2009-07-12 15:34:50

Գերմանիոյ Հալլէ Քաղաքին Մէջ՝ Հայկական Նոր Եկեղեցւոյ Բացում ։


Գերմանիոյ Հալլէ Քաղաքին Մէջ՝ Հայկական Նոր Եկեղեցւոյ Բացում ։

Գերմանիոյ Սաքսոնիա Անհալտ շրջանի Հալլէ քաղաքին մէջ բացումը կատարուած է հայկական նոր եկեղեցւոյ մը, որուն օծումը պիտի կատարուի առաջիկայ ամիսներուն: Ինչպէս կը տեղեկացնէ Հալլէի հայ համայնքի հոգեւոր հովիւ Մկրտիչ Այվազեան, եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը պիտի կատարուի օծման օրը: Եկեղեցւոյ շէնքը, շուրջ 30 հազար եուրոյի արժէքով ձեռք բերուած է տեղի հայ համայնքին եւ Գերմանիոյ հայոց առաջնորդարանին միջոցներով, ապա շէնքը վերանորոգուած է հայկական եկեղեցիին յատուկ ոճով: Տեղեկացնելով Գերմանիոյ հայկական գաղութիւն մասին, Մ. Այվազեան յայտնած, թէ Գերմանիոյ մէջ ներկայիս կը գործեն շուրջ 40 հայկական միութիւններ, որոնցմէ 15ը եկեղեցական համայնքներ են: Առաջնորդանիստ Ս. Սահակ-Մեսրոպ եկեղեցին կը գտնուի Քեօլն քաղաքը: Գերմանիոյ մէջ ներկայիս կը բնակի 40-45 հազար հայ, որոնց գերակշռող մասը թրքահայ է: Այս առումով, Գերմանիոյ Հայ ակադեմականներու մշակութային միութեան նախագահ, Բոխում քաղաքի «Ռուհր» համալսարանէն ներս պատմութեան ամպիոնի դոկտորականի թեկնածու, պատմաբան Ազատ Օրտուխանեան կը նշէ, թէ Հալլէի մէջ կ’ապրի 40-45 հայ ընտանիք: Մեծաւ մասամբ հայաստանցիներէ կազմուած այս գաղութը ունի նաեւ հայկական շաբաթօրեայ դպրոց եւ պարախումբ: «Ընդհանրապէս, Գերմանիոյ մէջ հայկական եկեղեցական համայնքները կազմուած են թրքահայերէ, որոնց անդամավճարներով է, որ կը գոյատեւեն հայկական եկեղեցիները: Հայաստանցիները, պարսկահայերն ու լիաբանանա-սուրիահայերը աւելի ընդգրկուած են քաղաքական, գիտական-մշակութային ու բարեգործական կազմակերպութիւններու մէջ», կ’ըսէ պատմաբանը: Ըստ Ա. Օրտուխանեանի, այս առումով, Հալլէի եկեղեցական միութեան նոր շէնքը եզակի դէպք է, որովհետեւ Գերմանիոյ մօտ Հայաստանի դեսպանատան շէնքէն ետք, այս շէնքը, հայկական երկրորդ սեփականութիւնն է:

Նշենք, որ Հալլէի մէջ կը գործէ նաեւ հայկական «Մեսրոպ» հետազօտական կեդրոնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.