2009-07-19 13:53:22

Երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. Ամենայն հայոց կաթողիկոսի վախճանման տասնամեակի պաշտօնական նշում։


Երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. Ամենայն հայոց կաթողիկոսի վախճանման տասնամեակի պաշտօնական նշում։

Հանդիսապետութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի, Պըրպենքի Հայղց եկեղեցւոյ մէջ պաշտօնապէս նշուեցաւ երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. Ամենայն հայոց կաթողիկոսի վախճանման տասնամեակը։

Օրուան պատարագիչը Զաւէն Ա. քհնյ. Արզումանեան այս առթիւ պատգամ ուղղած է որ նուիրուած էր երջանկայիշատակ հայրապետի կեանքին եւ հոգեւոր ծառայութեան, անդրադառնալով ՜՜Մարդ է որ գործէ զերկիր՝՝ բնաբանին, որ եղած էր Գարեգին Ա. հայրապետի կեանքին բնաբանը ։

Ս. պատարագի աւարտին հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Գարեգին Ա. կաթողիկոսի մահուան 10-րդ տարելիցին առթիւ։ Ապա առաջնորդ սրբազանի հանդիսապետութեամբ հոգեւորականներ եւ դպրաց դասի անդամներ շարականի երգեցողութեամբ առաջնորդուեցան դէպի բակ, ուր Յովնան արք. Տէրտէրեան ու Վաչէ արք. Յովսէփեան սրբալոյս միւռոնով օծեցին առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցւոյ գլխաւոր գմբէթին խաչը, որ պիտի զետեղուէր նոյն օրը երեկոյեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.