2009-07-15 13:47:21

Էջ մը հայ գրականութենէն -Վահան Տէրեան (1885-1920)։


Էջ մը հայ գրականութենէն -Վահան Տէրեան (1885-1920)։

Սիրոյ եւ մթնշաղի, քնքշանքի եւ թախիծի, անուրջի ու մահուան մեծ երգիչը։ Յուլիս 9ին, 124 տարի առաջ, Ախալքալաքի Գանձա Գիւղի Տէր-Գրիգորեան քահանայի տան մէջ, կը ծնէր Վահան անունով մանուկ մը։

Մարմնապէս վատառողջ ծնունդ էր եւ միայն երեսունհինգ տարի ապրեցաւ Վահան Տէր-Գրիգորեան, բայց 1908ին Վահան Տէրեան գրչանունով լոյս ընծայած իր ՝՝Մթնշաղի Անուրջներ՝՝ բանաստեղծութեանց գրքոյկով իսկ՝ հայ ժողովուրդի անմահներու համաստեղութեան մէջ յաւերժութեան արժանացաւ՝ իբրեւ սիրոյ եւ մթնշաղի, քնքշանքի ու թախիծի, անուրջի եւ մահուան մեծ երգիչը։ Մինչեւ 1920 թուի թոքախտով իր մահը, Վահան Տէրեան ստեղծագործեց եւ հայ գրականութեան պարգեւեց բանաստեղծութիւններ, որոնք իրենց թարմ շունչով, խոր զգայնութիւններով, երաժշտական կշռոյթով, պատկերներու գրաւչութեամբ եւ, մանաւա՛նդ, վճիտ ու հեզասահ հայերէնով նոր դարաշրջան բացին հայոց քնարերգութեան մէջ։ Եւ զարմանալի չէր, որ արեւելահայ բանաստեղծութեան նորարար հսկաները՝ Յովհաննէս Թումանեանն ու Աւետիք Իսահակեանը, այլ մանաւանդ Եղիշէ Չարենցը իրենց հպարտութիւնը գտան Տէրեանի մէջ։ Իսկ հայ երիտասարդութիւնը իր ամէնօրեայ երգին վերածեց Տէրեանի տաղանդաւոր գրչին տակ այնքան սրտայոյզ պատկերներով, խոհերով ու երաժշտականութեամբ վերծանուած վիշտն ու թախիծը, բնութիւնն ու մարդը, կինն ու անուրջը, Նայիրեան Երկիրն ու հուրէ դարը, կեանքի քնքշանքն ու մահուան անդորրը...



Նախնական իր կրթութիւնը գիւղի վարժարանին մէջ ստանալէ ետք, Տէրեան յաճախեց եւ աւարտեց Ախալքալաքի պետական վարժարանը։ Ապա՝ անցաւ Թիֆլիս, որ 19րդ դարավերջին հայոց մշակութային եւ ազգային-յեղափոխական ամէնէն աշխոյժ կեդրոններէն էր։ Պատանեկութեան նոր թեւակոխած Տէրեանի համար, Թիֆլիսը հանդիսացաւ գեղարուեստական ու գաղափարական մկրտութեան իրա՛ւ աւազան մը, որուն բարեբեր օրհնանքը երկար չկրցաւ վայելել, որովհետեւ հայրը 1899ին զինք տարաւ Մոսկուա եւ արձանագրեց Լազարեան Ճեմարանի աշակերտ։ Այդ օրերէն իսկ ապագայ մեծ բանաստեղծը դրսեւորեց ինքնամփոփ, մելամաղձոտ եւ մտերիմներու շրջանակէն դուրս անհամարձակ տղու վարմունք, որ ժամանակի թաւալումին եւ թոքախտի յայտնաբերման հետ աւելիով շեշտուեցաւ։ Նոյնիսկ երբ հազիւ երիտասարդ ան միացաւ ռուսական Սոցիալ-Դեմոկրատ կուսակցութեան ու լծուեցաւ գաղափարական-յեղափոխական աշխոյժ գործունէութեան, Վահան Տէրեան լրիւ չթօթափեց ներասոյզ եւ շրջանակի մէջ լռակեաց տղու իր հակումները։ Վահան Տէրեանի գործերը բազում հրատարակութեանց արժանացան Հայաստանի թէ սփիւռքի մէջ։ 1956ին լոյս տեսաւ Տէրեանի ամբողջական գործերուն մեծադիր հատորը՝ մէկտեղելով ՝՝Մթնշաղի Անուրջներ՝՝, ՝՝Փշէ Պսակ՝՝, ՝՝Գիշեր եւ Յուշեր՝՝, ՝՝Ոսկէ Հեքիաթ՝՝, ՝՝Ոսկեշղթայ՝՝, ՝՝Կատուի Դրախտ՝՝, ՝՝Երկիր Նայիրի՝՝ եւ ՝՝Հոկտեմբերեան Երգեր՝՝ բանաստեղծական գործերը, այդ շարքերէն դուրս գրուած բանաստեղծութիւնները, թարգմանութիւնները, յօդուածներն ու նամակները։

Առանձին քննարկման նիւթ է, անշո՛ւշտ, Վահան Տէրեան գաղափարական ու քաղաքական գործիչը, յատկապէս անոր պետական պաշտօնատարի գործունէութիւնը։ Հայ ազգային-ազատագրական պայքարէն կտրուած ապրեցաւ ու գործեց Տէրեան, այդ պատճառով ալ գաղափարական ու քաղաքական իր կողմնորոշումներուն վերաբերեալ հայոց պատմութեան դատավճիռը այնքան ալ բարենպաստ չեղաւ, բայց նաեւ պէտք է շեշտել, որ Տէրեան միշտ ալ բարձր մնաց հայ պոլշեւիկներու մեծ մասին աղանդաւորականութենէն՝ պապէն աւելի պապական ներկայանալու մոլորանքէն...

Տարբեր ալ չէր կրնար ըլլալ, որովհետեւ ի վերուստ Վահան Տէրեան կոչուած էր ըլլալու եւ յաւերժութիւնը նուաճելու իբրեւ հայ ժողովուրդի սիրոյ ու մթնշաղի, քնքշանքի եւ թախիծի, անուրջի ու մահուան մեծ երգիչը։ Ի վերջոյ Տէրեանին կը պատկանի մեր սերունդներուն կտակուած Հայու ուղին լուսաւորող պատգամը՝



՝՝Մի խառնէք մեզ ձեր վայրի, արջի ցեղերին,

՝՝Մեր երկիրը աւերուած, բայց սուրբ է եւ հին։



՝՝Որպէս լեռն է մեր պայծառ տեսել հազար ձիւն,

՝՝Այնպէս նոր չեն մեզ համար դաւ ու դառնութիւն՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.