2009-07-18 13:27:32

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


 

ՍԱՐԳՍԵԱՆ - ԱԼԻԵՒ ՅԱՋՈՐԴ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ՝ ՀՈԿՏԵՄԲԵՐԻՆ։

Մոսկուայի Փրեզիտընթ Պանդոկին մէջ երէկ երեկոյեան 3,5 ժամնոց բանակցութիւններ կատարեցին Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներ Սերժ Սարգսեանն ու Իլհամ Ալիեւը։ Քննարկումները սկսան նախագահներու, երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու եւ Մինսքի խմբակի համանախագահներու հանդիպումով, ապա շարունակուեցան Սարգսեան - Ալիեւ դռնփակ հանդիպումով, աւարտին անոնց կրկին միացան արտաքին գործոց նախարարներն ու միջնորդները։ Ըստ Հայաստանի հանրային ռատիոյին, հանդիպման ընթացքին որեւէ փաստաթուղթ չստորագրուեցաւ, նախագահները որեւէ յայտարարութեամբ հանդէս չեկան։ Հանդիպումէն ետք Մինսքի Խմբակի ռուս համանախագահ Եուրի Մերզլեաքով նշեց, որ բանակցութիւններուն ընթացքին քննարկուած են հարցեր, որոնց նախապէս կողմերը չէին անդրադարձած։ ՝՝Ե՛ւ նախագահներուն, եւ մեր տպաւորութեամբ խնդիրի լուծումը մօտեցած է, հետեւաբար հանդիպումները պիտի շարունակուին, (ըսած է Մերզլեաքով)։ Օգոստոսին տագնապի շրջան պիտի այցելէ Մինսքի Խմբակի ամերիկացի համանախագահը, սեպտեմբերին անոր ֆրանսացի գործընկերը, իսկ արդէն սեպտեմբերի վերջաւորութեան շրջան պիտի այցելեն Մինսքի Խմբակի երեք համանախագահները։ Այս հանդիպումներուն ընթացքին պիտի նախապատրաստուի Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն հերթական հանդիպումը, որ տեղի պիտի ունենայ հոկտեմբերին։

ԹԵՀՐԱՆԷՆ ԵՐԵՒԱՆ ՈՒՂՂՈՒՈՂ ԹՌԻՉՔԻ ԱՐԿԱԾԻՆ ՀԱՒԱՆԱԿԱՆ ՊԱՏՃԱՌՆԵՐԸ։

Ազգային օդանաւորդութեան միաւորման նախագահ Տմիթրի Աթպաշեան երէկ ՝՝Տեսակէտ՝՝ ակումբին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին խօսեցաւ 15 յուլիսին Թեհրանէն Երեւան ուղղուող ՝՝Թու- 154՝՝ տիպի օդանաւի արկածին հաւանական պատճառներուն մասին։ Ըստ անոր, հաւանական պատճառներէն մէկը կրնայ ըլլալ այն, որ օդանաւի շարժակներէն մէկուն մէջ բռնկած հրդեհին պատճառով թիւրպինը բեկորներու բաժնուած էր, որոնցմէ մէկն ալ, ըստ հաւանականութեան, օդանաւի կառավարման համակարգը խափանած է։ Արկածին պատճառ հանդիսացած կրնար ըլլալ նաեւ օդանաւին մաշումը, սակայն, ըստ անոր, օդանաւին հինն ու նորը յարաբերական է։ Օդանաւը ունի 30 տարուան կեանք, ինչ որ կարելի է նաեւ երկարեցնել։ Հաւանական է, որ, օրինակ, օդանաւը հին ըլլայ, իսկ շարժակը՝ նոր։ ՝՝Թու- 154ը՝՝ կը համապատասխանէ անվտանգութեան օրէնքներուն, ինչպէս օրինակ Էրպասը(վստահեցուցած է Աթպաշեան)։Ան չբացառեց նաեւ արկածին այլ հաւանական պատճառ մը՝ մարդկային գործօնը։ Միւս կողմէ Հայաստանի հանրային ռատիոն հաղորդեց , որ այսօր Թեհրանէն- Երեւան պիտի փոխադրուին 15 յուլիսի օդանաւի արկածէն մահացած Հայաստանի հինգ քաղաքացիներուն աճիւնները՝ հարազատներուն ուղեկցութեամբ։ Կառավարական յանձնախումբը կը յայտնէ, որ օդակայանին մէջ հոգեւոր հայրեր պիտի մատուցեն հոգեհանգիստի արարողութիւն, ապա աճիւնները պիտի փոխադրուին ըստ համապատասխան հասցէներու։



ԿԸ ՅԻՇԵՆՔ ԱՆՄՈՌԱՆԱԼԻ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԱՅՎԱԶՈՎՍՔԻՆ (1817-1900) ։Յուլիս 17ին, 192 տարի առաջ, Սեւ ծովու ափին, Խրիմի Թէոտոսիա հայաբնակ քաղաքին մէջ, կը ծնէր (1817ին) Յովհաննէս անունով հրաշք մանուկ մը, որ կոչուած էր դառնալու Հայկեան Հանճարին աշխարհահռչակ ճառագայթումներէն մէկը՝ իր Այվազովսքի ազգանունով, խորհրդանշելով ծովանկարչական արուեստի վարարումը։ Իվան Այվազովսքի, Յովհաննէս Յայվազեան կամ Օհաննէս Այվազեան ամբողջ յուզաշխարհ մը յաւերժացուց Ծովու խորհուրդով՝ անոր բազմերանգ գոյներով եւ լոյսի ու ստուերի անվերջ խաղերով, անոր ալիքներուն կատաղութեամբ եւ փոթորկումներուն ցասումով, անոր խորախորհուրդ հանդարտութեամբ եւ տիեզերական իմաստութեամբ։ Այվազովսքի նաեւ գործնապէս իր մասնակցութիւնը բերաւ հայ ժողովուրդի դիմագրաւած ողբերգական հարուածներու դիմագրաւումին։ Յատկապէս մեծ եղաւ Այվազովսքիի ներդրումը ՝՝1894-1896՝՝ի համիտեան կոտորածներու ժամանակ։ Ամբողջ նկարաշար մը ստեղծեց Այվազովսքի,ու միջազգային ցուցահանդէսներու արժանացուց այդ շարքը եւ ոչ միայն հայկական իրաւունքին ու արդարութեան ձայնը իւրովի ու բարձրագոռ հնչեցուց ամբողջ աշխարհի մէջ, այլ նաեւ՝ այդ գործերու վաճառքէն գոյացած գումարներով օնութեան ձեռք երկարեց Կովկաս ու Խրիմ ապաստանած Հայ Գաղթականներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.