2009-07-21 13:52:37

Ակսել Բակունցի 110-Ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկ-Ցուցահանդէս


Ակսել Բակունցի 110-Ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկ-Ցուցահանդէս

Յոբելինական երկու հրատարակութիւններով, երէկ՝ Յուլիս 10ին, Հայաստանի ազգային գրադարանին մէջ նշուած է հայ գրականութեան դասական դէմքերէն Ակսել Բակունցի (Ալեքսանդր Ստեփան Թեւոսեան՝ 1899-1937թթ.) ծննդեան 110ամեակը: Ներկայացնելով Ակսել Բակունցի ընտրանին եւ գրականագէտ Դաւիթ Գասպարեանի «Ակսել Բակունց» աշխատութիւնը՝ գրադարանի տնօրէն Դաւիթ Սարգսեան շնորհակալութեան խօսք ուղղած է Սիւնիքի մարզպետ Սուրէն Խաչատրեանին՝ հրատարակման ծախսերը հոգալուն համար, ապա գրադարանի տնօրինութեան անունով, մարզպետը պարգեւատրած է գրադարանի «Յակոբ Մեղապարտ» շքանշանով: Դ. Սարգսեան ներկաներուն տեղեկացուցած է, թէ Ա. Բակունց ժամանակին եղած է ազգային գրադարանի ընթերցողներէն, եւ աւելցուցած, թէ գրադարանի ընթերցասրահներէն մէկը պիտի կոչուի գրողին անունով։ Ակսել Բակունցի եւ ներկայացուած հրատարակութիւններուն մասին խօսք առած են նաեւ Հայաստանի մշակոյթի նախարարի տեղակալ Դաւիթ Մուրադեան, Ա. Իսոյեան, գրականագէտ Դաւիթ Գասպարեան, պատմաբան Պետրոս Յովհաննիսեան եւ ուրիշներ: Գրադարանին մէջ, նոյն առթիւ նաեւ բացուած է Ակսել Բակունցի նուիրուած յոբելինական ցուցահանդէս մը։








All the contents on this site are copyrighted ©.