2009-07-17 14:25:28

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


 

Կառավարութիւնը Կ՛օժանդակէ Ջախջախուած Օդանաւի Զոհերու Ընտանիքներուն։



Յուլիս 16ին տեղի ունեցած է Հայաստանի կառավարութեան նիստը, զոր վարած է ՀՀ վարչապետ Տիգրան Սարգսեանը: Նախքան նիստին սկսիլը, կառավարութեան անդամները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգած են Յուլիս 15ին Թեհրան-Երեւան թռիչքը կատարող օդանաւի արկածով զոհուածներուն յիշատակը: Այնուհետեւ վարչապետի յանձնարարութեամբ, արկածին ծիրէն ներս, ստեղծուած միջ-գերատեսչական յանձնաժողովին կողմէ կառավարութեան տեղեկութիւն տրուած է աղէտին զոհուածներու որոնման աշխատանքի ընթացքին, զոհուածներու հարազատներուն՝ դէպքի վայր մեկնելուն, զոհուածներու աճիւններուն տեղափոխման եւ այդ առնչութեամբ այլ հարցերու լուծման ուղղութեամբ իրականացուող միջոցառումներուն մասին: Կառավարութիւնը իր երէկուան նիստին որոշած է մէկուկէս միլիոն դրամ յատկացնել իւրաքանչիւր աղէտեալի ընտանիքի՝ իբրեւ օժանդակութիւն անոնց թաղման ծախսերուն:

ԱՅՍՕՐ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐՈՒՆ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ։Այսօր Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երկօրեայ աշխատանքային այցելութեամբ կը մեկնի Մոսկուա, ուր տեղի պիտի ունենայ իր եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի բանակցութիւնները Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին խաղաղ լուծման շուրջ։ Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակը կը տեղեկացնէ, որ 18 յուլիսին կը նախատեսուի Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն եռակողմանի հանդիպումը։

ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆ ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ՆԱԽԱԳԱՀ ԲԱԿՕ ՍԱՀԱԿԵԱՆԻ ՀԵՏ։ Երէկ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան Ստեփանակերտ այցելեց։Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան ընդունեց Նալբանդեանը։ Նախագահ Սահակեան եւ նախարար Նալբանդեան քննարկեցին ղարաբաղեան տագնապի լուծման գործընթացին առնչուող հարցեր։Անոնք շեշտեցին, որ բանակցային գործընթացի լիարժէք ձեւաչափի վերականգնումը պարտադիր պայման է, քանի որ առանց Արցախի համաձայնութեան կարելի չէ գործադրել որեւէ որոշում։ Բակօ Սահակեան անգամ մը եւս նշեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը կայացած պետութիւն է, եւ անոր անկախութիւնն ու անվտանգութիւնը ենթակայ չեն քննարկումի։

ՉԻՆԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԸ ԿԸ ՀԱԿԱԶԴԷ ։ԹՈՒՐՔԻԱ ԱՐԵՒՄՈՒՏՔԻՆ ԿՈՂՄԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ ԳՈՐԾԵԼՈՒ ՅԱՆՑԱՆՔՈՎ ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԱԾ Է(ԿԸ ԳՐԷ ՓԻՓԸԼԶ ՏԷՅԼԻ ՉԻՆԱԿԱՆ ԹԵՐԹԸ)։ Չինական մամուլը, (որ չինական իշխանութեանց պաշտօնական տեսակէտները կարտայայտէ) խիստ կերպով հակազդեց Քսինճիանկ նահանգին մէջ խռովարարութեանց հարցով Թուրքիոյ հակազդեցութեան եւ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի ցեղասպանութեան ամբաստանութեան։ Չինաստանի ամէնէն կարեւոր օրաթերթերէն ՝՝Փիփըլզ Տէյլիի՝՝ կողմէ հրապարակուած լրատուութեան խորագիրը կը նշէր, որ ժողովուրդը զայրացած է Թուրքիոյ վարչապետին ցեղասպանութեան ամբաստանութենէն։ Օրաթերթը 14 յուլիսին հրապարակուած ՝՝Չինացի քաղաքացիներ կոչ կուղղեն Թուրքիան պատժելու՜՜ խորագիրով խմբագրականի մը մէջ կը յայտնէ, որ Թուրքիա ատեն մը Արեւմուտքին կողմէ Հայաստանի մէջ Ցեղասպանութիւն գործելու յանցանքով ամբաստանուած էր եւ թէ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան իր ճնշումը եւս բազմաթիւ վէճեր յարուցած է։ Բայց եւ այնպէս, թուրք ծայրայեղ ազգայնականները ներկայիս ՝՝Փանթուրանական՝՝ երազի մը ներքեւ մոռցած են իրենց իսկ սպիները եւ անգութ յարձակումներ շղթայազերծած են Չինաստանի դէմ, որ երբեք Թուրքիան չէ վիրաւորած։ Օրաթերթը կը յայտնէ, որ չինացի քաղաքացիները կ'առաջարկեն, որ Չինաստան փոխէ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան նկատմամբ իր կեցուածքը եւ զօրակցի անկախութեան անոր ձգտումին, որպէսզի Թուրքիա քաղաքական սուղ գին մը վճարէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.