2009-07-21 13:51:40

Պենմետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին ''Սէրը Ճշմարտութեան մէջ'' շրջաբերական թուղթին մեկնաբանութիւնը


Պենմետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին ''Սէրը Ճշմարտութեան մէջ'' շրջաբերական թուղթին մեկնաբանութիւնը



Կիրակի օրը Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքին ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը մաղթեց որ ''Սէրը Ճշմարտութեան մէջ'' շրջաբերական թուղթը կարողանայ տեղաշարժի մէջ դնել դրական ոյժերը նպաստելու եւ վերատեսելու բարգաւաճումի տիպարները։

Իր այս միջամտութեամբ Սրբազան Հարը կոչ կ'ընէ տնտեսութեան քաղաքակարթութեան։ Տնտեսութիւն մը որ պէտք է վերատեսէ իր ընթացքը եւ ծառայէ մարդուն ու հետապնդէ ընդհանուրին բարիքը։ Նորին Սրբութիւնը նաեւ ընդգծեց այն հիմնական արժէքները որու վրայ պէտք է հիմնուի այդ բարգաւաճումը. Ընտանիքը, կեանքի յարգանը, արդարութիւնը, զօրակցութիւնը եւ զոհուելու կարողութիւն։ Այս արժէքները կարելի չէ անջատել տնտեսութեեան աշխարհէն, աշխատանքէն, գաղթականութենէն։

Նորին Սրբութիւնը, իր շրջաբերական թուղթին մէջ, կը հրաւիրէ ժամանակակից մարդիկը հարցադրելու կեանքի նշանակութեան ու նպատակին մասին։ Ահա այս պատճառաւ Սրբազան Հայրը իր շրջաբերկան թուղթին մէջ կը խօսի պարգեւին անվճառութեան մասին։ Եթէ մեծերը քաջութիւն չունենան վտանգել իրենց կեանքը ի սպաս ուրիշին, ինչպէս կարելի պիտի ըլլայ նոր սերունդէն պահանջել զոհողութիւն ու կեանքի նուիրում աւելի բարձր գաղափարականներու ու տեսլաքաներու համար։

Փարիզի առաջնորդը կարտինալ Վան Դրուան ներկայացնելով Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին ''Սէրը Ճշմարտութեան մէջ'' շրջաբերական թուղթը ֆրանսայի մայրաքաղաքի մտաւորականներու, քաղաքագէտներու, բանւորական աշխարհի պատասխանատուներուն ըսաւ. Հռոմի Պապի այս նոր գրութիւնը Յոյսի պատգամըն է ուղղուած բարի կամք ունեցող մարդոց։ Կարտինալը ընդգծեց անհրաժեշտութիւնը որ ընկերութեան ամէն մէկ անհատ իր մասնակցութիւնը բերէ տնտեսական ու ընկերային կեանքին։ Բնականաբար Սրբազան Հայրը իր այս շրջաբերական թուղթով տնտեսական ու ֆինանսական տագնապի լուծումներու շարք մը չի տար այլ կը հրաւիրէ մեզմէ իւրաքանչիւրը տալու իր բարոյական դատումը։

Թէեւ շրջաբերական թուղթը կը դիմագրաւէ բազմաթիւ հարցեր, ըսաւ Փարիզի առաջնորդը, սակայն ինքնին կը կազմէ մէկ մարմին, պատասխանատուութեան կը հրաւիրէ բարի կամք ունեցող մարդիկը գործելու տնտեսակն ու ընկերային մարզերու մէջ։ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի երրորդ շրջաբերկան թուղթը մեկնաբանութիւնն է Եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութեան հիմնական օրէնքին։ Եկեղեցւոյ համար ամէն օրէնք պէտք է նպակատրէ մարդը, մարդու բարիքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.