2009-07-08 13:25:03

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։·


 





ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԸՆԿԵՐՈՒԹԵԱՆ ՊԱՐՏՔՆ Է ՃԱՆՉՆԱԼ ԵՒ ԴԱՏԱՊԱՐՏԵԼ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ (Կ'ԸՍԷ ԿԻՊՐՈՍԻ ՆԱԽԱԳԱՀ ՏԻՄԻԹՐԻՍ ԽՐԻՍԹՈՖԻԱՍ) ։ Երէկ աւարտեցաւ Կիպրոսի նախագահի Հայաստան կատարած պաշտօնական այցելութիւնը։Երէկ Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան հանդիպում ունեցաւ Կիպրոսի նախագահ Տիմիթրիս Խրիսթոֆիասի հետ։Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան երկու բարեկամ երկիրներու յարաբերութիւններու զարգացման եւ տարբեր մարզերու մէջ համագործակցութեան ներուժը աշխուժացնելու, մասնաւորապէս՝ տնտեսական, մշակութային եւ զբօսաշրջութեան մարզերուն առնչուող հարցեր։ Հայաստանի կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հանրութեան հետ կապերու վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, որ վարչապետ Սարգսեան բարձր գնահատեց Հայաստան - Եւրոպական Միութիւն շրջանային համագործակցութեան ծիրին մէջ կիպրական կողմի պատրաստակամութիւնը Հայաստանին աջակցելու։

Հանդիպումը տեղի ունեցաւ ջերմ եւ բարեկամական մթնոլորտի մէջ։ Միւս կողմէ, երէկ Կիպրոսի նախագահը այցելեց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ, որուն յուշամատեանին վրայ գրեց հետեւեալ տողերը ՝՝Ափսոսանք, ցաւ, նաեւ զայրոյթ կապրինք՝ տեսնելով այն ինչ որ իրագործած են երիտասարդ թուրքերը հայ ժողովուրդին նկատմամբ։ Համաշխարհային հանրութեան պարտքն է ճանչնալ եւ դատապարտել Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Կիպրոսը միշտ եղած է եւ պիտի մնայ հայ ժողովուրդի կողքին՝ Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացին մէջ՝՝։Հայաստանի հանրային ռատիոն կը տեղեկացնէ, որ յիշատակի պուրակին մէջ Կիպրոսի նախագահը տնկած է եղեւնի մը՝ ի յիշատակ Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերուն։ Իսկ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան երէկ ընդունեց Կիպրոսի արտաքին ործոց նախարար Մարքոս Քիփրիանուն, որ Երեւան եկած էր Կիպրոսի նախագահին ուղեկցող պատուիրակութեան կազմին մէջ։



ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԴԵՍՊԱՆԱՏՈՒՆ։ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան այցելեց Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատուն եւ շնորհաւորեց դեսպանութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարները՝ Միացեալ Նահանգներու Ազգային տօնին՝ Անկախութեան Օրուան առիթով։ Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահաններու արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մարի Եովանովիչի հետ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին, երկու կողմերը ընդգծեցին հայ- ամերիկեան յարաբերութիւնները տարբեր մարզերու մէջ յառաջ մղելու փափաքն ու պատրաստակամութիւնը։ Դեսպան Եովանովիչ Հայաստանի նախագահին ներկայացուց ամերիկահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ ունեցած վերջին հանդիպումներէն իր տպաւորութիւնները։

ԵԱՀԿ-ի ՄԻՆՍՔԻ ԽՄԲԱԿԻ ՀԱՄԱՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐԸ ԴԱՐՁԵԱԼ ՉԵՆ ՄԵԿՆԱԾ ՂԱՐԱԲԱՂ։ 7 յուլիսի կէսօրին, ըստ նախապէս եղած համաձայնութեան, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները Ղարաբաղի մէջ պէտք է հանդիպէին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ։ Ըստ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան վարչութեան պետ Դաւիթ Բաբայեանի, համանախագահները չեն մեկնած Ղարաբաղ՝ եղանակային անբարենպաստ պայմաններուն պատճառով։ Նշենք որ համանախագահներու շրջան կատարած նախորդ այցելութեան ժամանակ, մայիսի վերջը, անոնք նոյնպէս չէին մեկնած Ղարաբաղ, դարձեալ եղանակային պայմաններուն պատճառով։

60 ՄԻԼԻՈՆ ՏՈԼԱՐԻ ՎԱՐԿԻ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳԻՐԻ ՍՏՈՐԱԳՐՈՒԹԻՒՆ։

Համաշխարհային դրամատունը Հայաստանի կառավարութեան տրամադրեց 60 միլիոն տոլարի պիւտճէական վարկ մը։ Այս որոշումը վաւերացուեցաւ 2 յուլիսին՝ Համաշխարհային դրամատան տնօրէններու խորհուրդին կողմէ։ Երէկ Հայաստանի ելեւմուտքի նախարար Տիրան Դաւթեան եւ Համաշխարհային դրամատան Հարաւային Կովկասի երկիրներու շրջանային տնօրէն Ասատ Ալամ ստորագրեցին 60 միլիոն տոլարի գումարով վարկ տրամադրելու համաձայնագիրը։ Ասիկա շատ կարեւոր վարկ է, որով փորձ կը կատարուի օժանդակելու Հայաստանի կառավարութեան հակաճնաժամային ծրագիրներու իրագործման, ինչպէս նաեւ միջազգային տնտեսական տագնապին պատճառած հետեւանքներուն վերացման(նշած է Ասատ Ալամ)։










All the contents on this site are copyrighted ©.