2009-07-19 13:52:46

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը



Կիրակի, յունիս 19, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, կէսօրին` Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը արտասանեց Ռոմանօ Գանավեզէ շրջանը։

Մարեմեան աղօթքէն առաջ նորին սրբութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց տեղական պետական ու եկեղեցական իշխանութիւններու, որոնք վեհանձնութեամբ ու նուիրումով հետեւեցան իմ առողջութեանս, կ՝ուզեմ շնորհակալութիւնս յայտնել այն բազմաթիւ հաւատացեալներու իրենց ցուցաբերած գորովին իմ անձին հանդէպ։

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր, մի յուսալքուիք, աստուածային նախախնամութիւնը միշտ օգնութեան կը հասնի բոլոր անոնց որոնք բարիք կը գործեն ու յանձնառումով կ՝աշխատին վասն արդարութեան ու խաղաղութեան։

Հուսկ Նորին Սրբութիւնը իր խորհրդածութիւնը եզրափակեց բոլորին մաղթելով բարի կիրակի եւ ապա ներկաներուն շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնը։



Վատիկանի բանբերին կարգ մը տեղեկութիւնները հայող Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի առողջութեան ու անոր յառաջիկայ օրերու գործունէութեան մասին։

Յիսուսեան հայր Լոմպարտի մամուլին հետ ունեցած ելոյթով յայտնեց թէ Սրբազան Քահանայապետին առողջութիւնը լաւ է։ Այս առաւօտ պատարագ մատուցեց եւ ապա նախաճաշ կատարեց։ Իր օրը բնականոն ընթացք ունի։ Բնականաբար Սրբազան Հայրը կամաց կամաց կը վարժուի գաճածեփ վիրալաթով ապրիլ։ Իրեն համար ամենէն ցաւալին չկարողանալ ձեռքով գրել։ Կիրակի կէսօրին Հրեշտակ Տեառն մարմեան աղօթքը կատարեց Ռոմանօ Գանավեզէ շրջանը։ Նորինր Սրբութիւնը ամառնային հանգստեան վայրը կը մնայ եւ նախատեսուած յայտագիրը անփոփոխ կը մնայ։ Ուրբաթ օրը պիտի հանդիսապետէ երեկոյեան ժամասացութիւնը Աուսդայի աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ իսկ յաջորդ կիրակին Մարեմեան Հրեշտակ Տեառն աղօթքը կ՝արտասանէ Լէ Գոմբէի մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.