2009-07-07 13:06:43

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


 

Կիպրոսի նախագահ Տիմիթրիս Խրիսթոֆիաս Հայաստան կ այցելէ ։

Նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաւէրով երէկ երկօրեայ պետական այցելութեամբ Հայաստան ժամանեց Կիպրոսի նախագահ Տիմիթրիս Խրիսթոֆիաս։Կիպրոսի նախագահի դիմաւորումին պաշտօնական արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Հայաստանի նախագահի նստավայրին մէջ։Դիմաւորումի արարողութեան յաջորդեց նախագահներ Սարգսեանի եւ Խրիսթոֆիասի դռնփակ հանդիպումը, ապա՝ պաշտօնական պատուիրակութիւններու ընդլայնուած կազմով հանդիպումը։Հանդիպման արդիւնքները յայտարարուեցան միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ,եւ ուր երկու երկիրներու նախագահները լրագրողներուն խնդրանքով արտայայտեցին իրենց դիրքորոշումը Թուրքիոյ Եւրոպական միութեան անդամակցութեան վերաբերեալ։ Նախագահ Սերժ Սարգսեան նշեց, որ այդ անդամակցութեան հարցին Հայաստան երբեք դէմ չէ արտայայտուած, քանի որ դառնալով Եւրոպական Միութեան անդամ երկիր, Թուրքիա պիտի դառնայ աւելի կանխատեսելի, անվտանգ եւ Հայաստանի պատկերացումներուն աւելի համապատասխան։Կիպրոսի նախագահը նոյնպէս նկատել տուաւ, որ այս հարցին մէջ եւս երկու երկիրներու մօտեցումները կը համընկնին։ Կիպրոս եւս կը փափաքի Թուրքիան տեսնել Եւրոպական Միութեան մէջ, բայց միայն նոր մտածողութեամբ եւ նոր մօտեցումներով Թուրքիա մը։ Կիպրոսի Պատուիրակութեան մէջ ընդգրկուած են արտաքին գործոց նախարար Մարքոս Քիփրիանու, Ներկայացուցիչներու պալատէն ներս հայկական կրօնական համայնքի ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանը, Հայաստանի մօտ Կիպրոսի դեսպան Փեթրոս Քասթորաս (նստավայրը՝ Մոսկուա) եւ Հայաստանի մօտ Կիպրոսի պատուոյ հիւպատոս Արմէն Խաչատրեանը։ Երկօրեայ պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս նախատեսուած են հանդիպումներ վարչապետ Տիրան Սարսեանի, ինչպէս նաեւ Երեւանի քաղաքապետ Գագիկ Բելարեանի հետ։ Երէկ կէսօրին Նախագահ Խրիսթոֆիաս գնաց Էջմիածին եւ ուր հանդիպում ունեցաւ Գարեգին Բ.Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին հետ։Կիպրոսի նախագահը եւ իր կողակիցը պիտի այցելեն Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու Ծիծեռնակաբերդի Յուշահամալիրը։

ՄԻՆՍՔԻ ԽՄԲԱԿԻ ՀԱՄԱՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐԸ ՎԱՂԸ ԵՐԵՒԱՆ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԵՆ։

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները շրջանային այցելութեան մը ծիրին մէջ վաղը Երեւան պիտի ժամանեն։ ՝՝Ազատութիւն՝՝ Ռատիոկայանը կը հաղորդէ, որ նախատեսուած են միջնորդներու հանդիպումները նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ։ Համանախագահները Երեւանէն Պաքու պիտի մեկնին։ Անոնք պիտի այցելեն նաեւ Ստեփանակերտ։ Այցելութեան ընթացքին պիտի քննարկուին Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն միջեւ 18 յուլիսին Մոսկուայի մէջ տեղի ունենալիք հանդիպման նախապատրաստութեան հետ կապուած հարցեր։

ԱԶՐՊԷՅՃԱՆՑԻՆԵՐԸ ՊԷՏՔ Է ԽՕՍԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂՑԻ ՀԱՅԵՐՈՒՆ ՀԵՏ (Կ'ԸՍԷ ԿԻՐՕ ՄԱՆՈՅԵԱՆ)։ Արցախեան տագնապին եւ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն շուրջ 10-11 յուլիս Ստեփանակերտի մէջ տեղի պիտի ունենայ համահայկական խորհրդաժողով մը՝ մասնակցութեամբ աշխարհի 20 երկիրներէ 120 հրաւիրեալներու։ Անոնց շարքին են՝ հասարակական-քաղաքական գործիչներ, մտաւորականներ, արուեստագէտներ, գործարարներ եւ ընդհանրապէս ղարաբաղեան խնդիրով մտահոգ գործիչներ։ Խորհրդաժողովին զեկուցումներով հանդէս պիտի գան Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարար Գէորգի Պետրոսեան, Հայաստանի նախկին արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեան, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Դաւիթ Լոքեան, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան եւ Սփիւռքէն հրաւիրեալներ։ Քննարկումներէն ետք խորհրդաժողովը եզրակացութեամբ մը հանդէս պիտի գայ։ ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան Երեւանի ՝՝Քրիստափոր Միքայէլեան՝՝ կեդրոնին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ըսած է որ ՝՝Ազրպէյճանցիները պէտք է հասկնան, որ խորհրդային իշխանութեան 70 տարիները վերջ գտած են։ Խորհրդային ժամանակաշրջանին Ղարաբաղը 70 տարի վայելեցին, այլեւս վերջ գտած է այդ ժամանակաշրջանը։ Ասիկա պէտք է հասկնան եւ փորձեն հայերուն, առաւել եւս ղարաբաղցի հայերուն հետ խօսիլ՝՝ (ընդգծած է Կիրօ Մանոյեան)։








All the contents on this site are copyrighted ©.