2009-07-14 13:25:56

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին զօրակցական հեռագիրը իրաքի քրիստոնեաներուն, որոնք թիրախ են հալածանքի։


Բռնութիւնները Իրաքի քրիստոնեաներուն դէմ դարձեալ հարուածեց Իրաքի քրիստոնեաներու եկեղեցիները։ Անցեալ շաբաթ եւ կիրակի օրերը շարք մը ահաբեկչական արարքներ հարուածեցին Պաղտատի եկեղեցիները, պատճառելով ութ մեռեալ եւ աւելի քան 35 վիրաւորներ։ Ի լուր այս վատ ու քստմնելի արարքներուն Վատիկանի Պետական Քարտուղարը`կարտինալ Պերթոնէ, յանուն Սրբազան Քահանայապետին, ցաւակցական հեռագիր մը յղեց Իրաքի գաղտիացի կարտինալ Տելիին՝ երաշխաւորելով Սրբազան Քահանայապետին աղօթքն ու հոգեւոր մօտիկութիւնը Իրաքի քրիստոնեաներուն։

Նորին Սրբութիւնը, կը կարդանք հեռագիրի մէջ, կ՝աղօթէ որ ահաբեկիչները սրտի դարձ ունենան եւ կը քաջալերէ երկրի իշխանութիւնները որ իրենց կարելին ընեն ՜՜հաստատելու խաղաղ ու արդար համակեցութիւնը համայնքներու միջեւ՝՝։ Յայտնենք թէ նախկին նախագահ՝ Սատտամ Հիւսէյնի վարչութեան ընթացքին քրիստոնեաները կը վայելէին որոշ ապահովութիւն մը եւ ազատութիւն, այնպէս որ կարգ մը քրիստոնեաներ բարձր պաշտօններու հասած էին, ինչպէս՝ Թարեք Ազիզ, որ երկրին փոխնախագահն էր։ Ամերիկայի խուժումէն առաջ, Իրաքի քրիստոնեաները կը հաշուէին շուրջ 800 հազար հոգի, ցրուած երկրի զանազան մարզերու մէջ, այսօր անոնք կը հաշուեն 500.000 հազար, քրիատոնեաներն ու մանաւանդ հայերը, ապաստան գտած են դրացի երկիրներու մօտ։ Հալածանքի խորհրդանիշ քաղաքը Մուսուլն է։ Նորին Սրբութիւնը յաճախ արտայայտուած է Իրաքի քրիստոնեաներու կրած հալածանքին դէմ։ Ս. Երկիր կատարած վերջին ճամբորդութեան ընթացքին , Սրբզ. Հայրը, պահանջած է Իրաքի քրիստոնեաներու իրաւունքին ճանաչումը։ Կարտինալ Տելլի ազգային հեռուստատեսիլէն ելոյթ ունենալով ըսաւ. ՜՜ցաւ կը յայտնենք եկեղեցիներու դէմ կատարուած մահափորձերու համար, քրիստոնեաներու եկեղեցիները ինչպէս անցեալին այսօր եւս ապաստանը կը հանդիսանան թէ քրիստոնեաներուն եւ թէ մահմետականներուն՝՝։

Կարտինալ Տելլի խստիւ դատապարտած է եկեղեցիներուն եւ մզկիթներուն դէմ կատարուած ռմբակոծումները եւ կոչ ուղղած է պահպանելու հանդրժողութեան ոգին։











 








All the contents on this site are copyrighted ©.