Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը բնակարանային թեթեւ արկածի մը հետեւանքով վիրաբուժական
գործողութեան ենթարկուեցաւ ։ Նորին Սրբութեան առողջական վիճակը գոհացուցիչ է։ Աշխարհի
զանազան վայրերէն շուտափոյթ ապաքինումի պատգամներ ուղղուեցան Սրբազան Հօր։
Վատիկանի գրասենեակի տնօրէնը, մամլոյ հետ ունեցած ելոյթով կը հաստատէ թէ Քահանայապետը
գիշերը ինկած է, սակայն արկածը ծանր չէ։ Կարճ վիրաբուժական գործողութենէ մը ետք, իր
աջ ձեռքին, Նորին Սրբութիւնը հիւանդանոցէն դուրս ելաւ եւ ողջունեց հաւատացեալները ըսելով.
՜՜ամէն բան լաւ է՝՝։ Նորին Սրբութիւնը իր արձակուրդը պիտի շարունակէ առանց յայտագրի փոփոխութեան
Ի լուր Սրբազան Քահանայապետի տնային արկածին, Մատրիտի առաջնորդը կարտինալ Վարելա՝
շուտափոյթ առղջութեան պատգամ մը ուղղեց Սրբազան Հօր յայտնելով իր Թեմի կղերին ու հաւատացեալներուն
սէրն ու համակարանքը , նաեւ խնդրելով Աստուծմէ շուտափոյթ առողջութիւն Նորին Սրբութեան։
Իտալիոյ
ազգային ժողովի նախագահը տիար Ճիանֆրանգօ ֆինի Վատիկանի Պետական Քարտուղար կարտինալ Պերթոնէին
ուղղած հեռագրով՝ կը յայտնէ իր եւ Իտալիոյ Ազգային Ժողովի անդամներուն մօտիկութիւնը Սրբազան
Հօր, մաղթելով՝ անոր շուտափոյթ առողջութեան վերահաստատումը։
Իտալիոյ եպիսկոպոսական
համահաւաք դասի նախագահը իր պատգամին մէջ կը գրէ. ՜՜մինչ մեր սէրը կը յայտնենք եւ շուտափոյթ
առողջութիւն կը մաղթենք Ձեր Սրբութեան, կ՝ուզենք վերահաստատել մեր որդիական յարումը ձեր
լուսաւոր ուսուցումին, որ օրէ օր կը հարստացնէ ոչ միայն հաւատացեալներու հասարակութիւնը,
այլ եւ բարի կամք ունեցողները։ Կը յուսանք որ արձակուրդի այս օրերը բարեբեր ըլլան եւ
առիթ՝ վայելելու Աստուծմէ ստեղծուած բնութիւնը՝՝։
Թօրինոյի առաջնորդը կարտինալ
Բոլեթօ, իր ուղղած պատգամով՝ կը յայտնէ իր եւ իր թեմի հաւատացեալներուն եւ կղերին գորովը
Սրբազան Հօր անձին, ՜՜կը մաղթենք, գրած է ան. որ այս արկածը տաղտուկ չպատճառէ, եւ կարենաք
անդորրութեամբ ու խաղաղութեամբ անցնել լեռնային այս արձակուրդը՝՝։
Պենետիկտոս
ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին ցաւակցական հեռագիրը ի լուր կարտինալ Ժան Մարժոյի մահուան։
Կարտինալ Ժան Մարժօ եղած էր առաջնորդը Մաուրիցիօ կղզիին, ան ծնած էր 3 փետրուար
1916ին, Քադր-Պորն շրջանը։ Իմաստասիրական ու աստուածաբանական ուսումը կատարած էր Հռոմի՝
Գրիգիրեան քահանայապետական համալսարանը, եւ 1938ին կուսակրօն քահանայ կը ձեռնադրուի։
Առաքելական զանազան պաշտօններ կատարելէ ետք 1956ին կը նշանակուի ընդհանուր տեղապահ։ 1969ին
եպիսկոպոս կ՝օծուի Բոր-Լուի թեմին եւ Մաուրիցիօ կղզիին, եւ իր առաքելութիւնը կը կատարէ
կղզիի զանազան վայրերու մէջ։ Ան եղած է հիմնադիրը Թափօր կոչուած կրօնուսուսցումի կեդրոնին։
Եղաւ նաեւ նախագահը հնդկական ովկիանոսի եպիսկոպոսական համահաւաք դասին։ Երջանկայիշատակ
Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը, 28 յունիս 1988ին կարտինալ անուանեց զինք։
Պենետիկտոս
ԺԶ Քահանայապետը իր ցաւակցական հեռագիրին մէջ կը գրէ.
՜՜ Բոր- Լուիի հաւատացեալներու
աղօթքին կը միանամ խնդրելով Աստուծմէ որ իր Արքայութեան մէջ ընդունի իր հաւատարիմ ու
եռանդուն ծառան։ Կ՝աղօթեմ որ Բարձրեալն Աստուած մխիթարէ եւ զօրացնէ վշտաբեկ ու սգակիր
սրտերը, յաղթահարելու՝ կորուստի ցաւը, եւ իմ առաքելական օրհնութիւնս կը շնորհեմ յուղարկաւորութեան
բոլոր մասնակցողներուն։ Յայտնենք թէ` կարտինալ Ժան Մարժոյի մահով կարտինալական դասը ներկայիս
կը հաշուէ 185 ծիրանաւորներ, որոնցմէ 114-ը իրաւասու է քահանայապետ ընտրելու իսկ 71-ը
ոչ։