2009-07-05 14:02:10

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը



Կիրակի, յուլիս 5, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, կէսօրին` Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը արտասանեց իր գրասենեակի պատշգամէն, ս. Պետրոս հրապարակը համախմբուած տասնեակ հարիւրաւոր հաւատացեալներու ներկայութեամբ։

Մարեմեան աղօթքէն առաջ նորին սրբութիւնը հետեւեալ խորհրդածութիւնը կատարեց.

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր, ուրախութեմբ կ'ողջունեմ ձեզ, Ս. Կոյս Մարիամի օրինակով, կը քաջալերեմ ձեզ ըլլալու Աստուծոյ ճշմարտութեան վկաները, հետեւելով անոր օրինակին, որ կ'առաջնորդէ դէպի ճշմարիտ կեանքը։ Այդ պատճառաւ կը հրաւիրեմ ձեզ առաջնորդուելու Ս. Հոգիէն։ Հիմա որ կ'ապրիք ամառնային արձակուրդի շրջանը, գիտցէք ժամանակ տալ Աստուծոյ որպէսզի դառնաք ճշմարիտ վկաները Աւետարանին։ Թող Աստուած օրհնէ ձեզ, ինչպէս եւ ձեր ընտանիքը ու բարեկամները։

Հուսկ Նորին Սրբութիւնը իր խորհրդածութիւնը եզրափակեց բոլորին մաղթելով բարի կիրակի եւ ապա ներկաներուն շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.