2009-07-06 14:09:42

Ծիսական ժամանակացոյց

(Կիրակի 5 Յուլիսէն մինչեւ Շաբաթ 11 Յուլիս)


Կիրակի 5 Յուլիս 2009 Ե. Կիրակի Պենտեկոստէի։

Երկուշաբթի 6 Յուլիս, տօն՝ Տրդատ թագաւորի, Աշխէն թագուհիի եւ Խոսրովադուխտի։

Տրդատ թագաւոր հայոց, Արշակունի ցեղէ, որդին էր Խոսրով Ա.ին։ Ան ամուսնացած էր Ալանաց թագաւորի դստեր Աշխէնին հետ։ Այդ միջոցին քրիստոնէութիւնը ծածուկ տարածուած էր Հայաստանի մէջ, Հռիփսիմեանց ու այլ կոյսերու քարոզութեամբ, որոնք արքունական տան մէջ հետեւողներ ունեցած էին։

Երբ Տրդատ թագաւոր Հռիփսիմեանց կոյսերը նահատակել տուաւ խղճատանջումէն մտաւոր խանգարումներու ենթարկուեցաւ սակայն Խոսրովադուխտի թելադրութեամբ Լուսաւորիչը Խոր Վիրապէն հանուելէն ետք, թագաւորը հրաման տուաւ ազատօրէն քրիստոնէական հաւատքը դաւանելու Հայոց աշխարհի մէջ. նաեւ՝ թագաւորը իր տիկնոջ եւ քրոջ հետ մասնակցեցաւ Հռիփսիմեանց կոյսերու վկայարանի պատրաստութեան գործին. իսկ ծերութեան օրերուն ան առանձնացաւ Սեպուհ լեռը մինչեւ իր նահատակութիւնը՝ 90 տարեկանին ան թաղուեցաւ 330-ին Թորդան՝ Լուսաւորչի հանգստարանին մէջ։ Իրմէ առաջ մեռած կը համարուի Աշխէն թագուհին որ շատոնց ճգնողական կեանք մը կ՝ապրէր Գառնի ամրոցին մէջ Խոսրովադուխտի հետ միասին որ նոյնպէս հոն կնքեց ՜՜բարեպաշտութեամբ զարդարուած իր կեանքը՝՝։

Երեքշաբթի 7 Յուլիսին տօնն է Ս Գր. Լուսաւորչի որդիներուն ու թոռներուն

Վրդանէսի, Գրիգորիսի, Յուսիկի, Դանիէլի եւ Արիստակէսի։

Արիստակէս կանուխէն ընդգրկած էր վանական կեանքը, ան ամուսնացած չէր։

318-ին եպիսկոպոս ձեռնադրուած էր իր հօրմէն եւ անոր գործակից դարձած։ 325 ին յանուն հայ եկեղեցւոյ մասնակցած էր Նիկիոյ ժողովին։ Ըստ Խորենացիի. Արիստակէս յանդիմանած էր Հայոց Արքեղայոս Դ.իշխանը իր աննուղայ վարուց համար եւ այս պատճառաւ սպաննուած արքայի կողմէ 333-ին։

Հինգշաբթի 9 Յուլիս 2009, տօն՝ Եղիսէ մարգարէին

Եղիսէ մարգարէ հին կտակարանի այն բացառիկ դէմքն է որուն ամէնէն շատ հրաշագործութիւն վերագրուած է Մովսէսէն ետք։ Ան եղած է աշակերտը ու յաջորդը Եղիայի։ Շարունակ ապրած է ընկերութեան մէջ եւ իր կեանքը եղաւ յաղթանակներու ու յաջողութեանց շարք մը։ Կը սիրէր երաժշտութիւնը եւ յաճախ մարգարէանալու համար պէտք կը զգար նուագի օժանդակութեան։

Ան իր կեանքը անցուց պայքարէ աւելի, բարեկարգութիւններով եւ կազմակերպչական գործերով։ Արտաքին թշնամիները կը շահէր բարիքով եւ բարեկամութեամբ։ Եղիսէի կեանքը եղած է հրաշքներու եւ յաջողութեանց շարք մը եւ նոյնքան ալ հրաշապատում եղաւ իր կեանքի վերջին օրերն ու մահը։ Մահուան անկողինին մէջ անգամ երբ այն ժամանակաշրջանի թագաւորը իրեն այսելութեան եկած էր, Եղիսէ զինք սրտապնդեց եւ իրեն տուաւ ցուցմունքներ յաղթելու թշնամիին։

Եղիսէ ապրեցաւ եւ գործեց Ն.Ք. իններորդ դարու վերջին կէսին։

Իսկ Շաբաթ 11 Յուլիսին հայ եկեղեցին կը յիշատակէ 12 առաքեալներու ու յատկապէս առաքելապետերու՝ Պետրոսի եւ Պօղոսի տօնը

Առաքեալները կը կազմեն կարեւորագոյն խումբը Նոր Կտակարանի Սուրբերուն մէջ։

Քրիստոնեայ Սուրբերու շարքը կը սկսի առաքեալներով։

Անոնք ընտրուեցան ուղղակի Քրիստոսի կողմէ։

Քրիստոսի անմիջական առաջնորդութեամբ անոնք պատրաստուեցան եւ դաստիարակուեցան իրենց ապագայ մեծ առաքելութեան համար։

Ականջալուր եղան Քրիստոսի քարուզութիւններուն, ու նաեւ ականատես՝ ԱՆՈՐ Հրաշքներուն եւ Հզօր գործերուն որոնց կարեւորագոյնն էր ՜՜Քրիստոսի Փառաւոր Յարութիւնը՝՝։

Գործնականապէս առաքեալները եղան ՜՜Եկեղեցւոյ հիմերն ու հիմնադիրները ՝՝. այսինքն անոր առաջին անդամները, առաջնորդները, վարիչները եւ կազմակերպիչները։ Անոնց առաջին գործունէութիւնը հաւաքաբար կը ներկայացուի մեզի ՜՜Գործք Առաքելոցի՝՝ մէջ ուր կը յիշուի իրենց դէմ գործադրուած հալածանքները եւ չարչարանքները։ Բացի Յովհաննէսէն ամէնքն ալ մի առ մի նահատակուած են իրենց առաքելական գործունէութեան ընթացքին։








All the contents on this site are copyrighted ©.