2009-07-13 13:54:12

Ակնարկ մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


 ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏԻ ՄԷՋ ՀՅԴ-Ի ՆԱԽԱՁԵՌՆԱԾ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎԸ ԱՒԱՐՏԵՑ ԻՐ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐԸ ։ Արցախի հիմնախնդրին, հայ-թրքական յարաբերութիւններուն նուիրուած երկօրեայ համաժողովի մասնակիցները վերահաստատած են ազգային-պետական հարցերու մէջ միասնականութիւնը ու վճռականութիւնը։ Արդարեւ գերագոյն արժէքներ կը հանդիսանան՝ Հայաստանի Անկախ Հանրապետութիւնը, Ազատ Արցախը, Կազմակերպուած Սփիւռքը եւ Հայ Ժողովրդի անժամանցելի իրաւունքները։ Այսպէս շաբաթ օր վերջ տաւ ՀՅԴ-ի նախաձեռնութեամբ Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցած համահայկական խորհրդաժողովը։ Խորհրդաժողովի աւարտէն ետք ՀՅԴ Բիւրոյի անդամներ Լեւոն Մկրտչեան եւ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան պատասխանեցին լրագրողներու հարցումներուն։ Ներկայացուեցան խորհրդաժողովի աշխատանքներուն ընթացքը, քննարկուած հարցերը, ինչպէս նաեւ կատարուած առաջարկները։



ՀՀ Առողջապահութեան Նախարարի Գլխաւորած Պատուիրակութիւնը Նիւ Եորքի Մէջ Մասնակցած է Հայկական Բժշկական Համաշխարհային Գոնկրէսին։ Հայաստանի պատուիրակութիւնը՝ առողջապահութեան նախարար Յարութիւն Քուշկեանի գլխաւորութեամբ, Նիւ Եորքի մէջ մասնակած է Հայկական բժշկական համաշխարհային Գոնկրէսին։ Պատւիրակութեան կազմի մէջ էին նաեւ ՀՀ. Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը, ՀՀ. ԱԺ Առողջապահութեան, մայրութեան եւ մանկութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Արա Բաբլոյեանը, ԼՂՀ առողջապահութեան նախարար Արմէն Խաչատրեանը։ Գոնկրէսի ընթացքին պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է, որ յաջորդ հանդիպումը պիտի կայանայ Երեւանի մէջ 2011թ-ին՝ ՀՀ .Առողջապահութեան Ազգային Ինստիտուտի ղեկավար Դերենիկ Դումանեանի նախագահութեամբ։ Նիւ Եորքի մէջ Հայ նախարարը հանդիպած է նաեւ աշխարհի տարբեր երկիրներէ ժամանած հայ բժիշկներու հետ, որոնց մասնակցութեամբ քննարկուած են բժշկագիտութեան վերջին ձեռքբերումները, ԱՄՆ. Գոնկրէսի առողջապահութեան ենթայանձնաժողովի նախագահ Ֆրենք Փալլոնի հետ քննարկուած են երկու երկիրներու առողջապահութեան բնագաւառի մէջ բարեփոխումներու իրականացման վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ Հայ մանուկներու հիմնադրամի ղեկավար Կարօ Արմէնի հետ քննարկուած է հայ բարերար Բակունեանի հովանաւորութեամբ Արմաւիրի մարզի Միասնիկեանի տարածաշրջանի առողջութեան կեդրոնի վերանորոգման աշխատանքներու ընթացքը։ Այցելութեան ծիրէն ներս Հայ Օգնութեան ֆոնտ-ի եւ Հայ Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներու նախաձեռնութեամբ, առողջապահութեան բնագաւառէն ներս անհրաժեշտ եղող մեծ ներդրումներու համար՝ պատուոյ գիրեր յանձնուած են ՀՀ. Առողջապահութեան նախարար Յարութիւն Քուշկեանին, Արա Բաբլոյեանին եւ Երեւանի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ բժշկական կեդրոնի տնօրէն Արա Մինասեանին։



ԵՄ. Անդամ Երկիրները Ազատ Առեւտուրի Հաւանութիւն Տուած Են Հայաստանին։

Եւրոմիութեան անդամ երկիրները իրենց հաւանութիւնը յայտնած են Հայաստանի հետ ազատ առեւտուրի համաձայնագրի բանակցութիւնները սկսելու գծով։ Այս մասին նշած է ՀՀ. Տնտեսութեան նախարար Ներսէս Երիցեանը՝ Շանթ հեռուստաընկերութեան ՝՝Հեռանըկար՝՝ հաղորդման ընթացքին՝ ընդգծելով, որ Եւրոմիութեան ազատ առեւտուրի համաձայնագիրը պիտի ստեղծէ լուրջ ենթակառուցուածներ, պիտի բանայ մեծ հնարաւորութիւններ Հայաստանի տնտեսավարող առարկաներու համար։



ՄՈՍԿՈՒԱ։ Մոսկուա Կը Պատրաստուի Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Նախագահներու Հանդիպման ։

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները պիտի հանդիպին Մոսկուայի մէջ՝ Ռուսիոյ նախագահին ներկայութեամբ: Ռուսիոյ նախագահի օգնական Սերգէյ Պրիխոդկօ անդրադառնալով այս հանդիպան յայտնած որ «Մենք կ'՛աշխատինք Մոսկուայի մէջ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի նախագահներու ոչ պաշտօնական հանդիպման նախապատրաստման ուղղութեամբ: Հնարաւոր է նաեւ Ռուսիոյ, Հայաստանի ու Ատրպէյճանի նախագահներու եռակողմ հանդիպումը»:








All the contents on this site are copyrighted ©.