2009-07-20 14:40:02

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


 ԹԵՀՐԱՆԷՆ ԵՐԵՒԱՆ ՈՒՂՂՈՒՈՂ ՕԴԱՆԱՒԻ ԱՐԿԱԾԻՆ ԶՈՀՈՒԱԾ 40 ՀԱՅԵՐՈՒ ՎԵՐՋԻՆ ՀԱՆԳԻՍՏ։ Իրանեան Կասպեան օդանաւային ընկերութեան պատկանող, Թեհրանէն Երեւան ուղղուող ՝՝Թուփոլեւ՝՝ տիպի օդանաւի արկածին զոհուած 40 հայերուն խորհրդանշական մասունքները թաղելու եւ անոնց վերջին հանգիստ տալու առնչութեամբ դասաւորումները սկսած են արդէն։ Արդարեւ, օդանաւի ահաւոր արկածին եւ անոր հրկիզման պատճառով զոհուածներուն դիակները ոչնչացած էին, իսկ համապատասխան գերեզմաններուն մէջ ամփոփուելիքները խորհրդանշական մասունքներ են։ 18 յուլիսին Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ, հանդիսապետութեամբ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին, տեղի ունեցաւ հոգեհանստեան պաշտօն՝ 15 յուլիսին Թեհրանէն Երեւան ուղղուող օդանաւի ահաւոր արկածին զոհուածներուն յիշատակին։Արարողութեան ներկայ էին Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան, վարչապետ Տիրան Սարգսեան, պաշտօնական անձնաւորութիւններ, ինչպէս նաեւ զոհուածներուն ընտանեկան պարագաները։Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը այս առիթով տուած իր քարոզին մէջ ցաւակցութիւն յայտնեց Հայաստանի, Իրանի եւ Վրաստանի, ինչպէս նաւ իր վշտակցութիւնները փոխանցեց զոհուածներուն հարազատներուն։

ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՓՈԽԱԴՐՈՒԵՑԱՆ ԹԵՀՐԱՆԷՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՈՒՂՂՈՒՈՂ ՕԴԱՆԱՒԻ ԱՐԿԱԾԻՆ ՊԱՏՃԱՌՈՎ ԶՈՀՈՒԱԾ ՀԱՅԱՍՏԱՆՑԻՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍՈՒՆՔՆԵՐԸ։

18 յուլիսին յատուկ սափորներով Հայաստան փոխադրուեցան 15 յուլիսին օդանաւային արկածով զոհուած Հայաստանի 5 քաղաքացիներուն մասունքները։Օդակայանին մէջ զոհուածներուն հարազատներուն դիմաւորելու եկած էին Հայաստանի կառավարութեան զուգահեռ գործող քաղաքացիական օդանաւային փոխադրութեան գլխաւոր վարչութեան պետ Արտեոմ Մովսիսեան, Արմաւիրի մարզպետ Աշոտ Ղահրամանեան, Երեւանի փոխքաղաքապետ Կամօ Արէեան, այլ անձնաւորութիւններ եւ հոգեւորականներ։ Օդակայանի Կարֆօ համալիրին մէջ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան կարգ։Թեհրանէն բերուած խորհրդանշական սափորները զետեղուեցան համապատասխան դագաղներու մէջ ։Զոհուածներէն երեքը Երեւանէն են, երկուքը՝ Արմաւիրէն։ Անոնց նուիրուած յուշաքարեր պիտի զետեղուին իրենց գերեզմաններուն վրայ։ Օդակայան գտնուող ՝՝Կասպեան՝՝ ընկերութեան ներկայացուցիչ Արմէն Դաւիթեան յայտնած է, որ բոլոր զոհուածները ապահովագրուած էին, եւ արդէն փոխ-հատուցումներ տալու աշխատանքները սկսած են։ Արկածի պատճառներուն մասին հարցումներուն մերժած է պատասխանել Արմէն Դաւթեան՝ նշելով, որ պէտք է սպասել մասգնաէտներու ուսումնասիրութիւններուն։

ԹԵՀՐԱՆԻ ՄԷՋ ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ ԵՒ ԹԱՂՄԱՆ ԿԱՐԳ։ Թեհրանի հայոց թեմի Ազգային Առաջնորդարանին մէջ 18 յուլիսին տեղի ունեցաւ հանդիպում մը սգաւոր ընտանիքներու անդամներուն հետ։ Նախ կատարուեցաւ աղօթք՝ օդանաւի արկածին պատճառով զոհուածներուն հոգիներուն համար, ապա թեմի առաջնորդ Սեպուհ Արք. Սարգսեան իր վշտակցութիւնը յայտնեց եւ մխիթարական խօսքերով փորձեց սփոփել ներկաները։Կիրակի, 19 յուլիսի առաւօտեան Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ Պատարագ, ապա տեղի ունեցաւ հոգեհանիստ՝ Թեհրանէն Երեւան ուղղուող օդանաւի արկածին պատճառով զոհուածներուն հոգիներուն համար։Այսօր՝ երկուշաբթի, 20 յուլիսին տեղի կ'ունենայ թաղման կարգ, որմէ ետք սրբազան հայրը, Ազգային իշխանութեան ներկայացուցիչները եւ զոհուածներուն հարազատները ցաւակցութիւնները կ' ընդունին ՝՝Արարատ՝՝ Մարզաւանի ՝՝Վաչիկ Ղարաբէկեան՝՝ սրահին մէջ։

ՊՐԱՅԶԱ ԿԱՆԴՐԱԴԱՌՆԱՅ ԻՐ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ՄԷՋ ԴԵՍՊԱՆ ՆՇԱՆԱԿՈՒԵԼՈՒՆ ԱՌՆՉՈՒՈՂ ՏԵՂԵԿՈՒԹԵԱՆՑ։ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Մաթիու Պրայզա անդրադարձաւ այն տեղեկութեանց, որոնք կը նախատեսեն, թէ ան Ազրպյէճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան նշանակուի։ Ըստ ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութեան, Պրայզա Մոսկուայի մէջ լրագրողներուն յայտնած է, որ իր նշանակումին մասին որեւէ տեղեկութիւն չունի։ Բայց եւ այնպէս ան նշած է, որ կը փափաքի հարաւային կովկասեան երկիրներէն մէկուն մէջ աշխատիլ։

ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՄԷՋ ԲՆԱԿԵՑՄԱՆ ՎԱՅՐԵՐՈՒ ՀԱՐՑՈՎ՝ ՆԵԹԱՆԻԱՀՈՒ ԴԱՐՁԵԱԼ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐ ԿԸ ԿԱՐԴԱՅ։ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու կիրակի օր մերժեց բռնագրաւուած հողամասերուն վրայ հրէական բնակարաններու կառուցումը դադրեցնելու Միացեալ Նահանգներու պահանջը,յայտնելով, որ արեւելեան Երուսաղէմի մէջ իսրայէլեան բնակեցման վայրերու հարցով հրահանգներ պիտի չստանայ։ 1967-ին Իսրայէլի կողմէ բռնագրաւուած Երուսաղէմի բաժիններուն մէջ 20 յարկաբաժիններ կառուցելու հարցով Ուաշինկթընի հետ նոր տարակարծութիւն մը, կրնայ խորացնել երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող վիհը։Հակադարձելով Նեթանիահուի խօսքերուն՝ պաղեստինեան աւագ բանագնաց Սաէպ Օրէյքաթ յայտնեց, որ իսրայէլացի ղեկավարը պէտք է անդրադառնայ, թէ բնակեցման վայրերն ու խաղաղութիւնը երկու զուգահեռներ են, որոնք միասին չեն ընթանար։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.