2009-07-10 15:00:43

Լուրեր հայկական կեանքէն

Սերժ Սարգսեան Անանիա Շիրակացի մետալով պարգեւատրեց Ռուբէն Չիֆթալարեանը


ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագիրով Անանիա Շիրակացի մետալով պարգեւատրուած է Ռուբէն Չիֆթալարեան իր երկարամեայ եւ արդիւնաւէտ պետական, հասարակական, քաղաքական գործունէութեան համար։ Ան 1990-1991-ին՝ եղած է Խորհրդային Հայաստանի նախարարներու խորհուրդի նախագահի առաջին տեղակալը, 1991-1993՝ Հայաստանի կառավարութեան առաջին փոխվարչապետը, ու նաեւ աղէտի գօտիին վերականգնման հանրապետական վարչութեան ղեկավարը։

Իր երախտագիտական արտայայտութեան մէջ,մեծարեալը շնորհակալութիւն յայտնած է հայրենի նախագահին, իր գործունէութիւնն ու վաստակը բարձր գնահատելուն համար. շեշտելով որ՝ Հայաստան պէտք չէ մոռնայ հայրենիքէն դուրս ապրող իր զաւակները։ Ան նշած է, որ աշխատելով Հայաստանի համար չափազանց ծանր տարիներուն՝ ինք գործած է նուիրումով եւ պատասխանատուութեան մեծ զգացումով։ Ինք ուրախ է, որ կրցած է իր մասնակցութիւնը բերել Հայաստանի պետականութեան կայացման եւ ամրապնդման։

Չիֆթալարեան նաեւ յայտնած է, որ հակառակ իր ունեցած բազմաթիւ պարգեւներուն՝ այս մետալը իրեն համար կը համարուի ամենաթանկը, որովհետեւ հայրենիքին պարգեւն է։



Հայաստանի պարի պետական համոյթը 50 տարեկան .

Հայրենի վարչապետ՝ Տիգրան Սարգսեանի շնորհաւորութիւնը

Հ Հ վարչապետ Տիգրան Սարգսեան շնորհաւորական ուղերձ մը յղած է Հայաստանի պարի պետական համոյթին՝ անոր 50-ամեակին առիթով։

Վարչապետը նշած է, որ համոյթը տարբեր տարիներու ղեկավարած հայ մեծագոյն վարպետներու վաստակը, մեծ պարտաւորութիւն դրած է համոյթի ներկայ կազմին վրայ, որովհետեւ պարարուեստի առաջնակարգ գործիչներ ունեցող ժողովուրդը անհրաժեշտ է, որ ունենայ անոնց անուան արժանի պարախումբեր։

Ուղերձի աւարտին վարչապետը Հայաստանի պարի պետական համոյթին մաղթած է ստեղծագործական երկար ու արգասաւոր ճանապարհ։



Արեւ առաջնամագլցման բաց փառատօն Հայաստանի մէջ

Յուլիս 1-ին բացումը կատարուած է Արեւ առաջնամագլցման բաց փառատօնին։ Այսպէս տեղեկացուցած են Հայաստանի տնտեսագիտութեան նախարարութեան զբօսաշրջութեան եւ տարածքային տնտեսական զարգացման վարչութեան նախագահը՝ Մեխակ Ապրեսեան եւ Արեւ առաջնամագլցման բաց փառատօնի կազմակերպիչ, Ափ տը Ռոքս ակումբի ղեկավարը՝ Մխիթար Մխիթարեան։

Սոյն Փառատօնին նպատակն է՝ Հայաստանի մէջ զարգացնել ժայռամագլցումը եւ այսպիսով խթանել զբօսաշրջութիւնը՝ ներգրաւելով ժայռամագլցումով հետաքրքրուողները։ Փառատօնը կարելիութիւն պիտի ընձեռէ դիտելու մասնագէտ ժայռ մագլցողներու վերելքը եւ սորվելու ժայռ մագլցելու հիմնական թեքնիքները։ Փառատօնի աւարտին լաւագոյն մագլցողները եւ հետաքրքրուած երիտասարդները պիտի ներգրաւեն Ափ տը Ռոքս ակումբին մէջ եւ կարելիութիւն պիտի ունենան շարունակելու մագլցելու վարժութիւնները եւ հմտանալու այս ոլորտին մէջ։

Փառատօնի ծրագրին մէջ ներառուած են տարբեր վայրեր՝ Գառնիի կիրճ՝ պազալթէ սիւներ, Իջեւանի լեռնաշղթայ՝ կրաքարային ժայռեր, Նորավանքի կիրճ՝ կրաքարային ժայռեր եւ Բջնիի կիրճ՝ պազալթէ սիւներ։ Փառատօնին մասնակցողներու խումբը կազմուած է տարբեր երկիրներու մասնագէտներէ, իսկ սկսնակներու խումբը՝ տեղացի երիտասարդներէ, որոնք կը փափաքին միանալու ճամբարին։

Նշենք, որ բաց փառատօնը կազմակերպուած է Հայաստանի տնտեսագիտութեան նախարարութեան, Հայաստանի ժայռ մագլցելու եւ լեռնագնացութեան ֆետերասիոնի եւ Սպիտակ փրկարարական կեդրոնին կողմէ։

Ի դէպ, առաջնամագլցում արտայայտութիւնը ժայռ մագլցելու մէջ կը նշանակէ՝ ընտրել ժայռի ա՛յն հատուածը, ուր երբեւիցէ ոեւէ մէկը չէ մագլցած։ Հայաստանի մէջ կան բազմաթիւ այսպիսի ժայռեր, որոնք ունին ժայռ մագլցելու հանրայայտ վայրեր։ Այսպիսով Հայաստան կրնայ գրաւել բազմաթիւ զբօսաշրջիկներ եւ մասնագէտ ժայռ մագլցողներ՝ նկատի ունենալով անոր ժայռերուն շրջակայ գեղեցիկ բնապատկերները։



 








All the contents on this site are copyrighted ©.