2009-07-10 13:31:25

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


 





ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎԸ' ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏԻ ՄԷՋ։

Այսօր պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ Ստեփանակերտի մէջ Համահայկական Խորհրդաժողովին, որ պիտի քննարկէ երկու հիմնական օրակարգեր՝

1) Արցախեան հիմնախնդիրը եւ 2) հայ-թուրք յարաբերութիւնները։ Խորհրդաժողովին բացումը կատարեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, ապա խօսք առին՝ Հայ Դատի կեդրոնական խորհուրդի կողմէ Լեւոն Մկրտչեան, Արցախի Թեմի առաջնորդ Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեան, ԼՂՀ-ի նախագահ Բակօ Սահակեան եւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան։



ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԿԸ ՍՏԱՆՁՆԷ ԻՏԱԼԻՈՅ ՆՈՐ ՆՇԱՆԱԿՈՒԱԾ ԴԵՍՊԱՆԻՆ ՀԱՒԱՏԱՐՄԱԳԻՐՆԵՐԸ։ Հայաստանի մէջ Իտալիոյ նոր նշանակուած դեսպանը Պրունօ Սքափինի երէկ իր հաւատարմագիրները յանձնած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին։ Սերժ Սարգսեան շնորհաւորած է դիւանագէտը իր պաշտօնը ստանձնելուն առիթով եւ յոյս յայտնած է, որ անոր գործունէութեան տարիները արդիւնաւէտ ըլլան հայ-իտալական յարաբերութիւններու զարգացման եւ խորացման տեսակէտէն։

Նախագահ Սարգսեան ընդգծած է Հայաստանի շահագրգռութիւնը Իտալիոյ հետ բազմաբնոյթ գործակցութիւնը ընդլայնելու եւ անոր համար լաւ հիմք նկատած է փոխադարձ ցանկութիւնը պատմական ընդհանրութիւններն ու այն արժէքները, զորս երկու երկիրները կը դաւանին։ Ըստ անոր, հայ-իտալական գործակցութիւնը զարգացման լաւ հեռանկար ունի նաեւ բազմակողմանի ձեւաչափերու մէջ ։Դեսպան Սքափինի, կարեւոր նկատելով հայ-իտալական փոխադարձ համակրանքի եւ ջերմ յարաբերութիւններու ձեւաւորուած աւանդութիւնը, ըսած է, որ պիտի ընէ իր առաւելագոյնը ամրապնդելու համար ներկայ համագործակցութիւնն ու ստեղծելու նոր կարելիութիւններ։ Իբրեւ իր գործունէութեան առաջնակարգ ուղղութիւններ, ան նախանշած է առեւտրական-տնտեսական յարաբերութիւններու խթանումը եւ բարձր մակարդակի փոխադարձ այցելութիւններու աշխուժացումը։

Զրուցակիցները քննարկած են նաեւ շրջանային հարցեր։ Նախագահ Սարգսեան ողջունած է Իտալիոյ հաւասարակշիռ դիրքորոշումը Հարաւային Կովկասի զգայուն խնդիրներուն նկատմամբ։



ԷԴՈՒԱՐԴ ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊՈՒՏԱՓԵՇՏ ԵՒ ՊՈՒՔՐԵՇ։

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ եւ տեղեկատուութեան վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար էդուարդ Նալբանդեան երէկ կարճատեւ այցելութեամբ մեկնեցաւ Պուտափեշտ եւ Պուքրեշ, ուր հանդիպումներ ունեցաւ Հունգարիոյ արտաքին գործոց նախարար Փիթըր Պալաշի եւ Ռումանիոյ արտաքին գործոց նախարար Քրիսթիան Տիաքոնեսքուի հետ։

Է. Նալբանդեան այսօր երեկոյեան Երեւան պիտի վերադառնայ։



ՄԱՆՈՒԿ ԹՈՓՈՒԶԵԱՆ ՆՇԱՆԱԿՈՒԵՑԱՒ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐԱԿԱՆ ԴԱՏԱՐԱՆԻ ԱՆԴԱՄ։ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան նախանցեալ օր հրամանագիր մը ստորագրած է Մանուկ Թոփուզեանը նախագահի խորհրդականի պաշտօնէն ազատ կացուցելու մասին։ Ապա Նախագահ Սերժ Սարգսեանի նոյն օրուան մէկ այլ հրամանագիրով՝ Մանուկ Թոփուզեան նշանակուած է Հայաստանի Սահմանադրական Դատարանի Անդամ։



10 Յուլիս 1841. Զմիւռնիոյ Հայկական Թաղամասը Կը Հրկիզուէր

Թուրքերուն Կողմէ։

10 Յուլիսին, 1841ին, թուրքերը հրկիզեցին Զմիւռնիա(Իզմիր) քաղաքին հայկական թաղամասը։ Օսմանեան Կայսրութեան արեւմտեան ափին՝ նաւահանգիստ այդ քաղաքը իր ժամանակին միջազգային առեւտուրի ամէնէն եռուն կեդրոններէն էր, իր կարեւորութեամբ եւ գործառնութեանց ծաւալով միայն Կոստանդնուպոլսոյ կը զիջէր։ 1841ի վիճակագրական տուեալներով՝ Զմիւռնիայի 200.000 բնակչութեան հազիւ 43 տոկոսը թուրք կամ թրքախառն էին։ Աւելի քան 45 տոկոսը յոյներ ու հայեր էին։ Կային նաեւ շուրջ 10 տոկոս հրեաներ, որոնց առեւտրական եւ հոգեմտաւոր կեդրոնացման հռչակաւոր կեդրոններէն մէկը դարձած էր շեշտակիօրէն եւրոպական դիմագիծ ունեցող Զմիւռնիան։ Մինչեւ 1260ական թուականները կ'երկարին Զմիւռնիոյ մէջ հայերու ներկայութեան եւ հայկական հոգեմտաւոր կոթողներու վերաբերեալ յիշատակութիւնները։ Իսկ Շահ Աբբաս Առաջինի հրահանգած բռնագաղթէն ետք, 1605ին, աւելի քան հազար հայ ընտանիքներ, Նախիջեւանէն, Երեւանէն եւ Ղարաբաղէն գաղթած են դէպի Զմիւռնիա։ Վերջին հաշուով՝ 10 Յուլիս 1841ի հայկական թաղամասի հրկիզումով, Զմիւռնիան ապրեցաւ ահաւոր նախերգանքը ութսուն տարի յետոյ իրեն վերապահուած մեծ ողբերգութեան՝ Սեպտեմբեր 1922ի Քեմալական Թուրքիոյ տխուր ծրագրին որով՝ ոչ միյան քաղաքը հրկիզուեցաւ , այլեւ հազարաւորներով անպաշտպան յոյն եւ հայ բնակչութիւնը զոհ գացին սոյն ողբերգութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.