2009-07-20 14:05:17

Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն՝ միջեւ անպաշտօն հանդիպումը


Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն՝ միջեւ անպաշտօն հանդիպումը, Արժանթինի եւ Ուրուկուայի հայ համայնքները բողոքի նամակներ ներկայացուցին Ֆրանսայի, Միացեալ Նահաններու եւ Ռուսիոյ Դեսպանատուներուն որպէս զօրակցութեան նշան Յարաբաղի մեր հայրենակիցներուն

18 յունիսին Մոսկուայի ճաշարաններէն մէկուն մէջ տեղի ունեցաւ Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն՝ Տիմիթրի Մետվետեւի, Սերժ Սարգսեանի եւ Իլհամ Ալիեւի միջեւ հանդիպում մը, որ կը կրէր անպաշտօն բոյթ։ Այս տարուան ընթացքին երեք նախագահներուն միջեւ կայացած այս հանդիպումը երրորդն է։ Հանդիպումի նախօրեակին նախագահները քննարկումները շարունակելու եւ ղարաբաղեան խնդիրին խաղաղ կարգաւորման հիմնական սկզբունքներուն շուրջ խօսելու պատրաստակամութիւն յայտնած են։

Թիկունք կանգնելով Ղարաբաղի մեր հայրենակիցներուն՝ Արժանթինի եւ Ուրուկուայի հայ համայնքները բողոքի նամակներ ներկայացուցին Ֆրանսայի, Միացեալ Նահաններու եւ Ռուսիոյ Դեսպանատուներուն

ՊՈՒԷՆՈՍ ԱՅՐԷՍ - Ուրբաթ, 17 Յուլիսին Մոսկուայի մէջ Հայաստանի նախաահ՝ Սերժ Սարսեանի եւ Ատրպէյճանի նախաահ՝ Իլհամ Ալիեւի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպման նախօրեակին, Արժանթինի եւ Ուրուկուայի հայ համայնքներու կազմակերպութեանց գրեթէ ամբողջութիւնը միասնական համաձայնութեամբ բողոքի նամակներ ներկայացուցին Մինսքի Խումբի համանախագահ երկիրներու՝ Ֆրանսայի, Միացեալ Նահաններու եւ Ռուսիոյ Դեսպանատուներուն։ Նամակներուն միջոցաւ, նշեալ երկիրներու կառավարութեանց պահանջուեցաւ, որ Արցախի հիմնախնդրի բանակցութեանց ծիրին մէջ զիջումներ կատարելու ուղղութեամբ Հայաստանի վրայ կատարած իրենց ճնշումը դադրեցնեն, շեշտելով թէ սոյն զիջումները խոր վտանի տակ կրնան դնել Հայաստանի անվտանուգթիւնը եւ, նոյնիսկ՝ Արցախի ազատ պետականութեան կայունութիւնը։

Համայնքային կազմակերպութիւնները, կղերական դասի ղեկավարութեան առաջնորդութեամբ, Մինսքի Խումբի համանախագահ տէրութիւններէն պահանջեցին որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը նկատի առնուի որպէս բանակցութեանց մաս, տրուած ըլլալով որ հիմնահարցի նիւթը իր սեփական ապագան է։

Հարաւային Ամերիկայի հայ համայնքները զգոյշ են, եւ համոզուած՝ թէ G8-ի երկիրներու գագաթնաժողովի ծիրէն ներս Ֆրանսայի, Միացեալ Նահաններու եւ Ռուսիոյ նախաահներու յայտարարութեան հետեւանքով ծնունդ առած կացութիւնը ընթացք մը պիտի արագացնէ, ուր Հայաստանի հանգամանքը յայտնօրէն աննպաստ է, ի տես միջնորդ երկիրներու բացայայտ կողմնակցութեան։


Հոգեհանգստեան պատարագ Լեւոնեան հայ դպրեվանքի եկեղեցւոյ մէջ Թեհրանէն Երեւան ուղղուող Թուփոլեւ տիպի օդանաւի արկածին պատճառով զոհուած 40 հայերուն



Կիրակի, 19 յուլիսի առաւօտեան Ս Նիկողաիոս եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ, ապա տեղի ունեցաւ հոգեհանգիստ՝ Թեհրանէն Երեւան ուղղուող օդանաւի արկածին պատճառով զոհուած 40 հայերուն համար, հռոմաբնակ հայ եւ իտալացի հաւատացեալներու մասնակցութեամբ։ Հայր Թովմաս վարդապետ կարապետեան իր քարոզին մէջ իր ցաւակցութիւն յայտնեց եւ իր վշտակցութիւնը փոխանցեց զովուածներուն հարազատներուն եւ մխիթարական խօսքերով փորձեց սփոփել ներկաները։








All the contents on this site are copyrighted ©.