Ազրպէյճանի նախագահին հետ Մոսկուայի մէջ կայացած վերջին հանդիպումը քիչ մը տարբեր պայմաններու մէջ ընթացած է, որովհետեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները հանրութեան արդէն տեղեակ պահած էին, թէ ի՛նչ սկզբունքներ պիտի քննարկեն ։Ըստ Հայաստանի նախագահին, ատիկա կրնայ նաեւ իբր օժանդակութիւն նկատուիլ, քանի որ դժբախտաբար, միշտ չէ, որ կողմերը հանրութեան կը ներկայացնեն այն հարցերը, որոնց մասին կը խօսուէր բանակցութիւններուն ընթացքին։ Հակառակ այս հանգամանքին՝ Մոսկուայի քննարկումներէն ետք նաեւ Ազրպէյճանի մէջ այլ ձեւով կը փորձեն ներկայացնել բանակցութիւններու օրակարգը եւ իմաստը։ Հետեւաբար, կրնամ ըսել, որ թէեւ դժուարութեամբ, բայց յառաջընթաց կայ։ Գիտէք, որ հիմա մենք կը քննարկենք Մատրիտեան սկզբունքներէն առանձնացուած հիմնական սկզբունքները, ուրեմն պէտք է քննարկենք մնացեալ սկզբունքները եւ անոնց հիման վրայ սկսինք հիմնական համաձայնագիրի մշակումը։ Կը կարծեմ, որ արդէն բոլորին համար պէտք է բնական դառնայ, որ հիմնականը Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակին խնդիրն է, որ պէտք է ազատ կամքի արտայայտութեամբ որոշուի եւ ունենայ պարտադիր իրաւական ուժ։ Երբ կարենանք այս խնդիրին պատշաճ ձեւակերպում տալ, որ որեւէ երկմտանք պիտի չյառաջացնէ, այնուհետեւ կը կարծեմ, որ բանակցութիւնները շատ աւելի հեզասահ պիտի ընթանան։ Շուէտի արտաքին գործոց նախարարը ընդգծած է այն կարեւորութիւնը, որ Եւրոպական Միութիւնը կու տայ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման գործընթացին՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի ծիրին մէջ, եւ աջակցութիւն յայտնած է տագնապի լուծման ուղղուած ջանքերուն։

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՎԵՆԵԶՈՒԵԼԱՅԻ ՆՈՐ ՆՇԱՆԱԿՈՒԱԾ ԴԵՍՊԱՆԸ։ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին երէկ իր հաւատարմագիրերը յանձնեց Վենեզուելայի նոր նշանակուած դեսպան Հիւկո Խոսէ Կարսիա Էռնանտես (նստավայրը՝ Մոսկուա)։Շնորհաւորելով դիւանագէտը իր պաշտօնը ստանձնելուն առիթով՝ նախագահը յոյս յայտնեց, որ պաշտօնավարման ընթացքին դեսպանը իր կարեւոր ներդրումը բերէ երկու երկիրներու յարաբերութիւններու զարգացման։

Հաւատարմագիրերու յանձնումի արարողութեան յաջորդած զրոյցին ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի եւ Վենեզուելայի միջեւ տարբեր մարզերու մէջ փոխադարձ գործակցութեան կարելիութիւնները, նաեւ կարեւոր նկատուեցաւ միջազգային կառոյցներուն մէջ երկկողմ համագործակցութեան աշխուժացումը։ ՍերժՍարգսեան ողջունեց չորս տարի առաջ Վենեզուելայի խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը։

ՌԱՊԻԷԻ ՄԷՋ ԶՕՐ.ՄԻՇԵԼ ԱՈՒՆ Կ'ԸՆԴՈՒՆԻ ՀՅԴ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ։

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեան, Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Սեպուհ Յովնանեան եւ Հայկական Երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի երէկ այցելեցին Ռապիէ, ուր հանդիպում մը ունեցան Փոփոխութիւն եւ Բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան Զօր. Միշել Աունի հետ։

ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԻՐ ՄՕՏ ԿԸ ԿԱՆՉԷ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԴԵՍՊԱՆԸ։ ՝՝Իսրայէլի Ձայն՝՝ ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը հաստատած է այն տեղեկութիւնները, թէ Ուաշինկթընի մէջ Իսրայէլի դեսպան Մայքըլ Օրոն Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւն կանչուած է՝ քննարկելու համար արեւելեան Երուսաղէմի մէջ նոր շէնքեր կառուցելու իսրայէլեան ծրագիրը։ Միւս կողմէ, բանբերը նաեւ հաստատած է, թէ Միացեալ Նահանգներու Միջին Արեւելքի հարցերու յատուկ պատուիրակ Ճորճ Միչըլ այս շաբթուան վերջաւորութեան շրջանին մէջ դարձեալ շրջապտոյտ մը պիտի կատարէ՝ պաղեստինցի եւ իսրայէլացի պատասխանատուներու հետ քննարկումներ կատարելու, ինչպէս նաեւ Պահրէյն պիտի այցելէ՝ դասախօսութիւն մը տալու համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.