2009-07-09 13:38:44

ԱՄՆի նախագահ Պարաք Օպամայի հանդիպումը կաթողիկէ մամուլին հետ,

Կաթողիկէ մշակոյթը մեծ ազդեցութիւն ունեցած է կեանքիս վրայ, յայտնած է


ԱՄՆի նախագահ Պարաք Օպաման, կաթողիկէ մամուլին հետ ունեցած իր ելոյթին ընթացքին։ Նախագահ Օպամա, 10 Յուլիսին, Վատիկանի մէջ, հանդիպում պիտի ունենայ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին հետ, Աքուիլայի 8 մեծերու ժողովին աւարտին։

Մամուլին հետ ունեցած՝ երկար ասուլիսին ընթացքին, Ամերիկայի նախագահը ըսաւ որ շատ մը Ամերիկացի եպիսկոպոսներ, համախոհ չեն ինծի, սակայն ես զիրենք կը յարգեմ եւ լրջութեամբ կը մտածեմ անոնց առարկութիւններուն մասին։ Մեր երկրի հանրավարութեան հիմնական տարրերէն մէկն է, որ իւրաքանչիւր անձ ազատութեամբ յայտնէ իր քաղաքական կարծիքները, եւ ես անոնց կարծիքները լուրջի կ'առնեմ։

Ես նախագահն եմ բոլոր ամերիկացիներուն ըսաւ նախագահ Օպամա։ Ապա, խօսելով ՝ Ութը Մեծերու ժողովին մասին ըսաւ. ՜՜ կը յուսամ որ հարուստ երկիրներուն հետ միասին, կարենանք երաշխաւորել սննդառութիւնը աշխարհի բոլոր բնակիչներուն։ Այդ ուղղութեամբ լուրջ յայտագիր մը պատրաստած ենք՝՝։ Օպամա ըսաւ որ դրամատիրութեան դրութիւնը ամենէն ազդու միջոցն է հարստութիւններ ստեղծելու։ Եկեղեցին միշտ եղած է բարոյական հզօր ուղեցոյց մը հարստութիւններու բաշխումին, եւ պիտի գործենք այնպէս որ ամէն անհատ կարելիութիւն ունենայ իր բախտը փորձելու։

Խօսելով՝ Ս. Երկրի մասին, Ամերիկայի նախագահը ըսաւ. ՜՜ մենք բացայայտօրէն խօսեցանք Իսրայէլի հետ, բնակութեան փշոտ հարցին մասին։ Իսրայէլը կը պատրաստուի դժուար որոշումներ առնելու, նոյնպէս եւ պաղեստինցիները կանչուած են կարգ մը պարտականութիւններ յարգելու եւ արաբական աշխարհը կանչուած է ճանչնալու Իսրայէլի գոյութիւնը։ Այս նիւթին մասին անհամբեր կը սպասեմ խօսիլ Հռոմի Պապին հետ, կը խորհիմ որ մեր կեցուածքը շատ մօտ է Ս. Աթոռին, եւ կարող ենք միասնաբար համագործակցիլ իրարու մօտեցնելու հրեաներն ու արաբները՝՝ ։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.