2009-07-14 13:48:24

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


 

ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԿԱՐԵՒՈՐ ԿԸ ՆԿԱՏԷ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՀԵՏ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՀԵՏԱԳԱՅ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄԸ (Կ'ԸՍԷ ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆ)։

Նախագահ Սերժ Սարգսեան 11 յուլիսին ընդունեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի առաջին տեղակալ Ճէյմս Սթէյնպըրկը եւ անոր ուղեկցող պատուիրակութիւնը։Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Ֆիլիփ Կորտըն, Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մարի Եովանովիչ եւ բարձրաստիճան այլ պաշտօնատարներ։ Քննարկելով հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարը՝ կողմերը ընդգծեցին տարբեր մարզերու մէջ փոխադարձ գործակցութիւնը յառաջ մղելու փափաքը ու պատրաստակամութիւնը։ Սերժ Սարգսեան բարձր գնահատեց Միացեալ Նահանգներու իւրայատուկ վերաբերմունքը ամերիկահայ համայնքին նկատմամբ։ Երկու կողմերը նշեցին, որ ամերիկահայերը երկու երկիրները կամրջող ամուր օղակ են։ Զրուցակիցները միտքեր փոխանակեցին նաեւ շրջանի անվտանգութեան խնդիրներուն, Հայաստան - Թուրքիա յարաբերութիւններուն եւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման գործընթացին վերաբերեալ։ Ճէյմս Սթէյնպըրկ նախագահ Սարգսեանին փոխանցեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի ուղերձը։

ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐԸ Կ'ԸՆԴՈՒՆԻ ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՈՐԾԻՉՆԵՐ։

Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ընդունեց անցեալ շաբաթավերջին Արցախի մէջ տեղի ունեցած հայ-թրքական յարաբերութիւններուն եւ արցախեան հիմնախնդիրին նուիրուած համահայկական խորհրդաժողովին մասնակից սփիւռքահայ ազգային քանի մը գործիչներ, ինչպէս՝ Հալէպի Սահակեան դպրոցի տնօրէն Ժիրայր Ռէյիսեանը, Երուսաղէմի Հայ Դատի Գրասենեակի պատասխանատու Ժորժեթ Աւագեանը, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ Զարեհ Մինասեանը եւ Դրօ Էքմեքճեանը (Ֆրանսա)։Ըստ սփիւռքահայ ազգային գործիչներուն, խորհրդաժողովին ընթացքին արծարծուած խնդիրները ամբողջութեամբ կ'ընդրկեն Հայաստանի եւ հայկական պետութեան դիմագրաւած կարգ մը հարցերը։ Հարցերուն մեկնակէտը միջազգային ասպարէզին մէջ աշխարհի բոլոր հայերը յուզող հիմնախնդիրներն են՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ Հայ Դատը, որոնց վերաբերող որեւէ հարցի մէջ միասնական մօտեցում դրսեւորելու անհրաժեշտութիւն կայ։ Նախարար Յակոբեան կարեւոր նկատեց համայն հայութիւնը յուզող խնդիրներու արծարծման վերաբերող նման ներկայացուցչական խորհրդաժողովի կազմակերպումը։Ներկաները քննարկեցին հայապահպանութեան խնդիրներուն վերաբերող հարցեր եւ մասնաւորապէս անհրաժեշտ նկատուեցաւ Ֆրանսայի Մարսէյ քաղաքին մէջ գործող միակ հայկական ամէնօրեայ դպրոցին՝ Մարսէյի Ճեմարանին օժանդակութեան խնդիրը։



ՀԱՄԱՆԵՐՈՒՄՈՎ ՄԻՆՉԵՒ ՀԻՄԱ ԱԶԱՏ ԱՐՁԱԿՈՒԱԾ ԵՆ՝ 265 ՀՈԳԻ։

Հայաստանի արդարադատութեան նախարարութեան քրէա-կատարողական վարչութեան հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան պետ Արսէն Բաբայեան կը տեղեկացնէ, որ ըստ Հայաստանի Ազգային ժողովին կողմէ 19 յունիսին ընդունուած համաներում յայտարարելու մասին որոշումին, արդարադատութեան նախարարութեան քրէա-կատարողական հիմնարկներէն 12 յուլիսի դրութեամբ 265 դատապարտեալներ ազատ արձակուած են։



14 Յուլիս 1789։ Պասթիյի կործանման Տօնը. Ֆրանսական մեծ յեղափոխութեան Յիշատակութիւնը։Նշենք որ Փարիզի ծայրամասին գտնուող ամրոց մըն էր Պասթիյի բերդը, որ վերածուած էր բանտի եւ դարձած էր բրտագոյն խորհրդանիշը ֆրանսական միապետութեան դաժան իշխանութեան։ 14 Յուլիսը, աշխարհով մէկ, ֆրանսացիներուն վերապահուած տօնական օր է։ 14 Յուլիս 1789ին ֆրանսացիք գրաւեցին եւ կործանեցին Պասթիյի բերդաբանտը։ Պասթիյի բանտի անկումը սոսկ բռնատիրութեան մը տապալումը խորհրդանշելէ շատ անդին անցաւ եւ խոր ու արմատական անդրադարձներ ունեցաւ ,արդարեւ խորհրդանշեց շղթայազերծումը ֆրանսական մեծ յեղափոխութեան, որ աւելի քան տասը տարի տեւեց եւ հիմնովին յեղաշրջեց պատմութեան զարգացման ընթացքը ոչ միայն Ֆրանսայի եւ ամբողջ Եւրոպայի մէջ, այլեւ ընդհանրապէս հին աշխարհի տարածքին, Եւ ա՛յդ է պատճառը, որ ֆրանսացիներուն հետ ողջ մարդկութիւնը, տօնական ցնծութեամբ, ամէն Յուլիս 14ին կ'ոգեկոչէ բռնատիրութեանց անկումի խորհուրդը։








All the contents on this site are copyrighted ©.