2009-07-20 14:05:01

Ծիսական ժամանակացոյց (Կիրակի 19 Յուլիսէն մինչեւ Շաբաթ 25 Յուլիս)


Ծիսական ժամանակացոյց (Կիրակի 19 Յուլիսէն մինչեւ Շաբաթ 25 Յուլիս)

Կիրակի 19 Յուլիս 2009 Յիսուսի Պայծառակերպութեան տօնն է



՜՜Պայծառակերպութիւնը, Այլակերպութիւնը կամ Վարդավառը՝՝ Հայ Եկեղեցւոյ հինգ գլխաւոր տօներէն մին է։

՜՜Պայծառակերպութիւն՝՝ Քրիստոսի պայծառ ու լուսաւոր երեւելէն առնուած է, եւ ՜՜Վարդավառ՝՝ հին հեթանոսական տօնին անունէն։

Տօնուած տնօրինութիւնն է ՜՜Քրիստոսի փառաւոր ու լուսաւոր կերպարանքով երեւնալը՝՝ իր առաքեալներէն երեքին՝ Պետրոսին, Յովհաննէսին եւ Յակոբոսին ներկայութեան, Գալիլիոյ սուրբ լերան վրայ, որ ըստ հաստատուն աւանդութեան ԹԱՓՕՐ կոչուած լեռն եղած է։

՜՜Տնօրինութիւնը՝՝ կը պատմեն Մատթէոս, Մարկոս եւ Ղուկաս աւետարանիչները, թէեւ լերան անունը չեն տար։

Տօնախմբութիւնը երեք օր է. Կիրակի՝ բուն տօնը, երկուշաբթի՝ դարձեալ հրամայեալ տօն եւ մեռելոց յիշատակ եւ երեքշաբթի՝ լուռ Տէրունի մը։

Յոյները եւ լատինները Այլակերպութեան տօնը կը կատարեն հաստատապէս 6 Օգոստոսին։

Այս տօնը սկսած է հաւանաբար թարգմանչաց դարէն եւ առաջին օրուան շարականը կը վերագրուի քերթողահայր Մովսէս Խորենացիին իսկ մեծ աղօթքն ալ Եղիշէի։

Ինչպէս ըսինք՝ ՜՜Պայծառակերպութեան Տօնը՝՝ կը կոչուի նաեւ ՜՜Վարդավառ՝՝ Վարդ եւ վառ բառերէ կազմուած. անիկա հին հեթանոսական ժամանակէն մնացած մեծ տօնի մը անունն է, որ վարդերով զարդարուելուն օրն է, իսկ վառ բառն ալ փայլունի ու զարդարունի իմաստով գործածուած է։ Նշենք թէ շատ հին հեթանոսական տօներ, իրենց նպատակն ու յիշատակը փոխելով պահեցին իրենց անունները Հայոց քրիստոնէութեան մէջ ինչպէս ՜՜ Զատկի ու Ծաղկազարդի՝՝ անունները։ Այդ կերպով հին Վարդավառի տօնն ալ Քրիստոսի Այլակերպութեան կամ Պայծառակերպութեան տօնին փոխուեցաւ։ Հին Վարդավառի յիշատակներն են ՜՜վարդով զարդարուիլ, աղաւնի թռցնել եւ ջուր սրսկել, որ հիմա կը գործադրուին Այլակերպութեան տօնին։

Հինգշաբթի օրը՝ 23 Յուլիս 2009-ին Եսայի մարգարէին տօնն է։

Եսայի մարգարէն ծնած է եւ գրեթէ իր ամբողջ կեանքը անցուցած է Երուսաղէմի մէջ։ Եղած է վարիչ եւ առաջնորդ իր օրերուն Երուսաղէմի չորս թագաւորներուն, յատկապէս Եզեկիէլ բարեպաշտ թագաւորին։ Ան ամէնէն շատ մարգարէացած է Մեսիայի՝ Քրիստոսի մասին. այն աստիճան որ կոչուած է նախաւետարանիչ։ Եսայի մարգարէի գիրքին 66 գլուխները ովկիանոս մըն են պատգամներու՝ բազմաթիւ նիւթերու մասին. Աստուծոյ, արդարութեան, մեղքի, կրօնքի եւ ընկերային շատ մը ուրիշ հարցերու մասին։ Եսայի մարգարէի գիրքը Օղակն է Հին կտակարանին եւ Նորին միջեւ։ Աւանդաբար կը պատմուի որ սղոցումով նահատակուած է Մանսէ ամբարիշտ թագաւորի կողմէ։

Շաբաթ 25 Յուլիսին հայ եկեղեցին կը յիշատակէ Թադէոս առաքեալի եւ Սանդուխտ կոյսին տօնը։

Թադէոս առաքեալը Ղուկասի աւետարանին եւ Գործք առաքելոցին մէջ ճանչցուած է որպէս Յուդա Յակոբեան։ Ըստ աւանդութեան, Թադէոս առաքեալ նախ Եդեսիա կու գայ եւ կը բժշկէ ու քրիստոնեայ կը դարձնէ Աբգար թագաւորը։ Թադէոս իր քարոզութիւնը յառաջ կը տանի դէպի հիւսիս, կը մտնէ հայոց Սանտրուկ թագաւորի սահմանները եւ դարձի կը բերէ թագաւորին դուստրը, Սանդուխտը, որ կը նահատակուի իր հօր ձեռքով։

Բազմաթիւ հրաշքներ գործելէ եւ հազարաւոր հոգի դարձի բերելէ ետք կը նահատակուի սուրով Ատրպատական գաւառի մէջ ուր կը գտնուի իր գերեզմանը մինչեւ այսօր եւ որու վրայ կառուցուած է փառաւոր եկեղեցի մը։








All the contents on this site are copyrighted ©.