2009-07-16 14:22:08

Կրօնայ բարոյական հարցեր «Եղածովդ Գոհացի՛ր »


Կրօնայ բարոյական հարցեր «Եղածովդ Գոհացի՛ր »

 Միշտ աւելիին ձգտելու մարդկային փափաքը, ներքին բնական մղում մըն է, որուն չի՛ կրնար դիմադրել մարդը յաճախ: Սա դրական երեւոյթ մը կը նկատուի, այնքան ատեն որ չափազանցութեան սահմանները չ՛ասպատակեր: Աւելիին ձգտելու դրական ընթացք մըն է, օրինակ, ուսման մէջ յարատեւելը եւ գիտութեան լոյսին աւելի բացուիլը: Դարձեալ, աւելիին ձգտելու դրական ընթացք մըն է Աստուածագիտութեան լոյսին աւելիով բացուիլը եւ հոգեւորապէս աճիլը Աստուծոյ անդաստանին մէջ:

Լաւ պիտի ըլլար, եթէ բաժանման յստակ գիծ մը դնէինք «աւելիին ձգտիլ», եւ «աւելին ունենալ» արտայայտութիւններուն միջեւ՝ առաջինը վերապահելով իմացական հարստութիւն ձեռք ձգելուն, իսկ երկրորդը՝ նիւթական: Երկուքն ալ աւելին կը ցանկան, սակայն մին դրական ընթացքով, իսկ միւսը՝ ժխտական ուղղուածութեամբ:

 Երկու պարագաներուն հասարակաց երեւոյթը այն է, որ մարդիկ իրենց եղածով բաւարարուելու դժուարութեան առջեւ կը գտնուին: Յոյսը, որ մարդու կեանքէն աւելի երկարակեաց է, թոյլ չի՛ տար որ մարդ «բաւարար է» ըսէ ինք իրեն, ու ընդունի այն, ինչ որ է, եւ այն, ինչ որ ունի: Յո՛յսն է, որ կը խթանէ մարդուն «Ես»ը՝ աւելի՛ն ունենալու առաջարկներ կատարելով, կամ աւելի բարձր բարձրանալու մխթելով մարդը:

 Յոյսը այս պարագային չէզոք ու անկողմնակալ մխթիչ մըն է պարզապէս, որուն ընդառաջ գացող մարդուն կը պատկանի ազատ կամքը, զայն դէպի դրական կամ դէպի ժխտական կողմ առաջնորդելը:

Այսպէս, դժգոհ քարակոփի մը պատմութիւնը, զոր մանկութեանս լսած եմ Կիրակնօրեայ դպրոցի մէջ, որքա՛ն դաստիարակիչ ու թելադրական է:

 Լերան մը ծերպին իր տոկուն մուրճով քար կոփող մարդ մը, իր աշխատանքի ամէնէն դժուարին մէկ պահուն մուրճը գետին խփելով յանկարծ դժգոհեցաւ, ու բողոքեց ըսելով, թէ ի՜նչ լաւ պիտի ըլլար, եթէ ինք ալ ուրիշներու նման փափուկ անկողինի մը մէջ փռուէր, ու հանգիստ կեանք մը ապրելով դիւրաւ վաստկէր իր օրապահիկը: Նոյն պահուն հուրի-փերի մը կը յայտնուի, ու իր փափաքին համաձայն, յանկարծ կը տեսնէ, որ մետաքսեայ թելերով հիւսուած փետրաշունչ անկողինի մը մէջ է: Մարդը ուրախ ու զուարթ, երբ փռուած էր իր հանգստաւէտ անկողինին մէջ, յանկարծ արեւուն ճառագայթները եկան, ու սենեակէն ներս մտնելով սկսան իրենց ջերմութեամբ այրել իր նոր անկողինին փափկութիւնը վայելող մեր քարակոփը: Մարդը այրուածքէն դժգոհ մնալով՝ ինք իրեն մտածեց ըսելով, թէ արեւ ըլլալը աւելի լաւ վիճակ մըն է, որովհետեւ ինք կ՛այրէ ուրիշները, սակայն ինք անձնապէս չ՛այրիր: Հուրի-փերին այդ խնդրանքն ալ կը կատարէ, ու նախկին քարակոփը երկնակամարի «լուսատու մեծ ջահ»ը կը դառնայ…:

 Բնութեան հզօրագոյն ուժը դարձած, երբ ան կը պատրաստուէր յոխորտալ երկրի բնակիչներուն դիմաց, յանկարծ ամպ մը եկաւ ու իր անզօր թեւերով ծածկեց աշխարհը, եւ որուն դիմաց միջոց չունեցաւ արեւը, բացի միայն սպասելէ երկինքի ամպերու փարատելուն: Արեւ դարձած նախկին քարակոփը նոր եզրակացութեան մը յանգեցաւ՝ մտածելով, որ արեւէն աւելի զօրաւոր է ամպը: Ուստի խնդրեց իր խնդրակատարէն, որ զինք ամպի վերածէ: Շուտով իր այդ փափաքն ալ կատարուեցաւ:

 Ամպ դարձած նախկին քարակոփը դաժանօրէն սկսաւ գոռգոռալ, նոյնիսկ սարսափեցնել որոտումէ վախցող տկար մարդիկը:

Իսկ երբ տեսաւ, որ անձրեւելու կարողութիւն ալ ունի, յորդառատ անձրեւներ բերաւ երկրի վրայ: Իր ուժը փորձելու համար կամուրջներ կործանեց, տուներ քանդեց, մարդոց ստացուածքը քշեց տարաւ եւ քիչ մնացած էր, որ աշխարհի տէրը հռչակէր ինքզինք, երբ յանկարծ ժայռ մը ցցուեցաւ իր կատաղի ալիքներուն դէմ, ու իր ահեղավազ ընթացքին արգելք հանդիսացաւ: Շատ ջանաց ու փորձեց քշել ու տանիլ զայն, սակայն անկարելի էր այդ հսկայ զանգուածը իր ծանրութեամբ շարժել տեղէն: Ուրեմն, նախկին քարակոփը մտածեց թէ ժայռ ըլլալը աւելի նպաստաւոր է իրեն համար, որովհետեւ աւելի զօրաւոր ուժ մըն է անիկա քան ամպը, իր տեղատարափ անձրեւներով ու անոնցմէ յառաջացած հեղեղներով:

 Խնդրակատար հուրի-փերին իր այդ խնդրանքն ալ կատարեց, եւ քարակոփը դարձաւ հսկայ ժայռ մը…: Լերան մը վեհութեամբ իր շրջակայքը դիտող ժայռը, արդէն սկսեր էր իր բարձունքէն նայիլ ստորոտի մանրուք քարերուն ու աւազի աննշան հատիկներուն, երբ յանկարծ յայտնուեցաւ մարդ մը, որ ձեռքին ունենալով փոքրիկ մուրճ մը, սկսաւ հարուածներ տալ ամրակուռ ժայռի ոտքերուն, ու քարեր փրցնել անկէ՝ սալայատակ պատրաստելու համար:

 Աւելի մեծ ցաւ չէր կրնար զգալ նախկին քարակոփը, անդրադառնալով իր կատարած մե՜ծ սխալին: Ինք ալ այդ քարակոփին նման մուրճի հարուածներ կու տար ժայռերուն եւ իր բազուկին զօրութեամբ մասնիկներ կը վերցնէր անոնցմէ: Ան մտածեց, թէ ի՞նչ օգտուեցաւ արեւ ու ամպ դառնալէն: Այո՛ փայլեցաւ, այրեց, վառեց, խորովեց, սակայն ամպին մէգն ու խոնաւութիւնը յաղթեց իրեն, ինչպէս մարդոց կատաղի ճառագայթարձակումներուն դիմաց կը յայտնուի ուրիշներու սառնասրտութիւնն ու հանդարտ պաղարիւնութիւնը: Ան մտածեց, թէ ի՞նչ բարիք բերաւ իրեն մանաւանդ կոշտ ու կոպիտ ժայռ դառնալը, անկիւն մը մնացած, երբեմն իր բարձրութեան մէջ մինակ, մինչ անցեալին, իր ճակտի քրտինքով ինչպիսի՜ լաւ աշխատանք կը կատարէր, մինչեւ իսկ արուեստի գործեր քանդակելով քարերուն վրայ, շունչ տալով անկենդան ապառաժներուն…: Ու զղջացած իր անմտութեան հետեւանքով պատահած իր վիճակի փոփոխութեան համար՝ հուրի-փերիին աղաչեց ու վերադարձաւ իր նախկին կեանքին՝ քարակոփի ասպարէզին:

 Դժգո՞հ ես կեանքէդ, նայէ՛ դրական կողմերուն, եւ բաւարարուած պիտի զգաս…:








All the contents on this site are copyrighted ©.