2009-07-11 13:09:13

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


 ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏԻ ՄԷՋ ՀՅԴ-Ի ՆԱԽԱՁԵՌՆԱԾ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎԸ ՍԿՍԱՒ ԻՐ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐՈՒՆ ։Երէկ Ստեփանակերտի մէջ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կազմակերպած՝ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն եւ Ղարաբաղեան տագնապի լուծման նուիրուած համահայկական խորհրդաժողովը սկսաւ իր աշխատանքներուն։Խորհրդաժողովը տեղի կունենայ հովանաւորութեամբ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի եւ աջակցութեամբ Փիւնիկ հիմնադրամին,արդարեւ Խորհրդաժողովին ներկայ էին նաեւ Փիւնիկ մարդկային պաշարներու հիմնադրամի նախագահ Գաբրիէլ Չեմպերճեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչ Նարեկ Եպս Ալեէմեզեան։ Խորհրդաժողովի պաշտօնական բացումէն ետք ներկաները ուղղուեցան Արցախեան ազատամարտին նահատակուած ազատամարտիկներու յուշարձան, ուր ծաղկեպսակ զետեղեցին։Ապա ի պատիւ խորհրդաժողովին մասնակիցներուն տեղի ունեցաւ պաշտօնական ընթրիք։

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ 30 ՄԻԼԻՈՆ ՏՈԼԱՐ, ԻՍԿ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻՆ՝ 22 ՄԻԼԻՈՆ։ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի յատկացումներու յանձնախումբը նախանցեալ օր քուէարկութեան դրած է 2010 թուականին այլ պետութիւններուն 48,7 միլիոն տոլարի օգնութեան տրամադրումին վերաբերող օրինագիծը։ ՀՅԴ Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, որ քուէարկութեամբ որոշուած է Հայաստանին 30 միլիոն տոլար յատկացնել, իսկ Ազրպէյճանին՝ 22 միլիոն տոլար։

ԿԸ ՀԱՒԱՏԱՄ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՏԱԳՆԱՊԻ ԲԱՆԱԿՑԱՅԻՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԻՆ ՄԷՋ ՆՈՐ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆՑ ՍՏԵՂԾՄԱՆ (Կ'ԸՍԷ ԶՊԻԿՆԻ ՊՐԵԶԻՆՍՔԻ)։ ՝՝Թրենտ՝՝ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Ճիմի Քարթըրի վարչակազմի ազգային ապահովութեան նախկին խորհրդատու Զպիկնի Պրեզինսքի կը հաւատայ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման բանակցութեանց մէջ նոր իրականութեանց ստեղծման կարելիութեան։ Ճոն Հոփքինզ համալսարանի դասախօս Պրեզինսքի յայտնած է, որ պէտք է ըսեմ, թէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման բանակցային գործընթացին մէջ նոր իրականութեանց ստեղծման կարելիութեան կը հաւատամ։ Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ նախագահներու Մոսկուայի հանդիպումին իրողութիւնը ոչ միայն այս հարցին միջազգային նշանակութիւնը բարձրացուց, այլ նաեւ տագնապին առնչակից կողմերուն հաւատքը զօրացուց։ Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ այսպիսի հանդիպումները շրջանին մէջ նոր առիթներ կընծայեն(ըսած է Պրեզինսքի)։

ԼՂՀի Հարցով Օպամա, Մետվետեւ Եւ Սարքոզի Յայտարարութիւն Կը Հրապարակեն։ ԱԳՈՒԻԼԱ- ԵԱՀԿ-ի Մինսկի խումբի համանախագահ երկիրներու ղեկավարներ Պարաք Օպամա, Տիմիթրի Մետվետեւ եւ Նիքոլայ Սարքոզի, Իտալիոյ Աքուիլա քաղաքին մէջ կայացած եւ երէկ վերջ գտած «Մեծ Ութեակի» գագաթնաժողովին առթիւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման առնչութեամբ համատեղ յայտարարութեամբ հանդէս եկած են: «Ասոշիէթըտ Փրէս» լրատու գործակալութեան համաձայն, հրապարակուած յայտարարութեան մէջ երեք նախագահները հաստատած են «հակամարտութիւնը հիմնարար սկզբունքներու հիման վրայ հանգուցալուծելու՝

Հայաստանի ու Ատրպէյճանի ջանքերուն աջակցելու իրենց հաւատարմութիւնը» եւ կոչ ուղղած են համաձայնութեան գալու «մնացեալ քանի մը հարցերուն շուրջ եւ աւարտին հասցնելու խաղաղ կարգաւորումը»:

Փօլ Գրիգորեան՝ Լոս Անճելըսի Քաղաքապետական Խորհուրդի Թեկնածու։

Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի անդամ Փօլ Գրիգորեան Ուրբաթ, Յուլիս 10ի կէսօրին պաշտօնապէս իր թեկնածութիւնը յայտարարեց Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի երկրորդ ընտրապայքարի ընտրութիւններուն:Փօլ Գրիգորեան արդէն իսկ ապահոված է հովանաւորներու եւ իր թեկնածութեան աջակցողներու յատկանշական թիւ մը Լոս Անճելըսի Սան Ֆերնանտօ հովիտին մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.