2009-07-18 13:09:04

Լուրեր հայ եկեղեցիէն

Հայ Եկեղեցւոյ պատուիրակութիւնը կը մասնակցի Եւրոպական Եկեղեցիներու 13-րդ համագումարին։


Հայ Եկեղեցւոյ պատուիրակութիւնը կը մասնակցի Եւրոպական Եկեղեցիներու 13-րդ համագումարին։

15- Յուլիսին, Լիոնի մէջ ընթացող Եւրոպական Եկեղեցիներու 13-րդ համաժողովի մասնակիցները, մէկ րոպէ լռութիւն կատարեցին Թեհրան-Երեւան օդնաւային զոհերուն յիշատակին և աղօթեցին անոնց հոգիներու խաղաղութեան համար։ Համաժողովի նախագահութիւնը ցաւակցութիւն յայտնեց համայն հայ ժողովուրդին։ Նոյն օրը համաժողովի առաջին լիագումար նիստի ընթացքին ձևաւորուեցան համաժողովի շարք մը յանձնախումբեր։ 16- Յուլիսի լիագումար նիստի ընթաքին ՜՜Մէկ յոյս ի Քրիստոս՝՝ թեմայով բանախօսութեամբ հանդէս եկաւ հայկական պատուիրակութեան անդամ ՝Անի Ղազարեան (Լոզանի համալսարանի դասատու) զեկոյցին յաջորդած է հարց ու պատասխան։

Քահանայական ձեռնադրութիւն Երևանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ մէջ։

Յիսուսի Պայծառակերպութեան տօնին, Կիրակի 19 Յուլիս 2009-ի՝ առաւօտեան, Երևանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ մէջ, կը մատուցուի Ս. Պատարագ, որու ընթացքին քահանայական ձեռնադրութիւն կը կատարուի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի 27 միաբան սարկաւագներուն։ Ձեռնադրութիւնը կը կատարէ ԱՄՆի հայոց Արևելեան թեմի առաջնորդ Խաժակ արք. Պարսամեան։ 18 Յուլիսին, Ս Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ, երեկոյեան ժամերգութեան ընթացքին տեղի կ՝ունենայ քահանաներու ընծայման կարգը։ Իսկ Յուլիս 19-ի երեկոյեան, կը կատարուի նորընծայ 9 քահանաներու վեղարի տուչութեան կարգը։

Արամ Ա ի նախագահութեամբ հոգեհանգստեան պաշտօն Իրանի օդանաւային արկածի զոհերուն։

Հինգշաբթի, 16 յուլիս 2009-ին, Կասպեան օդանաւային ընկերութեան Թեհրանէն Երեւան ուղղուող օդանաւին ջախջախման տխուր առիթով, Արամ Ա կաթողիկոսի նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան յատուկ պաշտօն, կաթողիկոսարանի ամարանոցի Ս Աստուածածին մատրան մէջ, Պիքֆայա։ Նոյն օրը, վեհափառին կողմէ նշանակուած պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ կաթողիկոսարանի հիւրընկալ Նորայր եպս Աշըգեանի, որուն կընկերանար դիւանապետ Խաչիկ Տէտէեան, ցաւակցական այցելութիւն տուաւ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպանատուն եւ Արամ Ա կաթողիկոսի վշտակցութիւնը յայտնեց տխուր արկածին համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.