2009-07-08 13:55:22

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնը

Սրբազան Հօր Չորեքշաբթի օրուայ ընդհանուր ունկնդրութիւնը


Չորեքշաբթի 8 Յուլիս 2009, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի հազարաւոր ուխտաւորներուն, Պօղոս Զ.ի անուան սրահը։

Սրբազան Հայրը այսօր խօսեցաւ ՜՜Սէրը ճշմարտութեան մէջ՝՝ շրջաբերական թուղթին մասին։

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր

՜՜Սէրը ճշմարտութեան մէջ՝՝ շրջաբերական թուղթը, կ'ընդգծէ որ մարդու եւ ընկերութեան ճշմարիտ բարենորոգումը կը յենու միմիայն Քրիստոսի վրայ, որ մեզ կը բարեփոխէ եւ կարող կը դարձնէ գործելու՝ ճշմարտութեան ու սիրոյ մէջ։ Քրիստոս հիմն է մարդկային ճշմարիտ ու ամբողջական զարգացումին եւ բարգաւաճումին, ուժական զօրութիւն մը, որ կ'ենթադրէ վստահաբար արդարութիւն։ Հետեւելով Populorum progressio` ժողովուրդներու բարգաւաճումը երջանկայիշատակ Պօղոս Զ.ի շրջաբերական թուղթին, նոր շրջաբերականը կ'ընծայէ ուղղութիւններ՝ ՜՜դիմագրաւելու մեր ճանչցած տագնապները՝՝։ Թէեւ ստոյգ է որ համաշխարհայնականացումը բարեպատեհութիւն մըն է, ճշդելու եւ վերանորգելու տնտեսութիւնը եւ կարգ մը ընկերային անարդարութիւններ եւ անհաւասարութիւններ, սակայն անիկա իրականացնելու համար հարկ է կատարել մշակութային խոր վերանորոգում մը եւ ընդհանուրին բարիքի նախընտրութիւն մը ընել։ Նոյնպէս, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, հարկաւոր է վերատեսել համաշխարհային բարգաւաճումի դրութիւնը։ Ապա Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց թէ շրջաբերական թուղթը լուծումներ չի տար, այլ կը խնդրէ կարգ մը սկզբունքներու յարգանքը։ Մարդկային ճշմարիտ բարգաւաճումի մը կերտումին համար, նախ պայքարելու է սովի եւ սննդառութեան անապահովութեան դէմ։ Շրջաբերական թուղթը նաեւ կը հրաւիրէ լուրջ խորհրդածութիւն կատարել տնտեսութեան նշանակութեան ու վերջնական կէտնպատակին մասին։ Ասիկա կ'ենթադրէ բոլորին համագործակցութիւնը անհատական, ընկերային ու քաղաքական մակարդակներու վրայ։ Հուսկ Նորին Սրբութիւնը ներկաներէն խնդրեց աղօթել 8 Մեծերու բոլոր պատասխանատուներուն համար, որոնք ներկայիս Աքուիլայի մէջ կը խորհրդակցին, եւ Աստուածամօր յանձնենք մեր այս դիտաւորութիւնները։.

Այս խորհրդածութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը զանազան բարբառներով ողջունեց ներկաները խրախուսելով զանոնք, արձակուրդի այս շրջանին, մտերմութիւն հաստատել Քրիստոսի հետ։

Եւ նախքան իր առաքելական օրհնութիւնը, Սրբազան Քահանայապետը հայրական խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն յիշեցնելով որ ՜՜մենք ամէնքս կանչուած ենք յաճախել Ս. Կոյս Մարիամի դպրոցը, որպէսզի իրմէ սորվինք զԱստուած սիրել ամէն բանէ առաջ՝՝։

Երէկ, երեքշաբթի 7 Յուլիսին, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Ճաբոնի նախարարապետը` տիար Թարօ Ազօ եւ իր կողակիցը։ Ապա նախարարապետը տեսակցութիւն ունեցաւ Պետական քարտուղար կարտինալ Պերթոնէի հետ եւ արտգործ նախարար գերապայածառ Մանպերթիի հետ։ Խօսակցութեան նիւթերը եղան տնտեսական համաշխարհային տագնապը եւ յանձնառումը գործելու Ափրիկէի համար։ Յայտնենք որ Ճաբոնի եւ Վատիկանի միջեւ յարաբերութիւնները շատ լաւ են եւ սերտ համագործակցութիւն գորութիւն ունի։

Նոյնպէս, երէկ՝ (երեքշաբթի օրը) Վատիկանի գրասենեակին մէջ, ներկայացումը կատարուեցաւ Սրբազան Քահանայապետին առաջին ընկերային շրջաբերական թուղթին ''Սէրը ճշմարտութեան մէջ'' նիւթին մասին։ Շրջաբերական թուղթը ներկայացուցին կարտինալ Մարթինօ` նախագահը Արդարութիւն եւ Խաղաղութիւն քահանայապետական խորհուրդին։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.