2009-07-10 14:53:49

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնը


Ուրբաթ 10 յուլիս 2009, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը յաջորդաբար ընդունեց

Տիար Հեքթոր Ալդամիրանօ Մեքսիքոյի նոր դեսպանը որ Նորին Սրբութեան ներկայացուց իր հաւատարմագրերը,

Ապա Կարտինալ Ռէ` կառավարիչը եպիսկոպոսներու ժողովին,եւ

Կարտինալ Ակոստինօ Վալլինի` ընդհանուր տեղապահը Հռոմի թեմին

իսկ յետմիջօրէին Սրբզ. Հայրը ընդունեց Ամերիկայի միացեալ նահանգներու նախագահը` տիար Պարաք Օպաման, անոր կողակիցը եւ իրեն ընկերացող շքախումբը։ Յայտնենք թէ անցեալ շաբաթ ԱՄՆի նախագահը Սպիտակ Տան մէջ ընդունեց կաթողիկէ մամուլը. եւ իր տուած ելոյթին ընթացքին յայտնեց թէ կաթողիկէ Եկեղեցին մեծ ազդեցութիւն ունեցած է իր կեանքին վրայ։ Ան մեծապէս գնահատեց Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը եւ ըսաւ որ իր երկրի քաղաքականութիւնը յաչս Ս. Երկրի համաձայն է Վատիկանի կեցուածքին։ Մենք կարող ենք միասնաբար համագործակցիլ իրարու մօտեցնելու հրեաներն ու արաբները. ըսաւ ԱՄՆի նախագահը։

Հինգշաբթի օրը Նորին Սրբութիւնը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Աւստրալիոյ նախարարապետը՝ տիար Քեվին Ռուտ, որ յաջորդաբար հանդիպում ունեցաւ Վատիկանի պետական քարտուղար կարտինալ Պերթոնէի հետ։ Հանդիպումներուն ընթացքին, վերակոչուեցաւ Սրբազան Քահանայապետի առաքելական ճամբորդութիւնը Սիտնէի, անցեալ տարի՝ 2008ի յուլիսին, երիտասարդութեան համաշխարհային օրուան առթիւ, ինչպէս նաեւ ի յայտ դրուեցաւ համագործակցութեան ոգին եկեղեցական ու քաղաքացիական իշխանութիւններու միջեւ։ Հուսկ խօսուեցաւ միջազգային ու շրջանային ներկայ կացութեան մասին, հայող՝ կրօնական ազատութեան ու բնապահպանութեան։

Հինգշաբթի օրը, Նորին Սրբութիւնը նաեւ՝ իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Քորէայի նախագահը տիար Լի Միունկ-բագ, որ յաջորդաբար տեսակցութիւն ունեցաւ Պետական քարտուղար կարինալ Պերթոնէի եւ արտգործ նախարար գերապայծառ Մանպերթիին հետ։ Սիրալիր խօսակցութիւնները առիթ ընծայեցին որ անդրադարձ կատարուի համաշխարհային տնտեսութեան տագնապի աղիտալի հետեւանքներուն թերաճ երկիրներուն համար, ինչպէս նաեւ՝ քորէական թերակղզիի քաղաքական ու ընկերային կացութեան։ Գալով երկկողմանի յարաբերութիւններուն, ընդգծուեցաւ Քորէայի եւ Ս. Աթոռի միջեւ գոյացող բարի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ համամիութենական ու միջկրօնական երկխօսութիւնը եւ համագործակցութիւնը Եկեղեցւոյ ու Պետութեան միջեւ, կրթական ու ընկերային մարզերէն ներս։



 








All the contents on this site are copyrighted ©.